ԱՄՍԹԵՐՏԱՄԻ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ՄԿՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱԶԱՆԻ ՕԾՈՒՄ

Եւրոպայահայութեան ազգային-եկեղեցական կեանքը խրախուսելու, հոգեւոր կենսունակութիւնը ապահովելու առաջադրութեամբ երկար ժամանակէ ի վեր աշխատանք կը տարուի։ Այս ամբողջին մէջ, շաբաթավերջին, Հոլանտայի հայութիւնը յատկանշական իրադարձութեան մը ականատեսը դարձաւ։ Այսպէս, Ամսթերտամի Ս. Հոգի եկեղեցիէն ներս կատարուեցաւ մկրտութեան նոր աւազանի օրհնութեան եւ օծման հանդիսաւոր կարգը։ Արարողութեան նախագահեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որու ձեռամբ օծուեցաւ մկրտութեան նոր աւազանը։ Վարդուհի Մարտինի ազնիւ բարերարութեամբ կառուցուած է մկրտութեան նոր աւազանը, ինչ որ անոր հաւատքի եւ եկեղեցասիրութեան տեսակէտէ վառ ապացոյց մը դարձած է, բնականաբար, օրինակելի հայ համայնքի հաւատացեալներուն տեսակէտէ։

Աւազանը Հայաստանի մէջ պատրաստուած է՝ խաչքարագործ վարպետ Արտակ Համբարձումեանի ձեռքով։ Նորաօծ աւազանը կը խորհրդանշէ նոր ծնունդը ջուրով եւ հոգիով եւ յառաջիկայ տարիներուն ան պիտի դառնայ հոգեւոր տեսակէտէ մայրական գիրկ մը, ուր նոր մանուկներ պիտի ծնին ի Քրիստոս։

Ամսթերտամի արարողութիւններու ընթացքին եկեղեցւոյ տիկնանց կազմը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց նաեւ Ալմելօ քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ տիկնանց միութեան անդամուհիները։ Հանդիպումը անցաւ անմիջական մթնորոլտի մէջ, հաւատքի ու ծառայութեան փորձառութեան փոխանակման պայմաններու ներքեւ։ Ներկաները խօսեցան ապագայ համատեղ նախաձեռնութիւններու եւ համագործակցութեան հեռանկարներու շուրջ։

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակի գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ արձանագրուած է, որ այդ օրը Ամսթերտամի Ս. Հոգի եկեղեցին դարձաւ ո՛չ միայն աղօթքի, այլեւ՝ միաբանութեան տուն մը, ուր հաւատացեալները անգամ մը եւս զգացին Ս. Աւետարանի այն ճշմարտութիւնը, թէ ուր երկու կամ երեք հոգի հաւաքուած են Տէր Յիսուսի անունով, ապա այնտեղ ինք ներկայ է անոնց մէջ։

 

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2025