ՅԻՇԷ՛ ՈՐՊԷՍԶԻ ԳՈՅԱՏԵՒԵՍ
Փիլիսոփայ ու քննադատ Ճորճ Սանտայանայի արտայայտած ամենէն կարեւոր մտածումներէն մէկն է՝ «Ով չի յիշեր իր անցեալը, դատապարտուած է զայն կրկնելու» խորիմաստ արտայայտութիւնը, որովհետեւ պատմութիւնը տարրալուծարանն է որոշ քաղաքականութիւններու, իտէալներու եւ որոշումներու, որոնք իրենց դրական ու բացասական ազդեցութիւնը կ՚ունենան հասարակութեան կեանքին վրայ եւ զանոնք լաւապէս սերտելը ապագան կառուցելու լաւագոյն տուեալները կու տայ:
Անցեալի մէջ կրկնուած սխալները կրկնելը հասարակութիւնը կը բանտէ անկարողութեամբ, որովհետեւ մարդկային տկար բնազդով մը բոլորս ալ հակումը ունինք փորձուածը փորձելու։ Այդ իմաստով «Ինքնութեան արահետ» ժապաւէնը ամբողջական պատմականն է պոլսահայ գաղութի պատմութեան՝ լաւագոյն վկան այն յիշողութեան, որուն մոռացութիւնը Պոլիսն ու պոլսհայութիւնը կրնայ դարձեալ դատապարտել կրկնութեան: Այդ իսկ պատճառով անցեալի մէջ դատապարտուած չմնալով հանդերձ, անցեալը յիշելը ապագան կառուցելու լաւագոյն միջոցն է եւ «Ինքնութեան արահետ»ը այդ պատասխանատու պարտականութիւնը լաւագոյնս կը կատարէ:
«Ինքնութեան արահետ»ը հայելին է պոլսահայութեան. հայելի՝ որուն մէջ գաղութը կը տեսնէ իր յաղթանակներն ու պարտութիւնները, ուրախութիւններն ու տխրութիւնները եւ այս բոլորէն վեր գաղութի մը գոյատեւման աննկուն կամքը, որ բոլոր սերունդներուն համար անհրաժեշտ է աւելի փայլուն ու յուսալի ապագայ մը կառուցելու համար: Մարդկային կեանքի ընթացքը միշտ եղած է նոյնը. գործը կը վերածուի յիշողութեան, եթէ այդ յիշողութիւնը չվերածուի ուսուցման, չվերածուի դասի, ապա իր հիմնական արժէքը կը կորսնցնէ։ «Ինքնութեան արահետ»ը պոլսահայ կեանքի մէջ կատարուած բոլոր աշխատանքներուն ամփոփ պատմականն է, դասացոյցը նոր սերունդին, որուն լոյսին տակ պիտի լուսաւորուի ապագան: Պոլսահայութեան ապագան պայմանաւորուած չէ՛ իր եկեղեցիներով, իր դպրոցներով ու կառոյցներով. դարաւոր այս գաղութը ոտքի պահողներէն մէկը անոր ունեցած անցեալի հաւաքական յիշութիւնն է։ Երբ աշխատանքը վերածուի յիշողութեան, կու տայ իր դրական կամ բացասական ըլլալու արժէքը։ Այդ արժէքին հիման վրայ է, որ ապագայ սերունդը յիշողութիւնը դարձեալ գործի կը վերածէ եւ այս առումով «Ինքնութեան արահետ»ը լաւագոյնս ցոյց կու տայ այդ յիշողութիւնը: Ազգի մը համար յիշողութիւնը բեռ կը դառնայ, երբ նոր սերունդը սկսի մոռնալ իր իսկ գոյութեան պատմութիւնը եւ աւելի քան երբեք վստահ ենք, թէ նոր սերունդը այս ժապաւէնը նայելով շատ աւելիով պիտի հասկնայ, որ ինչ ըսել է՝ որպէս հայ գոյատեւել օտարութեան այս ափերուն մէջ: Նոր սերունդը նայելով պիտի սկսի շատ աւելիով արժեւորել բոլոր այն արժէքները, որոնք այսօր իր շուրջ կը գտնուին, որովհետեւ դպրոցը, եկեղեցին, հիւանդանոցը, մամուլը եւ նման ազգային արժէքներ հազար ու մէկ զոհողութեամբ է, որ կը կառուցուին եւ շատ աւելի մեծ զոհողութիւններով կը պահուին:
«Ինքնութեան արահետ»ը, այնպէս ինչպէս լոյս, նոյնքան զգուշացում մըն է. լոյս, որով մերօրեայ եւ ապագայ սերունդը կրնայ լուսաւորել իր ապագան եւ աւելի հաստատ քայլերով առաջնորդուիլ դէպի ապագայ։ Զգուշացում լաւապէս հասկնալու համար, թէ սխալ որոշումները, արձակուած վճիռները ո՛չ միայն անհատներու, այլ հաւաքականութեան կեանքին մէջ ինչպիսի աւերներ կրնան գործել:
Մերօրեայ աշխարհը ժապաւէնը կ՚ընդունի՝ որպէս ժամանցի միջոց։ «Ինքնութեան արահետ»ը այդ ժամանցը չէ՛, որ պիտի փոխանցէ իր հանդիսատեսին։ Պարզապէս հանդիսատեսին պիտի տայ այն գիտակցութիւնը, թէ գաղութ մը ինչպիսի՜ դժուարութիւններով կրցած է իր գոյութիւնը ապահովել։ Այդ զոհողութիւններով կառուցուած գաղութ մը անտարբերութեամբ կարելի չէ մահուան դատապարտել. այս մէկը ժապաւէն մըն է, որ զաւկին մէջ պարտի արթնցնել պատասխանատուութեան զգացումը եւ այդ զգացումի լոյսին տակ է, որ պիտի շարունակէ գոյատեւել ու հասնիլ ապագայ սերունդներուն։
Մերօրեայ անտարբերութիւնը կամայ թէ ակամայ պատմութեան մէջ իր հետեւանքները կ՚ունենայ։ Հետեւաբար, մեր դիմացն է յիշողութիւնը. կը մնայ դասեր քաղել ու շարունակել երթը:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