ՆԱԽԸՆՏՐԱԿԱՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿՆԵՐ
Հայաստանի նախկին նախագահներէն Ռոպերթ Քոչարեան երէկ Երեւանի մէջ սարքեց մամլոյ ասուլիս մը, որու ընթացքին տեղեկացուց, որ իր գլխաւորած ընդդիմադիր շարժումը պիտի մասնակցի յառաջիկայ տարուան խորհրդարանական ընտրութեան։ Ռոպերթ Քոչարեանի դիտարկումով՝ ընտրութիւններուն նախորդած հարցախոյզներու արդիւնքները ցոյց կու տան յստակ պատկեր մը։ Այսպէս, այժմ իշխանութեան գլուխ գտնուող «Քաղաքացիական պայմանագիր» (ՔՊ) կուսակցութիւնը կը գտնուի յառաջատար դիրքի վրայ՝ դոյզն առաւելութեամբ։ Բաց աստի, կան երկու հիմնական ընդդիմադիր ուժեր, որոնք նուազագոյն շեմը յաղթահարելով խորհրդարան մտնելու ուղղութեամբ որեւէ դժուարութիւն պիտի չունենան։ Այդ երկու ընդդիմադիր ուժերէն մին է իր իսկ գլխաւորած «Հայաստան» դաշինքը, որ ներկայիս արդէն երկրի խորհրդարանական ընդդիմութեան մէջ է։ Երկրորդն է բանտարկուած գործարար Սամուէլ Կարապետեանի կողմէ առաջնորդուած քաղաքական ուժը։ Քոչարեան այս տուեալներուն վրայ աւելցուց իր մաղթանքը, որպէսզի երրորդ ուժ մըն ալ հնարաւորութիւն ունենայ խորհրդարան մուտք գործելու։ Հուսկ, իր հաշուարկը այն է, որ խորհրդարանի մէջ ՔՊ-ն որքան որ ալ ունենայ ամենաշատ տեղերը, ապա բաւարար մեծամասնութիւն պիտի չունենայ կառավարութիւն կազմելու համար։ Ուստի, այս համայնապատկերին վրայ Ռոպերթ Քոչարեան կը պատկերացնէ երկրի նոր իշխանութեան ձեւաւորման հեռանկարները։ Քոչարեանի խօսքով՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան վերընտրուիլը, ընդհանրապէս, Հայաստանի տեսակէտէ պիտի նշանակէ ձգտիլ զերոյի։
Քոչարեան երէկուան յայտարարութիւններուն մէջ անդրադարձաւ նաեւ անցեալ օգտոստոսի 8-ին, Սպիտակ տան մէջ, Երեւան-Ուաշինկթըն-Պաքու առանցքին վրայ կազմակերպուած գագաթաժողովին, որու ընթացքին հրապարակուած էր եռակողմանի հռչակագիր մը եւ նախաստորագրուած՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան պայմանագիրը։ Այս ամբողջին մէջ արդէն մեկնարկը տրուած էր TRIPP անցուղիին։ Այս բոլորի լոյսին տակ նախկին նախագահ, այժմ ընդդիմադիր ղեկավար Ռոպերթ Քոչարեան դիտել տուաւ, որ վերոյիշեալ փաստաթուղթերէն Ատրպէյճան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ ապահոված են յստակ ձեռքբերումներ, իսկ Հայաստանին վիճակած են միայն ու միայն խնդիրներ։
«ԱՄՆ կը ստանայ ապագայ միջանցքի վերահսկողութիւնը, Իրանի հետ սահմանի վերահսկման հնարաւորութիւն եւ Թրամփին՝ Նոպելի մրցանակի առաջադրում։ Ատրպէյճան կը ստանայ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն ներս միջանցքի իրաւունք, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի լուծարում եւ ԱՄՆ-ի Քոնկրեսի թիւ 907 բանաձեւի չեղարկում։ Հայաստան կը ստանայ զերօ։ Միայն նկար մը եւ Թրամփի ստորագրութեամբ՝ առանց իրաւական ուժի թուղթ մը, որ Փաշինեանին թոյլ կու տայ դարձեալ մոլորեցնել ժողովուրդը։ Փաշինեան Սպիտակ տան մէջ գտնուած է՝ որպէս յարդարանքի առարկայ։ ԱՄՆ-ի շահը հետեւեալն է. Հայաստանի այն հատուածը, որ ունի տարանցման ներուժ եւ աշխարհաքաղաքական կշիռ, կ՚անցնի իր վերահսկողութեան տակ։ Իրան սահման ունի եօթ երկրի հետ ու միայն Հայաստանի հետ սահմանին պիտի յայտնուին ամերիկացիներ», ըսաւ Ռոպերթ Քոչարեան։
Բաց աստի, ան յայտնեց, որ Փաշինեանի խոստացած «խաղաղութիւնը» մեծապէս կախեալ պիտի ըլլայ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի տրամադրութենէն։ Արդարեւ, փաստաթուղթերուն մէջ չկան երաշխիքներ, երաշխաւորներ եւ դրութիւններ հաւանական խախտումներու պարագային։ Մինչդեռ, խաղաղութիւնը պէտք է ըլլայ վերահսկման դրութիւններով ու երաշխաւորներով, որոնք պատասխանատուութիւն պիտի կրեն պայմանագրի կատարման համար։ Նախկին նախագահի խօսքով՝ այսօր ո՛չ թէ խաղաղութիւն կայ, այլ՝ զինադադար, որ կախեալ է մէկ մարդու կամքէն։ «Ատրպէյճան կը մեծցնէ ռազմական պիւտճէն, իսկ Հայաստան կը կրճատէ։ Սա կը բացատրուի հաւանական գաղտնի պայմանաւորուածութիւններով, սակայն կը պարունակէ վտանգներ եւ անպատասխանատու քայլ մըն է։ Խաղաղութիւնը չի կրնար հիմնուած ըլլալ ուժերու անհաւասարութեան վրայ», նշեց Քոչարեան։
Իշխանութիւններու արտաքին քաղաքակութեան անդրադառնալով՝ Քոչարեան բացատրեց, որ Եւրոմիութեան հետ համարկումը ընդամէնը ձեւականութիւն է եւ աճպարարութիւն՝ մանաւանդ, որ ԵՄ-է ներս առկայ է առաջնորդութեան տագնապ մը։ ԱՄՆ կենսական շահեր չունի տարածաշրջանին մէջ, Թրամփ նոյնիսկ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի անունները կը շփոթէ։ «Հայաստան կը փորձէ Ռուսաստանէն հեռանալ՝ առանց յստակ այլընտրանքի», կը դիտարկէ Քոչարեան։
Ուժանիւթի եւ ենթակառուցուածքներու խնդիրներուն շուրջ ալ Ռոպերթ Քոչարեան բաժնեց իր մօտեցումները զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Ան մեկնաբանեց իշխանութիւններու որոնումները՝ երկրէն ներս մոտիւլային աթոմակայան մը ունենալու շուրջ։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան պէտք է անպայման ունենայ աթոմակայան մը։ «Մոտիւլային աթոմակայանի մասին խօսակցութիւնները դատարկ են, որովհետեւ աշխարհի վրայ որեւէ երկիր չունի գործող մոտիւլային աթոմակայան մը՝ բացի Ռուսաստանէն։ Թուրքիա կը շարունակէ օրակարգի վրայ պահել Մեծամօրի աթոմակայանի փակման նիւթը։ Չի բացառուիր, որ այս քննարկումները ուղղուած ըլլան հերթական պահանջի կատարման», դիտել տուաւ Քոչարեան։