ԾԱՂԻԿ ՄԸ՝ ՈՐ ԱՆՈՒՆ ՉՈՒՆԵՑԱՒ
Շատ սխալ կը նկատեմ Կոմիտաս Վարդապետը որպէս «հոգեկան հիւանդ» կամ «խելագար» անուանելը, նկատի ունենալով, որ ան մեր ազգի մեծագոյն պարծանքներէն մէկն է. կը փորձեմ ուսումնասիրել Կոմիտասի հիւանդութիւնը՝ հասկնալու համար, թէ ինչպիսի վիճակ մը ունէր վարդապետը. որպէս արդիւնք կրնամ ըսել, որ ըստ բժիշկներու վկայութիւններուն՝ Կոմիտաս Վարդապետ ամբողջ օրը «խելակորոյս» վիճակ մը ունէր. օրուան մէջ հազիւ մի քանի վայրկեան իր նախկին առողջ վիճակը կը ստանար։ Իրականութեան մէջ այս երեւոյթը այդքան ալ տարօրինակ չի թուիր, որովհետեւ նման եկեղեցական մը ունեցած ենք Անթիլիասի մէջ. անցեալին շատ խելացի, մտաւորական, որ ցաւ ի սիրտ ժամանակ մը ետք սկսաւ կորսնցնել իր գիտակցութիւնը. ա՛ն եւս ամբողջ օրը կորսուած վիճակ մը կ՚ունենար, սակայն, մէկէն ի մէկ իր նախկին վիճակին կը դառնար, կը սկսէր շատ խելացի եւ լուրջ բաներ խօսիլ՝ մինչեւ դարձեալ յայտնուի իր հիւանդագին դրութեան մէջ:
Այդ է պատճառը, որ յաճախ «խելագարութիւն» բառը մեր մօտ շփոթ կը ստեղծէ, որովհետեւ կը տեսնենք, պատմութենէն եւ վկայութիւններէն կը հասկնանք, որ Կոմիտաս Վարդապետ հոգեբուժարանին մէջ յաճախ լուրջ, խելացի եւ կարեւոր արտայայտութիւններ կ՚ունենայ, սակայն, այդ բոլորը շատ կարճ ժամանակ մը կը տեւեն: Այսօր այդ հիւանդութեան ի՛նչ անուն կու տան՝ չենք գիտեր, սակայն, կը կարծենք խելագարութեան եւ խելացիութեան միջեւ տարուբերուող հիւանդութիւն մըն է:
Կոմիտաս Վարդապետի հոգեկան ապրումները միշտ փոփոխական էին, այդ իսկ պատճառով միշտ հոգեբուժարանը չէր արտօներ, որ մարդիկ այցելեն մեծ վարդապետին: Այցելուներ կրնային Կոմիտաս Վարդապետին այցելել այն ժամանակ՝ երբ ան հոգեպէս ու մտապէս շատ աւելի հանգիստ ու խաղաղ էր՝ քան իր ջղային ու պրկուած պահերուն: Այդ հանգիստ պահերէն մէկուն արժանի եղած է բուսաբան եւ հայագէտ Յարութիւնեանը:
***
Կոմիտաս Վարդապետ սորվելու եւ նոր գիտելիքներ ունենալու ծարաւը ունէր. կ՚ուզէր միշտ նոր բան մը սորվիլ: Յատուկ սէր ու հետաքրքրութիւն ունէր բնութեան եւ ծաղիկներու հանդէպ: Առիթով մը Կոմիտաս Վարդապետ դուրս կու գայ Էջմիածինէն ծաղիկներ քաղելու եւ ընթացքին կը քաղէ ծաղիկ մը՝ որուն անունը չի գիտնար. ծաղիկը կը տանի Մայր Աթոռ եւ այլ միաբաններու ալ ցոյց կու տայ, սակայն, ո՛չ ոք կը գիտնայ, թէ ինչ տեսակի ծաղիկ է այդ մէկը: Այդ ընթացքին Էջմիածին կ՚այցելէ բուսաբան Յարութիւնեանը եւ Կոմիտաս Վարդապետ ծաղիկը յանձնելով անոր կը խնդրէ, որ անպայման այդ ծաղիկը ուսումնասիրէ եւ գտնէ անունը: Յարութիւնեան կը խոստանայ ծաղիկին անունը գտնել ու փոխանցել Կոմիտասին:
