ԻՆՉՈ՛Ւ ՉԵՆ ԽՆԴԱՐ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐԸ

Կենդանիները կը խնդա՞ն․ յաճախ պզտիկներ կը հարցնեն մեծերուն եւ կ՚ուզեն դիտել, թէ ինչպէ՛ս կը խնդան շունը, կատուն, ձին, կապիկը կամ իրենց սիրած մէկ այլ կենդանին։ Մեծահասակները կը պատասխանեն, թէ կենդանիները, անշուշտ, կ՚արտայայտեն իրենց զգացումները՝ լուռ կամ մարմնական միջոցներով՝ աչքերով, մարմնի դիրքով, ձայներով, հպումով։ Շունը, կատուն, փիղը կամ ձին կարող են իրենց խոր հոգեկան տառապանքը կամ ուրախութիւնը փոխանցել՝ առանց «խնդալ» բառի իմաստով։

Հայ գրող, երգիծաբան Նշան Պէշիկթաշլեանի մէկ պատմուածքը՝ «Ինչո՛ւ չեն խնդար կենդանիները» խորագրով, զուգահեռներ կը գծէ մարդու եւ կենդանիի հոգեկան, զգայական աշխարհներուն միջեւ։ Անոր հիմքին մէջ թաքնուած է դիտարկումը՝ կենդանիները չեն խնդար ո՛չ թէ այն պատճառով, որովհետեւ անզգայ են, այլ որովհետեւ իրենց զգացական ճնշումները, առօրեայ իրականութիւնը եւ հոգեկան ընկալումները կը զսպեն խնդալու ունակութիւնը։

Պատմուածքի մեծ մասը կը նկարագրէ կենդանիներու կեանքի դժուարութիւնները՝ յստակ օրինակներ բերելով կենդանիներու հետ երեւակայական զրոյցներէն։ 

Զրոյցները պարզօրէն կը ցուցադրեն, որ կենդանիները լուռ, սակայն, անմիջական կերպով կ՚ընդունին մարդու տառապանքը եւ կը ցուցաբերեն աջակցութիւն, մինչդեռ մարդը յաճախ կը դնէ ընկերային դիմակներ՝ իրական ու կեղծ ուրախութիւններու մէջ։ Այս պատմուածքէն կ՚առնենք այն գաղափարը, որ կենդանիները խորազգած դիտորդներ են մարդկային տառապանքի, մինչդեռ մարդիկ կը խուսափին իրական, անկեղծ զգացումներէ․ պատմութեան մէջ հակադրութիւն կը ստեղծուի կենդանիներու անկեղծ չխնդալու եւ մարդու սովորական կամ կեղծ խնդալու միջեւ։

Կենդանիներէն ոմանք երեւակայական զրոյցներու ընթացքին կ՚ըսեն, թէ մարդու աշխարհը դարձուցած է իրենց գոյութիւնը տաժանքի առարկայ եւ սպանդանոցի ապրանք։ 

Իմաստը այն է, որ կենդանիները՝ լուռ եւ սթափ, ունին դիտելու ունակութիւն, հասկնալու մարդու ներսի ճշմարտութիւնը՝ ցաւի ու տառապանքի առընչութեամբ։

Հեղինակը կենդանիներուն չխնդալը դարձուցած է գիտակցական, բարոյական եւ զգացական փոխակերպման, ինչ որ կ՚արտացոլացնէ մարդկային ճնշումները, տառապանքները եւ ներաշխարհի կորուստները։ 

Անոնք լուռ ուղեկցողներ են մարդու ներսի վիշտին՝ առանց պարտադրելու կամ ցուցադրելու իրենց սեփական զգացումները։

Ստորեւ կը ներկայացնենք Նշան Պէշիկթաշեանի «Ինչո՛ւ չեն խնդար կենդանիները» պատմուածքը։

*

Ընտանեկան հաւաքոյթի մը մէջ էի. բոլոր ներկաները մարելու աստիճան կը խնդային՝ ունկնդրած ըլլալով պատմութիւն մը։ Սենեակին մէջ կային նաեւ շուն մը եւ կատու մը։ Կամաց մը ծռեցայ ու ըսի անոնց.

-Դուք ինչո՞ւ չէք խնդար։

Կատուն ըսաւ.

-Խնդալու սիրտ չունիմ։

Շունը, աւելի դասական, պատասխանեց.

-Երիկամունք ո՛չ ունիմ խնդալու համար։

Աջ կողմս գտնուող բարեկամի մը ըսի.

