ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԱՄՔ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Անի Բադալեան յայտնեց, որ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած համաձայնագիրը պարզ թուղթ մը չէ, կայ պատրաստակամութիւն եւ քաղաքական կամք՝ զայն կեանքի կոչելու համար։
«PassBlue»ին տուած հարցազրոյցին մէջ, անդրադառնալով Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրման՝ Անի Բադալեան ըսաւ. «Նախաստորագրումը մեզի համար մեծ հանգրուան մըն էր։ Մենք վերահաստատեցինք, որ երկու երկիրներու սահմանները ճանչցուած են 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագրով, երբ փլուզուած էր Խորհրդային Միութիւնը։ Մենք համաձայնութեան եկանք հիմնարար սկզբունքներուն՝ իրաւասութեան, ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ, ի հարկէ, սահմաններու անձեռնմխելիութեան շուրջ։ Մենք այս բանը կը համարենք շատ կարեւոր հիմք մը ապագայ աշխատանքի համար։ Կը համարենք, որ խաղաղութիւնը հաստատուած է»։
Բանբերի խօսքով՝ սա միայն խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը չէ, որովհետեւ հրապարակային յայտարարութիւններ ալ եղան Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու եռակողմանի գագաթաժողովին ժամանակ։ Ուստի, հայկական կողմը համոզուած է, թէ սա իր, ատրպէյճանական կողմի եւ միջազգային մակարդակով փոխըմբռնումի մը ցոլացումն է։
Անի Բադալեան հարցազրոյցի ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Թրամփի ուղին TRIPP նախագիծը կը նպաստէ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման ո՛չ միայն մէկ մասով, այլեւ ընդհանուր տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու պարագային։
«Կրկնեմ՝ խօսքը միայն Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հարաւային Կովկասի մասին չէ։ Այսօր երկիրները կը փնտռեն աւելի շատ երթուղիներ, այլընտրանքային կապեր։ Սա կրնայ ըլլալ աւելի մեծ նախագիծ՝ Միջին միջանցքի եւ մէկ մասը այլ նախագծերու, որոնց նպատակն է կապել Ասիան Եւրոպայի հետ եւ հակառակը։ Հայաստանէ ներս որեւէ կապի նախագիծ կը մնայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքեւ։ Սա մեզ համար շատ կարեւոր է։ Մենք կը քննարկենք, այլ թեքնիք մանրամասնութիւններ, կ՚որոշենք, թէ ո՞վ կը գործէ եւ ինչպէ՞ս, բայց, սա կը մնայ Հայաստանի ինքնիշխանութեան ներքեւ», նշեց Անի Բադալեան։
Անի Բադալեան հարցազրոյցի տեւողութեան անդրադարձած է նաեւ Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացին։ Իր խօսքով՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ քաղաքական երկխօսութեան բարձր մակարդակ մը գոյութիւն ունի։ «Մենք կ՚իրականացնենք նախագծեր. օրինակ՝ սահմանի կամուրջի վերանորոգում։ Երբ մենք կը խօսինք կապի եւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, կայունութեան, տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան մասին, ապա կայ աւելի լայն պատկեր մը։ Բայց, ի հարկէ, ինչ որ ալ ընենք, ուղղուած է երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւններու լիակատար կարգաւորման։ Մեր ակնկալութիւնն է, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրումը նպաստէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ մա՛նաւանդ սա կը նշանակէ սահմանի բացում, ինչ որ շատ կարեւոր է», ըսաւ ան։
Այլ հարցումի մը պատասխանելով՝ Անի Բադալեան նշեց, որ Հայաստան գերիներու եւ պատանդներու նիւթը կը քննարկէ առաջին հերթին Ատրպէյճանի հետ ու կը փնտռէ դրական լուծում։