ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԳԵՐԱՍՏԻՃԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Սպիտակ տան մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Էրտողան ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելէ վերջ անցաւ Ուաշինկթըն, ուր իջեւանեցաւ «Պլեր հաուզ»ի մէջ, որ Սպիտակ տան հիւրերուն կը յատկացուի։ Էրտողանի եւ Թրամփի հանդիպումը տեղի ունեցաւ Օվալաձեւ գրասենեակին մէջ։ Այսպէսով, Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի ղեկավարները վեց տարուան ընդհատումէ մը վերջ առաջին անգամ զրուցած եղան Սպիտակ տան մէջ։ Այս պատմական գերաստիճանի լոյսին տակ պաշտօնական աղբիւրները կը հաղորդեն, որ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ փոխանակուած են ջերմ պատգամներ ու ծաւալուած բարդ բանակցութիւններ։

Նախագահ Էրտողան Թրամփի հետ զրուցեց՝ իր կողքին ունենալով արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէրը, ուժանիւթի նախարար Ալփարսլան Պայրաքթարը, ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալընը, հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Պուրհանետտին Տուրանը, պաշտպանական արդիւնաբերութեան ղեկավար Հալուք Կէօրկիւնը, նախագահական աշխատակազմի ընդհանուր քարտուղար դեսպան Հասան Տողանը, արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչը, որոնց միացած էր նաեւ Ուաշինկթընի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Սետաթ Էօնալ։

Շուրջ երկուքուկէս ժամ տեւեց ամենաբարձր մակարդակի այս շփումը, որու ընթացքին Թրամփի կողքին էին ԱՄՆ-ի փոխ-նախագահ Ճէյմս Տէյվիտ Ուենս, պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ, Փենթակոնի ղեկավար Փիթ Հեկսեթ եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ 

Հանդիպման սկիզբին Էրտողան յոյս յայտնեց, թէ Թրամփի հետ միասին պիտի կարողանան տարածաշրջանի դժուարութիւնները յաղթահարել։ 

Սպիտակ տան մէջ Էրտողան անդրադարձաւ նաեւ Հէյպէլի կղզիի յունաց վանքի վերաբացման հարցին։ Ծանօթ է, որ մօտաւոր անցեալին այս խնդիրը օրակարգի վրայ եկած էր, երբ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ հիւրընկալած էր Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Տիեզերական Պատրիարքը։ Ուստի, Էրտողան երէկ Սպիտակ տան մէջ նշեց, որ վանքի պարագային Թուրքիա պատրաստակամ է իրեն վիճակածը կատարելու։ Ան շեշտեց, որ վերադարձին հարցը պիտի շօշափէ յունաց պատրիարքին հետ։ 

Սպիտակ տան ելոյթին ժամանակ Էրտողան առանձնապէս մատնանշեց ռազմաօդանաւերու գործարքի եւ «Հալքպանք»ի վիճելի խնդիրները՝ որոնց կապակցութեամբ ծաւալուն քննարկումներ նախատեսուած էին։ 

Թրամփ, որ բարձր գնահատանքով եւ դրուատիքով արտայայտուեցաւ նախագահ Էրտողանի մասին, յոյս յայտնեց, թէ ռազմաօդանաւերու խնդիրները կրնան լուծուիլ։

Ըստ երեւոյթին բանակցութիւններու օրակարգին եւ ծաւալուած քննարկումներու արդիւնքներուն վերաբերեալ մանրամասնութիւնները աստիճանաբար յայտնի պիտի դառնան։ 

Երէկ, Սպիտակ տան մէջ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ հիւլէական ոլորտէ համագործակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթ մըն ալ ստորագրուեցաւ՝ նախարարներուն կողմէ եւ նախագահներուն մասնակցութեամբ։ Տանըլտ Թրամփ սքանչելի որակեց Էրտողանի հետ հանդիպումը։ 

Հանրապետութեան նախագահը արդէն հրաժեշտ առաւ ԱՄՆ-էն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2025