-Բոլորը կը խնդան՝ բացի կատուէն ու շունէն։

Եւ բարեկամս ինծի ըսաւ.

-Օր մը հաւաքուած էինք Կոստանեաններուն տունը բազմաթիւ բարեկամներ։ Բոլորս ալ խմած էինք եւ շատ ուրախ տրամադրութեան մէջ։ Սենեակը լեցուն էր ծիծաղներով։ Մեր մէջ միայն մէկը կար, որ խորապէս տխուր էր։ Քանի մը անգամ մշտած էինք զինքը, որ մասնակցի մեր զուարթութեան՝ թօթափելով իր տրտմութիւնը։ Անիկա կարծես քարացած էր իր թախիծին մէջ։ Յանկարծ տան շունը մտաւ սենեակէն ու գնաց կեցաւ տխուր մարդուն առջեւ։ Քիչ վերջը իր երկու թաթերը դրաւ անոր ծունկերուն վրայ ու սկսաւ խորունկ, խորունկ նայիլ մելամաղձոտին աչքերուն։ Երկար տեւեց շան այդ քննական եւ հաղորդական դիրքը։ Կէս գիշերին մեր տխուր բարեկամը բաժանման ժամանակ յայտարարեց. «Բարեկամներ, ձենէ մէկը թող այս գիշեր մինակ չթողու զիս։ Ընկերակցութեան մը պէտք ունիմ»։ Ամէնքը միաբերան անոր պատասխանեցին. «Յիմար-յիմար դուրս մի՛ տար։ Տունդ գնայ ու պառկէ»։ Մարդը ուղղուեցաւ դէպի դուռ։ Շունը ընկերացաւ իրեն մինչեւ տանը սեմը՝ խուլ հեծկլտուքներ արձակելով։ Մեր տրտում բարեկամը մեկուսի մեկնեցաւ տուն։ Հետեւեալ օրը լսեցինք, որ նոյն գիշերը անձնասպանութիւն է գործեր։ Չե՞ս խորհիր, որ կենդանիները մենէ շատ աւելի խորապէս կը տեսնեն ցաւերն ու տրտմութիւնները եւ սիրտ չունին խնդալու։

Ձախ կողմս գտնուող բարեկամիս ըսի.

-Քիչ առաջ բոլորը կը խնդային՝ բացի կատուէն ու շունէն։

Ու ձախակողմեան բարեկամս պատմեց.

-Ընկերներէս Արսէնը երբ մեռաւ, աղուոր յուղարկաւորութիւն մը կատարեցինք։ Երբ դագաղը փոսը կ՚իջեցնէին, սրտակեղեք էր տեսարանը։ Բոլորը անխտիր կու լային։ Կիները, անշուշտ, դիւրաւ կու լան։ Բայց եղերական ու յուզիչ էր տեսնել այրերուն արտասուելը։ Արցունքներով թրջած էին Արսէնին հողակոյտը։ Հինգ տասը վայրկեան վերջը յուղարկաւորները դուրս կ՚ելլէին գերեզմանատան դռնէն։ Ու տեսնելիք բան էր այլափոխութիւնը։ Ո՞ւր էին լացողները…։ Ամէն ոք ուրախ էր, շէն ու կատակող։ Բազմութիւնը կարծես խնջոյքէ մը կը դառնար կամ ցայգատօնի մը կ՚երթար։ Ես մէկը միայն տեսայ, որ կը պահէր իր վիշտը ու սուգը։ Աշոտին կատուն։ Յուղարկաւորներուն ընկերացած էր մինչեւ գերեզման ու կը վերադառնար լալագին հեծկլտուքներուն մէջ։

Դիմացս նստող բարեկամս մտիկ ըրած էր աջէս ու ձախէս պատմուածները։ Անոր ըսի.

-Կրնա՞ս ըսել, թէ կենդանիները ինչո՞ւ չեն խնդար ուրախութեան պահերու մէջ։

Անիկա ինծի ըսաւ.

-Ես կենդանի չեմ։ Կենդանիներուն հարցուր։

Վերարկուս հագայ, դուրս ելայ եւ ուղղուեցայ կենդանաբանական պարտէզ։

Առիւծի մը հարցուցի.

