ՆԻԿԻՈՅ ՏԻԵԶԵՐԱԺՈՂՈՎԻ 1700-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀԱՄԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ՝ ՆՈՅԵՄԲԵՐԻ ՎԵՐՋԻՆ

Նիկիոյ առաջին տիեզերաժողովի 1700-ամեակին առթիւ նախատեսուած յոբելենական մեծ տօնակատարութիւններուն վերջնական ժամանակացոյցը երէկ պաշտօնապէս հրապարակուեցաւ։ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքի եւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապի համատեղ մասնակցութեամբ նախատեսուած ծրագիրը կեանքի պիտի կոչուի նոյեմբերի վերջաւորութեան։ Այս ծիրէն ներս Սրբազան Պապը Թուրքիոյ մէջ պիտի գտնուի նոյեմբերի 27-30-ին՝ համատեղ հրաւէրով Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի եւ Յունաց Պատրիարքի։ Ծանօթ է, որ Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը այս յոբելեանի նախապատրաստութիւնները բոլոր հարթութիւններու վրայ յառաջ տարաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ՝ ներառեալ նախագահ Էրտողանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հանդիպումները։

Տեղական մամուլի հաղորդումներով՝ Լեւոն ԺԴ. Սրբազան Պապը պիտի ըլլայ այն հինգերորդ քահանայապետը, որ պիտի այցելէ Թուրքիա։ Իր գահակալութենէն վերջ սա պիտի ըլլայ իր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնը։ Ամենայն հաւանականութեան, իր պատգամներուն մէջ ան ուշադրութիւն հրաւիրէ Թուրքիոյ եւ Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաներու առկայ դժուարութիւններուն վրայ եւ կոչ ուղղէ տարածաշրջանային խաղաղութեան համար։ Ըստ Վատիկանի աղբիւրներուն՝ Սրբազան Պապը Թուրքիայէ վերջ պիտի մեկնի Լիբանան։

Հարկ է նշել, որ երէկ, Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց արքեպիսկոպոսարանն ալ ամփոփ յայտարարութիւնով մը արձագանգեց այս իրադարձութեան՝ այժմէն ողջունելով Սրբազան Քահանայապետի առաքելական ուղեւորութիւնը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2025