ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի Քրտական ինքնավարութեան նախագահ Նեչիրւան Պարզանին։ Անգարայի մէջ շօշափուեցան Թուրքիա-Իրաք յարաբերութիւնները, Քրտական ինքնավարութեան հետ համագործակցութիւնն ու տարածաշրջանային իրադարձութիւնները։

Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ զրոյցը, որու ընթացքին Էրտողան շեշտեց, որ Թուրքիոյ տարածաշրջանի անդորրութեան ու կայունութեան կը ձգտի, իսկ Իրաք նուրբ նշանակութիւն ունի՝ տարածաշրջանը բռնութեան փակ շրջանէն դուրս բերելու ուղղութեամբ։ Էրտողան նշեց, որ Անգարա կը հետեւի նաեւ իրաքեան Քիւրտիստանի այս ուղղութեամբ առած քայլերուն։

Նախագահ Էրտողան անդարդարձաւ նաեւ Իրաքի մէջ նախատեսուած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ու մաղթեց, որ անոնք բախտաբեր ըլլան ամբողջ ժողովուրդին տեսակէտէ ու նպաստեն երկրի անդորրութեան եւ կայունութեան։ Էրտողանի խօսքով՝ Թուրքիա Իրաքի պարագային այս բոլորը տարանջատուած չի նկատեր իր իսկ կացութենէն։

Զրոյցի ընթացքին Էրտողանի կողքին էին ՄԻԹ-ի ղեկավար Իպրահիմ Քալըն, Հանրապետութեան նախագահութեան հաղորդակցութեան բաժանմունքի ղեկավար Պուրհանետտին Տուրան եւ նախագահական աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան գծով աւագ խորհրդական դեսպան Աքիֆ Չաղաթայ Քըլըչ։

Ի լրումն այս բոլորին, նախագահ Էրտողան ընդգծեց, որ «Առանց ահաբեկչութեան Թուրքիա» գործընթացը յաջողութեամբ պսակելու ուղղութեամբ Թուրքիա վճռական է։ Այս շրջանակին մէջ իրաքեան Քիւրտիստանի կողմէ Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու միասնականութեան ուղղեալ աջակցութիւնը կարեւորութիւն կը ներկայացնէ։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 10, 2025