-Թագաւո՛ր, ինչո՞ւ չես խնդար դուն։

-Ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած մը տխմար պէտք է ըլլայ խնդալու համար։

-Եւ սակայն դուն քու ազատութեանդ օրերուն ալ չէիր խնդար, արքայից արքայ։

-Որքան ատեն որ մարդ արարածը երկրի վրայ երեւցած է, ազատութեան օ՞ր մնացած է։

Ուղտի մը մօտեցայ եւ ըսի.

-Անապատի նա՛ւ, ինչո՞ւ չես խնդար բնաւ։

-Անապատի մէջ մարդ ինչի՞ վրայ կրնայ խնդալ։

-Եւ սակայն հիմա անապատի մէջ չես, այլ ապատի, ահա մարդիկ կան շուրջդ…

-Մարդոց հոգին անապատ չէ՞ միթէ։ Առանց ովասիսի։

Փիղի մը առջեւ էի.

-Հին դարերու զրահակի՛ր, ինչո՞ւ չես խնդացած ամբողջ կեանքիդ մէջ։

-Խնդալու համար պէտք է դէմքին դնդերները եւ հոգիին թեւերը կակուղ ու առաձգական ըլլան։ «Մարդ» կոչուած հրէշը կարծրացուցած է իմ մէջս ու իմ վրաս ամէն բան։

Կենդանաբանական պարտէզէն դուրս ելայ եւ ուղղուեցայ դէպի դաշտ մը։ Այնտեղ կային կովեր, եզեր ու ոչխարներ։ Աղաղակեցի.

-Ընտանի կենդանինե՛ր, ըսէք ինծի, ինչո՞ւ խնդալու սովորութիւնը չունիք։

Անոնք պատասխանեցին.

-Մեր այսօրը տխուր է, մեր վաղը մռայլ է։ Ինչպէ՞ս կրնանք խնդալ։ Տաժանքը եւ սպանդանոցն է մեր բաժինը։ Ինչպէ՞ս կրնանք խնդալ։

-Մարդուն պէս հերոսական եղէք։ Ժպտեցէք տառապանքին մէջ անգամ։ Տուայտեցէք՝ ժպտելով ու մեռէք՝ ծիծաղը ձեր շրթունքին վրայ։

-Մենք աճպարարներ չենք։

Մօտեցայ ձիու մը եւ ըսի.

-Գեղեցիկ ձի՛, ինչո՞ւ չես խնդացած, չես խնդար ու պիտի չխնդաս։ Ժպիտ մը գոնէ։

-Վրաս՝ մարդ, ետիս՝ մարդ, առջիս՝ մարդ։ Ինչպէ՞ս խնդամ։ Դուն ճիւաղներով պաշարուած եթէ ըլլաս, կրնա՞ս խնդալ։

-Մարդիկ, սակայն, քեզ շատ կը սիրեն։

-Աստուած ազատէ մեզ մարդէն ու անոր սէրէն։

Էշու մը մօտեցայ.

-Հապա դո՞ւն ինչու չես խնդար, Արկադեան սոխա՛կ։ Երեսդ միշտ կախ է։

-Ժամանակ մը կը խնդայինք, երբ դեռ երկրի վրայ մարդը ստեղծուած չէր։

-Մարդուն՝ երկրի վրայէն հեռանալուն կը սպասե՞ս՝ վերստին խնդալու համար։

Էշը զռաց ու ըսաւ.

-Վերջին խնդացողը լաւ պիտի խնդայ։

Գնչու մը կ՚անցնէր՝ մէկ կողմէն քաշելով կապիկ մը ու միւս կողմէն քշելով խոզ մը։

Կանգնեցուցի գնչուն, դրամ դրի ափին մէջ, որ թոյլ տայ հարցափորձել իր կենդանիները։

Կապիկին ըսի.

-Ինչո՞ւ չես խնդար…

-Կը հեգնեմ, սակայն, չեմ խնդար։

-Տե՛ս, մարդը կը խնդայ, մինչդեռ դուն, որ մարդուն նախահայրն ես, զրկուած ես այս սիրուն սովորութենէն։

-Այնուամենայնիւ, մարդուն ամբողջ ըրածը կապկութիւն է։

-Ըսէ, սակայն, թէ ինչո՞ւ չես խնդար։

-Գիտես, որ մարդը սերած է մենէ՝ կապիկներէս։ Արդ, երբ հայր մը կամ մայր մը կը տեսնէ, որ հրէշային զաւկի մը ծնունդ տուած է, ալ ինչպէս խնդալու տրամադրութիւն կը մնայ մէջը…

Ծռեցայ խոզին ու ըսի.

