ՏԻԿ ԵՒ ԳԻՆԻ

Երէկ, Սեպտեմբեր 21-ին, լրացաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին 34-րդ տարեդարձը։ 

Երեսունչորս տարի է անկախութիւն կը տօնենք այս օրերուն։

Պիտի խոստովանիմ. նախորդ տօները այս տարուանին չեն նմանիր. պատերազմ, բանակ, հող, զինուոր, կամաւոր, զոհ, ինքնապաշտպանութիւն, ջոկատ, հերոս, հերոսներ եւ աս ծիրէն ներս գտնուող բառեր եղած են, կ՚ըլլային անկախութեան մեր տօներուն մէջ, եւ պատմութենէն տեղեակները գիտեն, որ ա՛ս էր բնականը Ղարաբաղի շարժումէն, Հայաստանի անկախացումէն, Արցախի առաջին պատերազմէն մինչե՜ւ վերջինը… հապա ինչպիսի՞ բառեր պէտք է ըլլային։ 

Տարբեր է մեր անկախութիւնը այսօր։ 

Չհամեմատենք։ 

Անկախութեան 34-րդ տարեդարձին ընդառաջ տեղի ունեցաւ մեր երկիրը ղեկավարող՝ «Քաղաքացիական պայմագիր» կուսակցութեան 7-րդ համաժողովը, որուն ընթացքին մեր վարչապետը Հայաստանի ժողովուրդին ու առանձնապէս սնուցող մայրերուն համար յուզուեցաւ, ծունկի եկաւ, ծափահարուեցաւ ու իր հռչակաւոր մուրճը բռնած շատ յստակ խօսեցաւ։

«Նոր գինին նոր տիկերու մէջ», վկայեց ան։ 

Ճի՛շդ է։ Նոր է այս գինին։ 

Երրորդը լուծարելու եւ չորրորդ հանրապետութեան մը շեմին ենք, բարեկամներ, ո՛ր հանրապետութիւն ըլլալէն առաջ՝ Պետութիւն է, Իրական պետութիւն. նախորդ սուտական երեք հանրապետութիւններուն չի նմանիր ասիկա։ Բազմիցս անդրադարձանք այս արտայայտութեան՝ կրկնելու միտում չունիմ, բայց անանցելի իրողութիւններ կան. 

Յարաբերական է հայրենասիրութիւնը. ինչպէ՞ս։ Եթէ քանի մը տարի առաջ՝ «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ» կարգախօսն էր հայրենասիրութիւնը, ապա այսօր՝ Ալմա Աթայի հռչակագիրով սահմանուած ու միջազգայնօրէն ընդունուած Հայաստանի անկախ ու ինքնիշխան Հանրապետութեան պահպանումն է անիկա։ Նոր զոհեր, նոր անյայտ կորածներ ու լացող նոր մայրեր չունենա՛լն է հայրենասիրութիւնը։ 

Այս նպատակին ծառայող, անոր սիրոյն կեանքի կոչուած որեւէ ռազմավարութիւն, քաղաքականութիւն, նախագիծ, ծրագիր, որոշում, հրաժարական, հեռացում, նշանակում, շինութիւն, վերանորոգութիւն, բացում, փակում, առնուած որեւէ քայլ արտօնելի եւ նոյնիսկ՝ օրհնեալ է, քանի որ ա՛ս է հայրենասիրութիւնը։ 

Մենք մեզ հայրենասէր համարողներս, կարծես անակնկալ էր՝ կնիքէն ջնջուելիք Արարատով ու խաղաղութիւնը հաստատող միջանցքով մեր զբաղած պահուն, շա՜տ աւելի կարեւոր բաներու մասին յայտարարեց մեր իշխանութիւնը.

Գիտէ՞ք, օրինակ, երեսուներեք մանկապարտէզի մէջ տեսախցիկներ տեղադրուած են։ 

Անձրեւէն վերջ միշտ հեղեղուող Երեւանի փողոցներուն՝ փոշիներու մէջ թաղուած ջրահեռացման փոսիկներուն համար (երեւի) տասներկո՜ւ փոշեկուլ մեքենաներ եւ տասնհինգ նոր աղբատարներ գնուած են։

Յունուարէն մինչեւ սեպտեմբեր 9-ը միջազգային մրցաշար կազմակերպուած է։

Շատ, շա՜տ ճանապարհներ կառուցուած են։ 

Այբբենարաններուն մէջ Մաշտոցին «բացակայ» նկարը փակցնելու կարիք չկայ. բոլորին, առաւելաբար մանուկներուն, դիւրահաս «սմարթ ֆոն»մը ամբողջովին բաւարար է. տուեալ էջին վրայ կը բռնէք եւ Մաշտոցը, Կորիւնը, երգեր ու ամէն ինչ կը տեսնէք։ 

Ինչո՞ւ է աս իրարացումը։

Քանի՞ անգամ կարելի է կրկնել. 

Նորաձեւ է մեր կրթութիւնը։

Նորաձեւ է երազային մեր պետութիւնը, որուն մէջ այսքա՜ն շինութիւն ու վերանորոգում ըլլալով հանդերձ, զրպարտաբար «քանդող» կ՚որակաւորուի անոր իշխանութիւնը։

Այսօր դաւաճանութիւն համարուող գործողութիւններուն արդիւնքը՝ 50, 100, 150 տարի վերջ պետութիւն ըլլալիք Հայաստանի Հանրապետութիւնն է, ըսաւ մեր վարչապետը։ 

Նշուած թիւերուն համաձայն, տեսնելը՝ պիտի չտեսնենք, բայց ըսուածը հասկնալու համար ալ ժամանակի, շա՜տ ժամանակի պէտք ունինք կարծես։

Ատենին, թաքուն պահուածներէն, մեր չգիտցածներէն կը սարսափէինք. այսօր յստակ է ամէն ինչ։ Դարերէ ի վեր մեր միտքին ու հոգիին մէջ փայփայած ազատ, անկախ պետութեան անվտանգութիւնն ու անոր երաշխիքը խաղաղութեա՛ն մէջ է միայն եւ ոչ՝ բանակին, թէեւ «լուռ ու հետեւողականօրէն կը զարգանայ» ան…

«Հայրենիքը եախթ ու սամալեօթ համարող միլիառատէր սփիւռքահայեր»էն չեմ, բայց այս արտայայտութիւնն ու զայն շարունակող յայտարարութիւնը լսելէս ետք, կը հարցնեմ. 

44-օրեայ պատերազմի օրերուն սփիւռքի միլիառատէրներուն հաւաքած միլիոնները ո՞ւր գացին։ 

Այսօրուան բառամթերքին, այսօրուան հայրենասիրութեան, Իրական պետութեան ու անկախութեան, այսօրուան քօղարկուող, արդարացուող ու գնահատուող ապազգայնութեան, ջնջուող մեր ինքնութեան հետ ի՛մ եւ կը հաւատամ՝ ինծի պէս շատերո՜ւ անծանօթութիւնը բնորոշող ճեղքը հետզհետէ կը մեծնայ. անսահմա՜ն անջրպետի մը ուրուագիծէն կը սարսափիմ… 

Սիրտերը, միտքերը, եղածներն ու ըլլալիքները դատողը Աստուած է, գիտե՛մ, ու միա՛յն այս գիտակցութեանս ապաւինելով, երեւի, կ՚երազեմ. 

Նոր գինին՝ մեզի ծանօթ տիկերու մէջ, կա՛մ, նոր տիկերուն մէջ մեր գիտցած գինին կարելի չէ՞ դնել… 

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2025