ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ
ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ
Տ. ՍԱՀԱԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԱՇԱԼԵԱՆ
ԿՈՍՏԱՆԴՆՈՒՊՈԼՍՈՅ ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔ
Իսթանպուլ, Թուրքիա
Սիրելի Սրբազան Պատրիարք,
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները կը յղենք Ձեզ՝ Ձեր գահակալութեան հինգերորդ տարեդարձի առթիւ։
Աւելի քան երեք տասնամեակ Դուք՝ որպէս Տիրոջ արժանաւոր մշակ, Ձեզի յատուկ խոնարհութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կը ծառայէք ի նպաստ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման եւ մեր ժողովուրդի զաւակներու հզօր կեանքի նորոգութեան ու պայծառութեան։
Մենք մօտէն ճանչցանք նուիրեալ եկեղեցականդ, երբ Կոստանդնուպոլսոյ եւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւններուն մէջ երկարամեայ սպասաւորութենէ յետոյ հաստատուեցաք հայոց հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ստանձնելով Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչի կարեւոր պաշտօնը։ Գովելի աշխատասիրութեամբ ու եկեղեցասիրութեամբ Դուք կարեւոր աւանդ բերիք հոգեւորականաց նոր սերունդի պատրաստութեան գործին՝ վաստակելով ճեմարանի սաներու սէրն ու յարգանքը եւ օրինակ դառնալով անոնց համար։
Հայ Եկեղեցւոյ օրհնեալ անդաստանէն ներս Ձեր երկարամեայ ծառայութեան մէջ կարեւոր հանգրուան դարձաւ Ձեր ընտրութիւնը Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքի բարձր պաշտօնին։ Պատրիարքութեան համար դժուարին ժամանակահատուածի մէջ ստանձնելով պատասխանատու յանձնառութիւնը՝ Դուք անձնուէր ծառայութեամբ նախանձախնդիր ջանքեր ներդրեցիք զօրացնելու միասնութիւնն ու համախմբումը, պոլսահայ աւանդաշատ համայնքէ ներս՝ համալրելու եկեղեցականաց շարքերը, նպաստելու մեր եկեղեցիներու եւ ծուխերու պայծառութեան, ազգային եւ կրթական հաստատութիւններու գործունէութեան առաւել արդիւնաւորման։ Ուրախ ենք, թէ Պատրիարքութեան հոգեւոր դասը եւ հաւատաւոր հօտը սիրով ու պատրաստակամութեամբ լծակից ու աջակից են Ձեզ այս կարեւոր առաքելութեան մէջ՝ Պատրիարքութեան հարիւրամեակներու տարեգրութիւնը զարդարելու նորանոր յաջողութիւններով ու ձեռքբերումներով։
Առանձնակի գոհունակութեամբ կ՚անդրադառնանք, որ ծառայութեան ողջ ընթացքին քարոզխօսութեան Աստուածապարգեւ շնորհով ու հեղինակած գրական աշխատութիւններով Դուք մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը մատուցէք Աստուծոյ խօսքը եւ Ձեր հոգիի ջերմ սէրը՝ առ մեր Սուրբ Եկեղեցին եւ Քրիստոսահաստատ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը։
Սիրելի Սրբազան Պատրիարք, գահակալութեան հինգերորդ տարեդարձի առթիւ Մեր բարձր գնահատանքն ու ջերմ բարեմաղթանքները կը յղենք Ձեզի՝ ի խորոց սիրտի աղօթքով, որպէսզի ամենակալն Աստուած զօրակից ըլլայ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ քաջեռանդ սպասաւորիդ տէրունապատուէր ծառայութեան մէջ, պարգեւէ քաջառողջութիւն եւ արեւշատութիւն եւ գործոց յաջողութիւններ՝ ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն Հայաստանեայց Առաքելական մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի շինութիւն Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան։
Ողջ լերուք ի Տէր, զօրացեալ շնորհօք Սուրբ Հոգւոյն եւ յաւէտ օրհնեալ ի Մէնջ. ամէն։
Ողջոյնիւ ի Քրիստոս եւ օրհնութեամբ՝
ԳԱՐԵԳԻՆ Բ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