ԴԱՐՁԻ՛Ր ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Աշուղ Ջիւանիի երգէն պարզ կը դառնայ, որ աշուղը անընդունելի կը գտնէ հայու մը հայրենիքի սահմաններէն հեռու ապրիլը. այնպէս ինչպէս ծաղիկ մը իր հունտերը իր շուրջ կը ցանէ, նոյնպէս ալ հայը պարտի իր զաւակները իր մայր հողին, իր հայրենիքին շուրջ ծնին ու հասակ առնեն: Ջիւանիի համար հայրենիքը լոկ աշխարհագրական վայր մը չէ, այլ հայու գոյատեւման գրաւականն է. հայ մնալու համար պէտք է արմատաւորուիլ հայրենի հողին վրայվ:
Մեծ Աշուղը իր երգը կը շարունակէ.
«Սեպտեմբեր եկաւ, աշունք էշ աշունք,
Թօշնել, թառամել են, տխրել են ծաղկունք»։
Սեպտեմբերն ու աշունը կը խորհրդանշեն մեր պատմութեան սեւ էջերը, որովհետեւ անթիւ պատերազմներու մէջ ըլլալով մեր հայրենիքը կորսնցուց իր կենսունակութիւնը. ծաղկունքը՝ որ թօշնած է կը խորհրդանշէ ժողովուրդի այն զաւակները, որոնք հայրենիքէն հեռու կը գտնուին։ Հայրենիքը ծաղկելու, դարձեալ դալարելու համար կարիքը ունի այդ հայորդիներուն եւ հետեւաբար իր այս բառերով Ջիւանի հրաւէր մը կը կարդայ, ըսել ուզեով, որ եթէ կ՚ուզէք հայրենիքը դարձեալ ծաղկած տեսնել՝ ապա վերադարձէ՛ք Հայաստան: Հայրենասէր Ջիւանիի համար հայրենիքէն դուրս ուրախութիւն գտնելու գաղափարը ընդունելի չէ. երբ հայը հեռու է՝ ապա հայրենիքը տխուր է, որովհետեւ այնպէս ինչպէս արտ մը իր հնձուորներով կը հարստանայ, նոյնպէս հայրենիքը իր զաւակներով: Սակայն այս տողերուն մէջ կարելի է տեսնել նաեւ լաւատեսութիւն մը, որովհետեւ ան հայրենիքի վիճակը կը նմանեցնէ տարուան եղանակներուն. աշունէն ետք ձմեռը կու տայ... սակայն ետքը դարձեալ գարուն է եւ ըստ աշուղին՝ հայրենիքի մը գարունը իր զաւակներուն մէկտեղումով, վերադարձով կ՚իրականանայ:
«Յարգանք պահանջելու չունիս իրաւունք,
Որովհետեւ քեզ սիրահար վարդ չկայ»։
Աշուղի այս խօսքը ուղղուած է բոլոր անոնց՝ որոնք լոկ խօսքով հայրենասէր ըլլալ կը թուին եւ մեր ներկայ իրականութիւնը լեցուն է նման անձերով։ Սփիւռքի մէջ ապրող հայը՝ որ իր հայրենիքին համար ոչ մէկ զոհաբերութիւն կ՚ընէ, «իրաւունք» պահանջելու ո՛չ մէկ իրաւունք ունի, որովհետեւ իր հայրենիքէն հեռու ըլլալով շատ անգամ մարդ հեռու կ՚ըլլայ նաեւ հոգեպէս, նաեւ բարոյապէս։ Աշուղը յարգելի չի նկատեր այն անձերը, որոնք հայրենիքէն դուրս օտար «ծաղիկներ» փնտռելով զբաղած են: Այս տողերով աշուղը ըսել կ՚ուզէ, որ բոլոր այն սփիւռքահայերը որոնք ո՛չ մէկ նպաստ ունին հայրենիքին՝ չեն կրնար յարգանք ակնկալել: Այլ խօսքով՝ աշուղի համար մարդու յարգանքը պայմանաւորուած է իր հայրենիքին հանդէպ ունեցած զոհողութեամբ, գործնական նուիրուածութեամբ, որովհետեւ հայը՝ նոյնիսկ եթէ կ՚ապրի օտար հողի վրայ, պարտի իր հայրենասիրութիւնը գործով ցոյց տալ։ Անշուշտ, դարձեալ կ՚ուզենք յիշեցնել, որ աշուղը այս տողերը գրի կ՚առնէր մօտաւորապէս 1900 թուականներուն՝ երբ տակաւին այսքան մեծ հայկական սփիւռք մը գոյութիւն չունէր:
