ՌՈՒՊԻՕ-ԼԱՒՐՈՎ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ հանդիպում մը ունեցան Նիւ Եորքի մէջ։ Դռնփակ հանդիպում մըն էր այս մէկը, որու սկիզբին ալ որեւէ յայտարարութիւն չկատարուեցաւ զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն համար։ Ռուպիօ եւ Լաւրով վերջին անգամ տեսակցած էին անցեալ յուլիսի 10-ին, Մալեզիայի մէջ, ուր զրուցած էին շուրջ երկու ժամ։ Իսկ այս անգամ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 80-րդ նստաշրջանի բացման փուլը առիթ դարձաւ անոնց մէկտեղման։

Ներկայիս Ուաշինկթըն-Մոսկուա առանցքին վրայ առաջնահերթ է Ռուսաստան-Ուքրայնա հակամարտութեան կարգաւորումը։ Սպիտակ տունէն եւ Քրեմլինէն իրերայաջորդ յայտարարութիւններ կը հնչեն՝ շատ յաճախ յուսախաբութիւններու մասին, միշտ երկխօսութեան դուռը բաց թողելու ուշադրութեամբ։

Պաշտօնական աղբիւրները աւելի ուշ տեղեկացուցին, որ Ռուպիօ Լաւրովի նկատառման յանձնած է, թէ անհրաժեշտ է Ռուսաստանի կողմէ բովանադակալից քայլերու ձեռնարկումը՝ Ուքրայնայի պատերազմի տեւական լուծման համար։ Կողմերը համաձայնած են, որպէսզի շարունակուի իրենց միջեւ շինիչ երկխօսութիւնը։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2025