ՆՈՒԻՐԱԳՈՐԾԵԱԼ ԵՐԹ

Այս տարուան Ս. Թարգմանչաց տօնը արտասովոր նշանակութիւն ունեցաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքին տեսակէտէ։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» կեդրոնի կողմէ պատրաստուած «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ժապաւէնի արեւմտահայերէն տարբերակի կալան բառին բուն իմաստով վերածուեցաւ դէպքի մը։ Ձեռնարկը հովանաւորեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որու գահակալութեան հնգամեայ յոբելեանին ձօնուած գործի կալան զուգադիպեցաւ իր անուանակոչութեան օրուան։

Այս ֆիլմի արտադրութիւնը կատարուած էր Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի նուիրատուութեամբ։ Ուստի, կալայի ժամանակ առաջին հերթին ընդգծուեցաւ անոր նկատմամբ երախտագիտութիւնը։ Արտադրական աշխատանքի վերջաւորութիւնը զուգադիպած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի նախկին աւագ խմբագիր հանգուցեալ Մարտիրոս Գօչունեանի մահուան 50-րդ տարելիցին, ուստի ֆիլմը ձօնուած է իր յիշատակին։ Վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը նախատեսուած էր ի յարգանս նորոգ հանգուցեալ ազգային բարերար Տիգրան Կիւլմէզկիլի։

Կալայի կազմակերպման զօրակցած էին՝ ատենապետ Սարգիս Չեթինքայայի գլխաւորած Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանի գլխաւորած Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը, Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Շիրինօղլու, Ռումելիհիսարի Ս. Սանդուխտ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Օշին Փոլատ, Թորգոմ եւ Իրմա Ճանէլ ամոլը, Արթօ եւ Դալար Հորոզօղլու ամոլը եւ համայնքային շրջանակներէն այլ դէմքեր։

Այս համախմբումը լաւագոյնս արժեւորած էր կամաւորներէ բաղկացեալ կարգադիր յանձնախումբը, որուն մաս կը կազմէին՝ Ժանէթ Շիրինօղլու, Ազնիւ Մեծատուրեան, Մարի Գավաֆեան, Նուարդ Աւետիքօղլու, Քարմեն Սար, Լիանա Էօզպիւլպիւլ, Մոնա Ճերմակեան, Սելին Կէզէրօղլու, Շուշան Սվասլըօղլու, Սէրտա Արսլան, Լեռնա Փափազեան, Մարալ Սաթար, Մուրատ Պէրպէրօղլու, Ալէն Թեքպըչաք, ինչպէս նաեւ Պատրիարքարանի անձնակազմէն Կարօ Վռամ Պապայեան։ Այս կազմին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը Պատրիարքարանի ներկայացուցիչը նշանակած էր Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեանը։

Ս. Թարգմանչաց տօնին օրը, նախ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նախագահեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ արարողութիւններուն։ Պատարագիչն էր Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ներկայ էր Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը՝ Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Օրուան քարոզը խօսեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դիւանապետ Տ. Տաճատ Եպսկ. Աշըքեան։

Տօնական օրուան խորհուրդը արդէն այս կալային իմաստը այլ հարթութեան մը վրայ դրած էր։ Յետմիջօրէին սկսաւ բուն յայտագրին գործադրութիւնը։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որու ընթացքին հանդիսաւոր ձեւով ընթերցուեցաւ Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ շնորհաւորական գիրը՝ ուղղեալ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, գահակալութեան հինգերորդ տարեդարձին առթիւ։ Այս գրութիւնը առանձնապէս ներկայացուած է մեր 7-րդ էջին վրայ։

Ժամերգութեան աւարտին բոլորը համախմբուեցան Ս. Որդւոց Որոտման տաճարին մէջ, ուր Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներու կողքին ներկայ էին նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան եւ Կաթողիկէ հայոց արքեպիսկոպոսարանի պատրիարքական կառավարիչ Տ. Վարդան Թ. Ծ. Վրդ. Գազանճեան։ 

Ձեռնարկին հրաւիրուած էին պոլսոհայ հոգեւորականաց դասը, համայնքային մարմիններու ատենապետները, վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներն ու տնօրէնները, 2019-ին գումարուած Ազգային պատգամաւորական ժողովի անդամները, վերջին պատրիարքական ընտրութիւնը կազմակերպած նախաձեռնարկ մարմնի անդամները, կրթական մշակներ, ժապաւէնի համար տեսակէտը շօշափուած պոլսոհայ դէմքերը, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի բարեկամները եւ այլ հիւրեր։

Յայտագիրը գործադրուեցաւ՝ ուսուցչուհի Մարալ Սաթարի հանդիսավարութեամբ։ Լիամեթրաժ ֆիլմի ներկայացման յաջորդեց ասուլիս մը (կարդալ՝ 12-րդ էջին վրայ)։ Ելոյթ մը ունեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որու խօսքէն վերջ պարգեւատրուեցաւ Տիգրան Պասկեւիչեան (կարդալ՝ Գ. էջի վրայ)։ Եզրափակիչ փուլին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի կողմէ պատրաստուած շարք մը յուշանուէրներ յանձնուեցան Նորին Ամենապատուութեան ձեռամբ։

Ծրագիրը շարունակուեցաւ «Պէզճեան» սրահին մէջ, ուր սարքուեցաւ ընթրիք մը, որ հոգեճաշ մըն էր ի ոգեկոչումն Ճեմիլ եւ Աննա Թոփլայըճը բարեյիշատակ ամոլին։

Բաժակաճառեր արտասանեցին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, Նաիրի Պետրոսեան, Գազանճեան Գերապայծառը եւ «Լոյս մետիա»էն Արամ Գուրան։

Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ծափողջոյններով հատեց գահակալութեան տարեդարձին եւ անուանակոչութեան օրուան առթիւ պատրաստուած կարկանդակը։ Ան ապա արտասանեց հուսկ բանքը եւ բոլորը արձակուեցան վառ տպաւորութիւններով։

«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմի ժողովրդական ցուցադրութիւնները յառաջիկայ շաբթուան մէջ պիտի սկսին քաղաքիս հայահոծ թաղերուն մէջ։

     

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 13, 2025