Ընթացքին Կոմիտաս կը մեկնի Թիֆլիզ, ապա կ՚անցնի Պոլիս եւ բուսաբան Յարութիւնեան եւ Կոմիտաս զիրար դարձեալ տեսնելու առիթը չեն ունենար: Տարիներ ետք՝ 1924 թուականին Յարութիւնեան կը մեկնի Փարիզ եւ կ՚ուզէ անպայմանօրէն այցելութեան երթալ մեծ վարդապետին. բժիշկները առաջին մի քանի օրերը չեն արտօներ, որովհետեւ Կոմիտաս Վարդապետի հոգեկան վիճակը այցելու ընդունելու ի վիճակի չ՚ըլլար, սակայն, երրորդ օրը կ՚արտօնեն, որպէսզի Յարութիւնեան տեսակցի Կոմիտասի հետ:
Յարութիւնեան հազիւ Կոմիտասի մօտ մտած Կոմիտաս Վարդապետ ուրախութեամբ վեր ցատկելով հարց կու տայ. «Ծաղիկի անունը բերա՞ծ ես...»: Բուսաբան Յարութիւնեան շատ կը յուզուի. ինքզինք մեղաւոր զգալով կ՚ուզէ չտխրեցնել մեծ վարդապետը եւ սուտ մը կ՚ըսէ. «Այո՛, բերած եմ, բայց տունը ձգած եմ, անպայման կը բերեմ»:
Կոմիտաս Վարդապետ կը յուզուի... սակայն տարիներ ետք կը յիշէ որ կ՚ուզէր գիտնալ այդ ծաղիկի անուանումը: Յարութիւնեան իր արցունքը հազիւ պահելով կը համբուրէ մեծ վարդապետին ճակատը եւ դուրս կու գայ:
Այս բոլոր մանրամասնութիւնները կը նկատենք կարեւոր, որպէսզի աւելի մօտէն ճանչնանք Կոմիտաս Վարդապետը, անոր խառնուածքը, հիւանդութիւնն ու բոլոր ապրումները՝ զորս ունեցաւ մեծ վարդապետը:
Ի դէպ յայտնենք, որ Կոմիտաս Վարդապետին հոգեբուժարանի մէջ այցելողները միայն հայեր չէին. զինք այցելելու կու գային թուրքեր, յոյներ եւ հրեաներ, որոնք նաեւ իրենց աջակցութիւնը կը բերէին «Օգնենք Կոմիտասին» խորագիրը կրող հանգանակութեան: Անոնցմէ շատ շատեր առիթը ունեցած էին մեծ վարդապետը լսել Պոլսոյ «Փըթի-Շան» կոչուող մեծ թատրոնին մէջ:
***
Այս գրութեամբ կ՚ուզենք վերջ տալ Կոմիտասի նուիրուած մեր յօդուածի շարքերուն, վստահ ըլլալով, որ յառաջիկային օր մը դարձեալ մեծ վարդապետի կեանքին կ՚անդրադառնանք. տակաւին կան բազմաթի՜ւ մտաւորականներ, որոնք առիթը ունեցած են այցելել մեծ վարդապետին:
Կը հաւատանք, որ մեր ազգը Կոմիտաս Վարդապետը լիովին չի՛ ճանչնար. եթէ մեր արժէքներուն մասին մակերեսային տեղեկութիւն ունենանք, ապա կրնանք վստահ ըլլալ, որ անոնք դատապարտուած են օր մը մոռացութեան տրուելու:
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, որ խելացի մարդիկ մէկէն ի մէկ խելակորոյս կ՚ըլլան:
Պատասխան. Խելացի մարդիկ յաճախ կը դառնան խելակորոյս, որովհետեւ իրենց տրամաբանութիւնն ու վերլուծողական ունակութիւնը անսպառ փնտռտուքի կը մղեն. ուղեղը երբ շարունակ զբաղած է հարցերով՝ առանց հաւասարակշռութեան, կրնայ խելքը դուրս բերել իր բնական սահմաններէն ու ստեղծել մտաւոր փլուզում: Այս մէկը կը պատահի այն ժամանակ, երբ գիտակցական ունակութիւնները իրականութենէ հեռու անկառավարելի կը դառնան:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան