ՇԱՀԵԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Իսթանպուլի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ շահեկան ցուցահանդէս մը, որու պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին համախմբելով հետաքրքիրներ։ Եւրոմիութեան միջոցներով խրախուսուած եւ «Եւրոպայի ժառանգութեան օրեր»ու շրջանակներէն ներս կազմակերպուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը։ Պէյօղլուի քաղաքապետարանէն ներս, «Վեցերորդ բաժանմունք» գեղարուեստասրահի երդիքին տակ բացուած է այս ցուցահանդէսը, որ մաս կը կազմէ «Ճարտարապետական ժառանգութիւն. անցեալի վրայ բացուած պատուհաններ, ապագայի վրայ դռներ» խորագրեալ նախագծին։

Ցուցահանդէսը կը ցոլացնէ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու համայնքային վաքըֆներու Պէյօղլուէ ներս մշակութային ժառանգութիւնը։ Թէեւ փոքրամասնութիւններու հետքերը քաղաքի մէջ ամէնուրեք նկատելի են, սակայն, Պէյօղլուի պարագան կը համարուի առանձնայատուկ, որովհետեւ ան դարերէ ի վեր քաղաքի կենսունակութիւնը կը պայմանաւորէ։

Ցուցահանդէսի բացման ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պէյօղլուի քաղաքապետի պաշտօնակատար Սեֆեր Քարաահմէտօղլու, որու խօսքով՝ փոքրամասնական համայնքներու վաքըֆները անցեալէն ի վեր ապահոված են, որ Պէյօղլուն օժտուի կոթողային շինութիւններով՝ ներառեալ կրթական հաստատութիւններ կամ ընկերամշակութային բնոյթով կառոյցներ, որոնք կը ցոլանան սոյն լուսանկարչական ցուցահանդէսի աչքին առջեւ։

Հարկ է նշել, որ այս ցուցահանդէսը թէեւ կրկնութիւն մըն է, սակայն, անոր նկատմամբ հետաքրքրութիւնը նուազ չէ՝ մանաւանդ, որ Պէյօղլուի վերաբերեալ այս ցուցահանդէսը Պէյօղլուի մէջ իսկ, անոր քաղաքապետարանի համալիրէն ներս վերաբացուած է։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ հոկտեմբերի 5-ը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 29, 2025