«Ջիւան, հայի երգը հայի մօտ կ՚անցնի,
Հայ բըլբուլը օտար երկրում չի ապրի»։
Երգը այստեղ կը խորհրդանշէ լեզուն, հաւատքը, աւանդութիւնը եւ գրեթէ այն բոլորը՝ որ հայը հայ կը պահեն: Աշուղի համոզումով՝ այդ երգը կենդանի կը մնայ միայն այն ժամանակ, երբ հայրենի հողին վրայ կը հնչէ։ Օտարութեան մէջ այդ երգը պահելը կարելի չէ, որովհետեւ այդ բոլորը օտարին համար խորթ ըլլալով իր արձագանգը պիտի չգտնէ։ «Հայի բըլբուլ»ը օտարութեան մէջ չ՚ապրիր արտայայտութիւնը՝ կենսաբանական մահ մը չէ, այլ օտարութեան մէջ գտնուող հայու հայ ինքնութիւնն է. օտար միջավայրի մէջ այդ բլբուլին երգը պիտի օտարանայ, անոր ձայնը արձագանգ պիտի չգտնէ եւ կամաց կամաց պիտի երթայ դէպի ձուլում, դէպի կորուստ:
Հայի բլբուլին երգը միայն իր հայրենիքին մէջ կրնայ իր հարազատ միջավայրը գտնել. այս բոլոր տողերուն մէջ կը տեսնենք, որ աշուղը կը խօսի բոլոր այն հարցերուն մասին՝ զորս մենք այսօր ունինք. երբ աշուղ Ջիւանի այս տողերը գրի կ՚առնէր, Եւրոպայի եւ կամ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ գոյութիւն չունէին մերօրեայ նման բազմաթի՜ւ հայ երիտասարդներ, որոնք հայ ըլլալով հանդերձ իրենց մայրենիին կը շարունակեն մնալ անծանօթ եւ օտար: Այս մահուան մասին է, որ կ՚երգէր աշուղը՝ իր մարգարէական շունչով, որովհետեւ ան լաւապէս կը գիտակցէր, որ օտարութեան մէջ այդ բլբուլին երգը պիտի փոխուի. պիտի օտարանայ եւ կորսնցնէ իր ինքնութիւնը:
Աշուղ Ջիւանի այս բոլորը լոկ որպէս երգ ու արուեստ չէր ստեղծագործեր. ան իրապէս ըսելիք ունէր. պատգամ մը ունէր՝ որ հայ ժողովուրդը պէտք էր լսէր. մերօրեայ վիճակին համար պէտք չէ անհատներ ամբաստանել. մերօրեայ վիճակը հետեւանքն է այն անտարբերութեան, զոր մենք ունեցանք մեր մտաւորականներուն հանդէպ. ահաւասի՛կ աշուղ Ջիւանին, որ կրնայ իր խիղճը հանգստացնել, որովհետեւ ի՛նք բարձրաձայնեց, սակայն, ժողովուրդը ի՛նք է, որ ականջալուր չեղաւ:
•վերջ
ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
Հարցում. Երգին հիմնական նպատակը ի՞նչ պէտք է ըլլայ:
Պատասխան. Երգին հիմնական նպատակը զգացումներ փոխանցելն է՝ սիրոյ, ուրախութեան, տխրութեան եւ այլն: Երգը կրնայ պատմել պատմութիւններ, արտայայտել գաղափարներ ու հայեացքներ եւ հանդիսանալ որպէս մշակութային, ընկերային եւ կամ հոգեւոր ազդակ: Բացի այդ, երգի հիմնական նպատակներէն մէկը մարդիկը մէկ զգացումի շուրջ միաւորելն է:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երեւան