ՀԵՏԱԶՕՏԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան կաճառէն Սուրբ Քաղաք մեկնած գիտնականներու խումբը։ Հայոց Սրբոց Յակոբեանց վանքի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանէն ներս այս շրջանին աշխատանք կը տանին այդ մասնագէտները, որոնք ուսումնասիրութիւններ կը կատարեն զանազան նիւթերու շուրջ։ Այս ամբողջին մէջ գիտնականները առանձին ուշադրութեան առարկայ կը դարձնեն «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի հայ պարբերական մամուլի հաւաքածոները։ Պատմութեան կաճառի հայ պարբերական մամուլի եւ հասարակական մտքի պատմութեան բաժնի հետազօտողներէն յայտնի պատմաբան տքթ. Սթեոփա Պետոյեան եւ ակադեմիայի Արուեստի կաճառի կերպարուեստի բաժնի գիտաշխատողներէն Շողակաթ Տեւրիքեան Երուսաղէմ մեկնած են Սուրբ Աթոռի հրաւէրին ընդառաջ։ Տեւրիքեան միեւնոյն ժամանակ, Երեւանի մատենադարանի Միջնադարեան արուեստի ուսումնասիրութեան բաժնէն ներս գիտական գործունէութիւն կը ծաւալէ։

Նորին Ամենապատուութիւնը զրոյցի ընթացքին ուրախութիւն յայտնեց, որ մատենադարանի գանձերուն վրայ ուսումնասիրութիւն կը կատարուի հեղինակաւոր գիտնականներու կողմէ։ Արդարեւ, անոնք Հայաստանի մէջ համբաւ կը վայելեն իրենց աշխատանքով։ Երիտասարդ գիտնականներու աջակցութեան ծրագրի շրջանակներէն ներս իրականացուած հասարակական, հայագիտական եւ մարդասիրական բնագաւառներու մէջ հետազօտութիւններու մրցոյթի դափնեկիրներու շարքին դասուած են։ Ծրագրի շրջանակներէն ներս անոնք իրենց հետազօտութիւններու արդիւնքները ներկայացուցած են Եւրոպայի մէջ տպագրուած, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի վերաբերեալ փորագրանկարներուն՝ որպէս Եւրոպայի եւ Հայաստանի միջեւ մշակութային երկխօսութեան վկայութիւններ։

Այս նոյն նիւթին շուրջ անոնք վերջին օրերուն դասախօսութիւնով մըն ալ հանդէս եկան Երուսաղէմի հայոց վանքի «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի երդիքին տակ։ Ձեռնարկի վերջաւորութեան անոնք մատենադարանին նուիրեցին 1813 թուականին Պոլսոյ մէջ տպագրուած «Տետրակ գովասանաց առ համօրէն տնօրինական սուրբ ուխտատեղիսն, որք են յԱստուածահրաշ քաղաքն Սուրբ Երուսաղէմ» հնատիպ գիրքը։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ գիտնականներու զրոյցին ներկայ էր նաեւ «Կիւլպէնկեան» մատենադարանի տեսուչ Տ. Ներսեհ Վարդապետ Ալոյեան։

Հարկ է նշել, որ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հետեւողականութեամբ՝ վերջին տարիներուն «Կիւլպէնկեան» մատենադարանէն ներս լրջօրէն թափ ստացած են վերադասաւորման, վերականգնման եւ ընդհանուր կազմակերպչական աշխատանքները, որոնք յառաջ կը կարուին՝ հակառակ Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած գոյաբանական մարտահրաւէրներուն։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 7, 2025