ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԻՐԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՀԵՌԱՆԿԱՐՆԵՐԸ
Ֆրանսայի կառավարման ճգնաժամը եկաւ աւելի շեշտելու միջազգային սուր տագնապները եւ ընդլայնելու համատարած ճգնաժամի պատկերը։ Ներկայ պայմաններուն մէջ երթալով աւելի դժուար կը դառնայ միջազգային յարաբերութիւնները ընթերցել՝ մեծ պետութիւններու, տարածաշրջանային միջին կշիռի ազդեցիկ պետութիւններու եւ բոլորի ներքին քաղաքական ուժերու կամ շահերու բախումի բարդ փոխյարաբերութիւններու տեսանկիւնէն։ Ասոր լաւագոյն օրինակը Իսրայէլի կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դաշնակից Քաթարի մայրաքաղաքին հրթիռակոծումն էր. այնտեղ կը գտնուի Մերձաւոր Արեւելքի ամերիկեան մեծագոյն ռազմակայանը։ Նախագահ Թրամփի իշխանութեան գլուխ գալով՝ միջազգային յարաբերութիւնները դուրս եկան դասական խաղի կանոններէն։ ԱՄՆ-ի կառավարութեան որոշումները կը փոփոխուին մէկ օրէն միւսը եւ երբեմն՝ իրարու կը հակասեն։ Հակամարտութեան մէջ գտնուող փոքր երկիրներու վիճակը անտանելի է՝ ներառեալ Հայաստանը… Սակայն, մեծ պետութիւնները եւս զոհն են տարիներու ընթացքին իրենց սերմանած քաղաքական իրավիճակին՝ ինչպէս կը տեսնենք Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Անգլիոյ պարագային։
Ֆրանսայի քաղաքական անել վիճակը միջազգային հարթակին վրայ իր բացասական հետեւանքները պիտի ունենայ՝ մա՛նաւանդ Ուքրայնայի ճակատին վրայ, ուր ան յառաջատար դեր ունի, նոյնիսկ յաճախ ԱՄՆ-ին հակառակ դիրքեր պաշտպանելով։ Երեսփոխանական նոր ընտրութիւնները անխուսափելի կը դառնան։ Բոլորովին պիտի փոխուի խորհրդարանի դիմագիծը։ Այս անորոշութիւնը որքան որ ներքին քաղաքական կեանքին համար անհանգստացնող է, նոյնքան ալ՝ Եւրոպայի եւ աշխարհի տարբեր երկրամասերուն Ֆրանսայի բարեկամ երկիրներուն համար, ինչպէս Հայաստանի, որ 2020-ի պատերազմէն ի վեր մեծապէս օգտուեցաւ Ֆրանսայի բարեկամական վերաբերումէն, որուն շնորհիւ Ատրպէյճանի սահմանին հաստատուեցաւ Եւրոպայի դիտորդական առաքելութիւնը, արդիական զինամթերքի գնումներ կատարուեցան, Եւրոպայի ու միջազգային հարթակներու վրայ Հայաստանը զօրակցութիւն վայելեց…
2020-ի 44-օրեայ պատերազմէն ի վեր Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը աւելի յստակ ձեւաւորում մը ստացաւ՝ շնորհիւ Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան։ Նուազեցաւ կախուածութիւնը Ռուսաստանէն, որ Ատրպէյճանի հետ պատերազմին եւ Արցախի ինքնիշխանութեան պաշտպանութեան հարցին մէջ ամբողջովին ձախողեցաւ։ Հայաստան դիմեց միջազգային գործընկերութիւններու բազմազանացման, միջազգային օրէնքի նկատմամբ յարգանքի պայմաններու ստեղծման, խաղաղ բարիդրացիական յարաբերութիւններու հաստատման՝ յետպատերազմական ներքին ծանր իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ։ Այսօր, արդէն տարի ու կէս է, որ սահմանին լուրջ միջադէպ չի պատահիր, զինուոր չի զոհուիր եւ խաղաղութեան հասնելու պայմանները աւելի նպաստաւոր են։ Այս դրական արդիւնքին մէջ Ֆրանսա ունեցաւ իր կարեւոր դերակատարութիւնը։
Որքան որ Ֆրանսայի պարագային ներքին կարգով կայուն խորհրդարանական մեծամասնութիւն մը անհրաժեշտ է երկրին աստղաբաշխական պարտքը նուազեցնելու, միջազգային պարտաւորութիւնները յարգելու եւ երկրէն ներս հաւասարակշռուած բնականոն զարգացում մը ապահովելու համար, նո՛յնքան ալ Հայաստան որոշ մտահոգութեամբ կը սպասէ 2026-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ աւելի կայուն եւ վստահելի քաղաքական ուժերով խորհրդարանի մը ձեւաւորուելու սպասումով։ Այս առումով արդէն ընդդիմադիր երկու նոր ճակատներ ի յայտ եկան. առաջինը՝ գործարար եւ Մայր Աթոռի բարերար Սամուէլ Կարապետեանի «Մեր ձեւով» կուսակցութիւնը, որ շեշտակիօրէն ռուսական շահերու պաշտպան պիտի հանդիսանայ եւ երկրորդը՝ Հայաստանի նախկին մարդու իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեան, որ հանրային ասուլիսի մը ընթացքին մտադրութիւն յայտնեց մասնակցելու խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ յատկապէս պայքարելու համար ներկայ իշխանութեան՝ Ատրպէյճանի հանդէպ վարած զիջողական մարտավարութեան դէմ։ Առաջնահերթ հարցը այն է, թէ որքանո՞վ Թաթոյեան պիտի կարենայ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան գլխաւոր մրցակիցը հանդիսանալ՝ համախմբելով Փաշինեանի հակառակ բոլոր քաղաքական ուժերը։ Այլապէս, ներկայ դրութեամբ ընդդիմադիր ճակատը առաւել մասնատուած պատկեր մը կը պարզէ եւ այս պայմաններուն մէջ անոր՝ ընտրութիւնները շահելու հաւանականութիւնը շատ քիչ է։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի