ՍՈՒՐԻԱՀԱՅՈՑ Ի ՆՊԱՍՏ ՀԱՄԵՐԳ

Աւստ­րիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թիւ­նը եւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) Աւստ­րիոյ գրա­սե­նեա­կը հա­մա­տեղ կազ­մա­կեր­պած են բա­րե­գոր­ծա­կան հա­մերգ մը՝ ի ա­ջակ­ցու­թիւն Սու­րիոյ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մէն տու­ժած հայ հա­մայն­քին: Ինչ­պէս կը տե­ղե­կաց­նէ Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան մա­մու­լի, տե­ղե­կա­տուու­թեան եւ հա­սա­րա­կու­թեան հետ կա­պի վար­չու­թիւ­նը, հա­մեր­գի ամ­բողջ հա­սոյ­թը փո­խան­ցուած է Սու­րիոյ ՀԲԸՄ-ին:

Հա­մեր­գին հնչած են Ա­րամ Խա­չատը­ր-եա­նի լա­ւա­գոյն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը՝ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն ժա­մա­նած ա­նուա­նի հայ դաշ­նա­կա­հա­րու­հի Կա­րի­նէ Պօ­ղո­սեա­նի կա­տար­մամբ:

Ձեռ­նար­կը տե­ղի ու­նե­ցած է Վիեն­նա­յի Հա­յաս­տա­նի ա­ռա­քե­լու­թեան «Հա­յաս­տան» կեդ­րո­նին մէջ: Բա­ցի աւստը-րիա­հայ հա­մայն­քի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն, հա­մեր­գին ներ­կայ ե­ղած են Վիեն­նա­յի մօտ հա­ւա­տար­մագ­րուած դի­ւա­նա­գի­տա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, օ­տա­րերկ­րա­ցի հան­դի­սա­տես­ներ: Ող­ջոյ­նի խօս­քով հան­դէս ե­կած է Աւստ­րիոյ մօտ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­ման Կի­րա­կո­սեան, որ ընդգ­ծած է աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան կող­մէ սու­րիա­հա­յե­րուն օգ­նու­թեան ձեռք մեկ­նե­լու պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւ­նը։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 15, 2015