ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՀԻՄՆԷ
Ռուսահայ յայտնի գործարար եւ ազգային գործիչ Արա Աբրահամեան պիտի հիմնէ կուսակցութիւն մը եւ պիտի մասնակցի Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն։ Հայկական քաղաքական շրջանակներէն ներս Արա Աբրահամեանի այս մտադրութեան կամ ծրագրին մասին երկար ժամանակէ ի վեր շրջանառութեան մէջ կը գտնուէին լսումներ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան այս առաւօտ վերջնականօրէն հաստատեց իր այդ մտադրութիւնը։ Աբրահամեան, որ նախագահն է Ռուսաստանի Հայոց միութեան, ըսաւ՝ թէ ներկայ դրութեամբ իր նպատակը չէ դառնալ նախագահ կամ վարչապետ, այլ ան կը ձգտի երկրի վիճակը լաւացնել։
Արա Աբրահամեանի կողմէ հիմնուելիք կուսակցութեան գաղափարներու եւ ծրագրի մշակման ուղղութեամբ աշխատանքի ձեռնարկած է հսկայ խումբ մը՝ ոչ միայն Ռուսաստանէն, այլ նաեւ զանազան երկիրներէն։ «Դուք ինձմէ լաւ գիտէք, թէ ի՛նչ պէտք է Հայաստանին համար։ Ես չեմ ուզեր ոեւէ մէկը քննադատել, բայց ես չեմ կրնար հանգիստ ապրիլ, եթէ իմ հայրենիքին մէջ վատ կ՚ապրին։ Ամէն ինչ պիտի ըլլայ օրինականութեան սահմաններու մէջ», յայտարարեց Արա Աբրահամեան, որ չբացառեց համագործակցութիւնը այլ կուսակցութիւններու հետ։ Այս պահու դրութեամբ յայտնի չէ, թէ որու հետ պիտի ըլլայ համագործակցութիւնը եւ ինք երկրորդական կը համարէ այդ հանգամանքը։ Արդարեւ, կարեւորը ծրագիրն է, նախագիծը։ Արա Աբրահամեան աւելցուց նաեւ, թէ վերջին երեսուն տարիներուն ընթացքին լուրջ կապեր հաստատած է աշխարհի բազմաթիւ երկիրներուն հետ։