ՍԻՐՔԵՃԻԻ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԿԱՅԱՐԱՆԸ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻ

Իսթանպուլի համայնապատկերի հիմնական ու առանցքային շինութիւններէն Սիրքեճիի պատմական կայարանը կ՚ենթարկուի վերանորոգութեան։ Թէ՛ որպէս ենթակառուցուածք եւ թէ որպէս մշակութային միջավայր՝ այս մէկը իսկական կոթող մը կը համարուի։ 3 նոյեմբեր 1890 թուականէն ի վեր ծառայութիւն կը մատուցէ կայարանը, որու շէնքի ճարտարապետն է գերման Եասմուն, որ այս գործով արեւմտեան հոսանքի կարեւոր նմոյշներէն մին հեղինակած է։ Կայարանը, միեւնոյն ժամանակ արեւելքի եւ արեւմուտքի հատման կէտի վրայ է՝ մա՛նաւանդ, որ համբաւ կը վայելէ «Օրիէնթ Էքսփրէս»ի վերջին կանգառը ըլլալու բերումով։

Այս բոլոր հանգամանքները պատճառ կը դառնան, որ կայարանի վերանորոգման նախաձեռնութիւնը բացառիկ ուշադրութեան արժանանայ։ Շինարարական աշխատանքներու աւարտին այդ համալիրէն ներս պիտի սկսի գործել երկու թանգարան։ Անոնցմէ առաջինը պիտի ըլլայ Թուրքիոյ երկաթուղիներու թանգարանը, որ արդէն կը գործէր այդ վայրին մէջ։ Երկրորդը՝ նոր թանգարան մը պիտի ըլլայ՝ հաշուի առնելով, որ կայարանը կարեւոր դեր խաղացած է՝ 1960-ականներուն դէպի Եւրոպայ թուրքերու ուղեւորման տեսակէտէ։ Այդ մէկը պիտի կոչուի Գաղթի թանգարան։

«Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան կողմէ ձեռնարկուած է այս նախագծին։ Կը նախատեսուի, որ ծրագիրը ի կատար ածուի մինչեւ 2026 թուականի Իսթանպուլի «Մշակոյթի ճանապարհ» փառատօնին։

Ծանօթ է, որ Սիրքեճիի կայարանը կ՚առընչուի նաեւ հայոց պատմութեան տեսակէտէ առանցքային շարք մը դրուագներով պայմանաւորուած յիշողութիւններու հետ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2025