ԹՈՒՐՔԻԱ-ՎՐԱՍՏԱՆ-ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ ՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ

Թուրքիա-Վրաստան-Ատրպէյճան առանցքին վրայ բազմառանցք համագործակցութիւնը հետզհետէ կը զարգանայ՝ ներառեալ պաշտպանութեան բնագաւառը։ Երէկ, Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ այս երեք երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներուն հանդիպումը, որու աւարտին ընդգծուեցաւ, թէ տարածաշրջանային հարցերու շուրջ ծաւալուած սերտ համագործակցութիւնը օրինակելի բնոյթ կը կրէ։ Անգարա-Թիֆլիզ-Պաքու առանցքին վրայ ծաւալուած բանակցութիւններու աւարտին մատնանշուեցաւ նաեւ, որ Կովկասը նուրբ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրակլի Չիքովանին եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովը։ Ան գոհունակութիւն յայտնեց իր պաշտօնակիցները հիւրընկալելու կապակցութեամբ։

Եռակողմանի բանակցութիւններէն վերջ հրապարակուած հաղորդակցութեան մէջ ուշադրութիւն հրաւիրուեցաւ կողմերու խոր պատմական յարաբերութիւններուն եւ սերտ կապերուն վրայ, որոնք ռազմավարական բնոյթ կը ներկայացնեն։ Ըստ յայտարարութեան՝ վերջին շրջանին Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան, կայունութեան, հաղորդակցութեան եւ համագործակցութեան հիմունքով նոր շրջանի մը սկիզբի ազդանշանները կան։ Այս ծիրէն ներս երէկուան բանակցութիւններուն ընթացքին ծաւալուած քննարկումներու մեկնակէտը եղած է՝ տարածաշրջանէ ներս խաղաղութեան ապագայ հաստատումը, պաշտպանութեան, ռազմական եւ անվտանգութեան բնագաւառներէ ներս լայնածաւալ երկկողմանի ու եռակողմանի համագործակցութեան ամրապնդումը։ Անգարայի ժողովի ընթացքին Թուրքիա կրկնած է ամուր զօրակցութիւնը՝ ի նպաստ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2025