-Պարոն խո՛զ, հապա դուն ինչո՞ւ չես խնդար։

-Իմ պարագաս կապիկին պարագայէն ծանր է։

-Ըսէ, խնդրեմ, քու պարագադ։

-Երբ կապիկը չի խնդար «մարդ» կոչուած ճանավարին ծնունդ տուած ըլլալուն համար, ես ինչպէս կրնամ խնդալ՝ տեսնելով, որ մարդը, կապիկութենէ հեռացած, կը մօտենայ խոզութեանս։ Վտանգը կապիկէն հեռացած է ու մօտեցած ինծի։

-Ուրեմն դուք մարդկութեան ոչնչացումի՞ն կը սպասէք՝ խնդալու համար։

-Մարդկութեան ոչնչացումէն դեռ դարեր վերջ պիտի չկրնանք խնդալ, քանի որ անոր խայտառակ գործերը ատեն մը տակաւին պիտի մնան երկրի վրայ։

Ու կապիկը աւելցուց.

-Եւ մինչեւ այդ՝ մենք կը խնդանք ձեր վրայ, մեր ներսէն։

Մժեղ մը խայթեց զիս, ու ես արթնցայ քունէս։ Հետեւեցայ մժեղին շարժումներուն եւ թռիչքներուն։ Կ՚երդնում, որ տեսայ անոր ներքին խնդուքը։

Պարզապէս քթիս կը խնդար՝ խայթելով ու հեռանալով եւ տզերգելով։

ԱՌԱԿ՝ ՄԱՐԴՈՒ ԵՒ ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍԻՆ

Առիւծը, արջը եւ գայլը օր մը ըսին․

-Ինչո՞ւ մենք հում կ՚ուտենք մեր որսը: Եկէք մարդ մը բռնենք, որ իր օրէնքով մեր որսէն կերակուր պատրաստէ մեզ համար:

Եւ բռնեցին մէկը ու կարգեցին խոհարար:

Մարդը, նեղութիւն զգալով անոնց ձեռքի տակ մնալէն, հնար մտածեց անոնցմէ ազատուելու համար:

Ճեղքեց մեծ գերան մը եւ անոր ամէն կողմը սեպեր դրաւ եւ ըսաւ առիւծին ու միւս կենդանիներուն.

-Օգնեցէ՛ք ինծի ճեղքել այս փայտը: Դրէք ձեր ձեռքերը ճեղքուածքին մէջ եւ քաշեցէք:

Երբ անոնք դրին թաթերը, մարդը դուրս հանեց սեպերը:

Գազանները մնացին կաշկանդուած: Այդ ժամանակ մարդը կացինը առաւ եւ ըսաւ.

-Նախ առիւծէն սկսինք:

Այդ ըսելով ջարդեց բոլորը:

ՄԽԻԹԱՐ ԳՕՇ

ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՎԷՃԸ

Եզը, կովը եւ շունը կը վիճէին իրարու հետ եւ կը հարցնէին, թէ որո՞ւ ամենաշատը կը սիրէ իրենց տէրը:

-Անշուշտ, ինծի կը սիրէ տէրը,- կ՚ըսէ եզը- ի՞նչ կը կարծէք, ո՞վ անտառէն փայտ կը բերէ, արտէն ցորեն կը տանի ջաղաց, ջաղացէն ալիւր կը տանի շուկայ, այնտեղէն ալ առեւտուրը կը բերէ։ 

-Շատ ճիշդ կ՚ըսես,- կը պատասխանէ կովը- բայց ինք պիտի գիտնայ, որ այդ աշխատասէր եւ ժրաջան եզուկը ես մեծցուած եմ ու ինձ ամենէն շատ պիտի սիրէ: Եւ նաեւ իմ կաթէն սարքուած է կարագն ու թանը, որ ուտեն, անօթի չմնան։

-Շատ ճիշդ կ՚ըսես,- հաջեց շունը,- ես, որ օգտակար չըլլայի, այստեղ չէի գտնուէր:

Տէրը, լսելով շան հաջոցը, հասկցաւ, թէ ինչո՛ւ կը կռուին, մօտեցաւ եւ ըսաւ, որ մէկը միւսը չի կրնար փոխարինել, ու ինք բոլորին հաւասարապէս կը սիրէ, ու թող իրենք ալ զիրար սիրեն։

ՂԱԶԱՐՈՍ ԱՂԱՅԵԱՆ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 25, 2025