Երեքշաբթի 24, Դեկտեմբեր 2024
ԳԵՐՄԱՆԻԱ Կ՚ԱՌԿԱԽԷ
Գերմանիոյ խորհրդարանը առկախեց 1915-ի դէպքերը որպէս ցեղասպանութիւն բնորոշող օրինագծին ընդունումը։ «Տէր Շփիկէլ» հանդէսը կը հաղորդէ, որ խորհրդարանական խմբակցութիւնները նախագծի երկրորդ եւ երրորդ ընթերցումները յետաձգած են անորոշ ապագայի մը, քուէներու միասնութեամբ։ Ըստ հանդէսին, այս որոշման մէջ դեր խաղացած է փախստականներու տագնապին գծով լուծում փնտռելու այս օրերուն Թուրքիան չգրգռելու պարագան։ Գերմանիա այս քայլը առաւ Եւրոպական ատեանի անցեալ օրուան որոշումէն ետք։
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 17, 2015