«ՍՐԲԱԶԱՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԻՒՆ»
Գեղարուեստական եւ մշակութային աշխարհի ուշադրութիւնը այս օրերուն կեդրոնացած է Երեւանի վրայ։ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տարեդարձի տօնակատարութիւններու շրջանակներէն ներս բացուած «Սրբազան երկխօսութիւն. Լուվրէն Հայաստանի Պատմութեան թանգարան» խորագրեալ միջազգային ցուցադրութիւնը առաջին իսկ քայլափոխին արձանագրած է մեծ յաջողութիւն։ Վեց ամիս բաց պիտի մնայ այս ցուցադրութիւնը, որ իսկապէս եզակի է։ Հայաստանի մէջ վերջին շրջանին կը ներկայացուին միջազգային յառաջատար թանգարաններէ յատկանշական նմոյշներ։ Մօտաւոր անցեալին Բրիտանական թանգարանէն Անահիտ չաստուածուհիի կիսանդրին ներկայացուած էր Հայաստանի մէջ, իսկ ներկայիս կը յաջորդէ «Սրբազան երկխօսութիւն»ը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Լուվրի թանգարանի հետ համագործակցութեամբ Հայաստանի Պատմութեան թանգարանին մէջ առաջին անգամ վեց ամիս շարունակ պիտի ցուցադրուին Փարիզի այդ հսկայական կառոյցի ցուցանմոյշներէն ընտրուած 16 գլուխ գործոցներ։ Այս միջազգային ցուցադրութեան նմոյշները ընտրուած են երկու թանգարաններու կողմէ՝ հաշուի առնելով անոնց գեղարուեստական, հոգեւոր, մշակութային կամ պատմական կապը Հայաստանի Պատմութեան թանգարանի հարուստ հաւաքածոներուն հետ։
Երկու թանգարաններու հաւաքածոներու համատեղ ցուցադրութիւնը նպատակ ունի ընդգծելու Հայաստանի եւ քրիստոնեայ արեւելքի բազմադարեան գեղարուեստական ժառանգութեան ամբողջ հարստութիւնն ու բազմազանութիւնը։ Ցուցադրուած նշոյշները ունին լայն աշխարհագրական ընդգրկում՝ Պուլկարիայէն մինչեւ Եգիպտոս, Կրետէէն մինչեւ Սուրիա։
Միւս կողմէ, հարկ է նշել, որ Երեւանի մէջ կազմակերպուած ցուցադրութեան առաջին օրը այցելուներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որու ընկերացան կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեան եւ կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար Արայիկ Յարութիւնեան։