ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՄԱԿ-Ի ԱՄՊԻՈՆԷՆ ԸՍԱՒ. «ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ»

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կ՚ընթանայ իր ընթացիկ հունին մէջ։

ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ, 80-րդ նստաշրջանի բացման փուլին ունեցած ելոյթին ժամանակ Էրտողան ըսաւ. «Թուրքիա ի սկզբանէ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը կը խրախուսէ խաղաղութեան հաստատման համար։ Մենք ուրախ ենք օգոստոսի 8-ին երկու երկիրներու միջեւ մշտական խաղաղութեան հաստատման ուղղեալ առնուած քայլերուն համար»։ Ի շարունակութիւն, նախագահը շնորհակալութիւն յայտնեց, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին, որ իր նպաստը բերած է այս գործընթացին։

Բաց աստի, նախագահ Էրտողան ելոյթի ժամանակ ընդգծեց, որ Թուրքիա կը նպաստէ համաշխարհային առեւտուրի զարգացման։ Այս ամբողջին մէջ ան դիտել տուաւ, որ Չինաստանէն մինչեւ Եւրոպա, ռազմավարական կարեւորութեամբ, Կասպից աւազանէն անցնելիք Արեւելք-արեւմուտք միջին միջանցքի ծրագիրը յառաջ կը տարուի Թուրքիոյ կողմէ։ «Մեր արդի հաղորդակցութեան ենթակառուցուածքներով եւ Պաքու-Թիֆլիզ-Կարս երկաթուղիով կը նպաստենք համաշխարհային առեւտուրի զարգացման», ըսաւ նախագահ Էրտողան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24, 2025