ՓԱՇԻՆԵԱՆ ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այսօր աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Պրիւքսէլի մէջ։ Ան կը մասնակցի «Համաշխարհային դարպասներ» (Global Gateway) միջազգային համաժողովին, որ երկրորդն է իր նմաններու շարքին։ Պելժիոյ մայրաքաղաքին մէջ նախատեսուած են նաեւ Փաշինեանի այլ շարք մը երկկողմանի հանդիպումները։ Թէեւ տակաւին Հայաստանի կառավարական աղբիւրները վերջնականօրէն չեն հաղորդած, սակայն, Նիկոլ Փաշինեան ամենայն հաւանակութեամբ Պրիւքսէլէն ուղեւորուի Տուշանպէ, ուր տեղի կ՚ունենայ ԱՊՀ-ի գագաթաժողովը։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, հիւրընկալ Տաճիկիստանի կողմէ արդէն տեղեկացուած է, որ այս գագաթաժողովի մասնակիցներու շարքին պիտի գտնուին թէ՛ Նիկոլ Փաշինեան եւ թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Գագաթաժողովի բացման ընդառաջ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Տուշանպէ, ուր կը հիւրընկալուի Տաճիկիստանի նախագահ Էմոմալի Ռահմունի կողմէ։ Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Փութին Տուշանպէի գագաթաժողովի շրջանակներէն ներս առանձին հանդիպում մը կ՚ունենայ Ալիեւի հետ։

Հարկ է յիշեցնել, որ վերջին օրերուն հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցած էր Փաշինեանի եւ Փութինի միջեւ՝ այս վերջնոյն ծննդեան տարեդարձին առթիւ։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 9, 2025