ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Երէկ, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն հիւրեր։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետը մէկտեղուեցաւ Այխշթեթ-Ինկոլշթատի կաթոլիկ համալսարանի քրիստոնեայ արեւելքի աստուածաբանութեան ամպիոնի դասախօսական կազմին, Աստուածաբանութեան ֆաքիւլթէի ուսանողներուն հետ։ Խումբը գլխաւորեցին ամպիոնի վարիչ փրոֆ. Թոմաս Վրդ. Կրեմեր եւ արեւելագիտութեան «Քոլեկիում»ի վերատեսուչ Օլեքսանտր Աւագ Քահանայ Փեթրինքօ։
Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ անդրադարձաւ, որ քոյր եկեղեցիներու եւ միջեկեղեցական կառոյցներու հետ Հայոց Եկեղեցւոյ միջեւ մշակուած են սերտ կապեր եւ ձեւաւորուած է համագործակցութիւն, որոնց շնորհիւ այսօր կ՚իրականացուին զանազան կրթական, ընկերային ու մշակութային ծրագրեր։
Ան պատասխանեց նաեւ հիւրերու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններուն։