ՄԱՐԻՆԷ

Տասնամեակներ շարունակ հայ ժողովուրդին մէջ արմատացած է այն համոզումը, որ լեզուն ազգին հոգին է եւ անոր գոյութեան երաշխիքը, որովհետեւ լեզուն միայն քերականութիւն եւ կամ բառերու հաւաքածու մը չէ, այլ հաւաքականութեան մը ամբողջ պատմութիւնը, մշակոյթը աւանդութիւններն ու ինքնութիւնը: Եղած է ու կայ այն համոզումը, որ եթէ մարդ իր մայրենի լեզուն չի գիտեր, կը դադրի ազգի մը լիարժէք անդամ ըլլալէ: 

Անշուշտ, այս միտքը արտայայտող մտաւորականներ շատ ունեցած ենք. անոնցմէ շատեր համոզուած են, որ լեզուն ազգի մը անձնագիրն է եւ այդ լեզուով է, որ մարդ ինքզինք կապուած կը զգայ իր ինքնութեան: Անշուշտ, կան հակառակ կարծիք յայտնողներ. մեր ազգին մէջ այսօր շատ կան իր մայրենի լեզուն գինտալով հանդերձ ինքզինք հայ չզգացող անձեր, իսկ անդին կան նաեւ անոնք, որոնք հայերէն չգիտնալով հանդերձ կը շարունկեն իրենք զիրենք հայ զգալ եւ տեղ մը նոյնիսկ հպարտանալ իրենց հայու ինքնութեամբ: Ու այս երկուութեան միջեւ կ՚ուզենք ընթերցողը ի՛նք դատէ, թէ լեզուն որքանով անհրաժեշտ է ազգի մը մէկ անդամը դառնալու: 

***

Մեր աշխատակիցներէն Վարանդին հետ կը քայլենք Պոլսոյ փողոցներուն մէջ. յանկարծ կանգ կ՚առնենք «Մարինէ» անունով ճաշարանի մը առջեւ. զգացումներն ու հետեւողութիւնները նոյնն են. Մարինէ անուան մէջ կայ հայկական շունչ մը՝ հեռու թրքականէն կամ եւրոպականէն: Նոյն վայրկեանին մարդ մը մօտենալով թրքերէնով հարցուց, թէ ինչպէ՞ս կրնայ օգտակար դառնալ. հարցումը պարզ էր. «Մարինէն հա՞յ է»: Երկուքս ալ զգացինք, թէ այս հարցումը մարդուն տարբեր ուրախութիւն մը տուաւ. Մարինէն մօտեցող մարդու քոյրն էր. մարդուն տուած պատասխանէն յստակ էր, որ հայու ինքնութենէն հպարտութի՜ւն մը կը զգար, սակայն հայերէն չէր գիտեր: 

Տարօրինակ զգացում մը ծնունդ կ՚առնէ, երբ հայը հայուն կը հանդիպի. օտարականներ յանկարծ տարիներու մտերիմներ կը դառնան եւ ծնունդ կ՚առնէ խօսակցութիւն մը, որ տեսնողներ կրնան կասկածիլ, թէ այդ «ծանօթութիւն»ը մի քանի վայրկեաններու հարց է: 

Մօտեցողին անունը Արամ էր. կարելի չէր աւելի հայկական անուն սպասել քան այդ անունը՝ որ սերտօրէն կապուած է մեր ազգին: Այդ անունը ակամայ յիշեցուց Սարոյեանի «Անունս Արամ է» գիրքը, որուն կենդանի պատմութիւնն էր մեր դիմաց կանգնող Արամը՝ որ այնպէս ալ օտարական մը չէր. Սարոյեան իր յայտնի աշխատութեան մէջ կ՚ըսէր. «Աշխարհ լեցուն է հայերով եւ այդ հայերը իմ ազգականներս են»։ Գուցէ շատեր կրնան հարցականի տակ դնել անոր հայու ինքնութիւնը՝ իր մայրենին չգիտնալուն պատճառով, սակայն, պատմութիւնը այդպէս չէր ըսեր։ Հինգ եղբայր քոյր էին՝ բոլորն ալ հայկական անուններով. Մարինէ, Արամ, Սեդա եւ ուրիշներ։ Արամը ինք հայերէն չէր գիտեր, սակայն իր մէջ ունէր հպարտութիւն մը, որ իր աղջնակը հիմա լաւապէս հայերէն լեզուին կը տիրապետէր. աղջկան մայրը հայ չէր, հայրը հայերէն չէր գիտեր, սակայն, ինք հայկական դպրոց երթալով իր հայու ինքնութեան կը վերադառնար: Եթէ Արամ ինքզինք հայ չզգար, իր մայրենի լեզուն չգիտնալով հանդերձ իր զաւակը հայկական դպրոց պիտի չղրկէր. անոր աչքերէն ու արտայայտութիւններէն զգալի էր այն ուրախութիւնը, որ զաւակը հիմա արդէն հայերէն կը խօսէր, հայերէն կը հասկնար ու հայերէն կը գրէր: 

Հայն ու հայութիւնը ուրախութիւն էր Արամի համար. մեծ խանդավարութեամբ կը թուրակէր, թէ փողոցին մէջ քանի՞ հայեր կան. բոլորն ալ իր ընկերներն էին եւ քիչ մը ընկերէ մը աւելի՝ ազգակիցներ: 

Հայու հպարտութեան մէջ կար քրիստոնեայ ըլլալու հպարտութիւնը եւս. բոլորը մկրտուած եւ ծնած էին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Սուրբ աւազանէն: 

Թող ընթերցողը ի՛նք ըսէ. մայրենի լեզուն չգիտցող Արամը հա՞յ էր, թէ ոչ. Սարոյեան իր յայտնի աշխատութեան մէջ կ՚ըսէր. «Կ՚ուզէի տեսնել ուժ մը՝ որ կարենար ոչնչացնել այս ցեղը»։ Հիմա արդէն կամաց կամաց նոր սկսած ենք հասկնալ, որ նման ուժ մը տակաւին գոյութիւն չունի, որովհետեւ հայը հակառակ իր ամէն տեսակի թերութիւններուն, իր ներքին անհամաձայնութիւններուն, օտարութեան մէջ նոյնիսկ կը յաջողի հայ մնալ. շատ անգամ նոյնիսկ կարելի է մտածել, որ հայերէն չգիտցող այդ Արամը շատ աւելի մեծ հայերէնասէր մըն է, քան հայերէն գիտցող Հանրին՝ որ Հայաստանի մէջ ապրելով հանդերձ եւրոպացի «զարգացած»ի մը անունը կը կրէ։ Հայենասիրութիւնը ո՛չ անուան եւ ո՛չ ալ արտայայտուած լեզուին հետ կապ ունի. հայրենասիրութիւնը հոգիի եւ ինքնութեան հետ աղերս ունի։ Մենք բոլորս ալ կը հաւատանք, որ նահանջի մէջ է թէ՛ լեզուն, թէ՛ մշակոյթը եւ գրեթէ ամէն բան, սակայն հայերէն չգիտցող Արամին հայերէն գիտցող զաւակը յոյսի մեծագոյն աղբիւր մըն է. հայերէն չգիտցող Արամին զաւակը հայերէն գիտէ։ Գուցէ անոր թոռը եւս պիտի գիտնայ ու այսպէս նահանջէն դէպի յարութիւն, դէպի գիտակից ապագայ պիտի առաջնորդուինք... մեր մեծագոյն մաղթանքն է այս մէկը:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինքզինք հայ զգալու համար պայմա՞ն է հայերէն գիտնալ:

Պատասխան. Ինքզինք հայ զգալու համար հայերէն գիտնալը պարտադիր չէ, բայց լեզուն խորապէս կապուած է ազգային ինքնութեան ու պատկանելիութեան հետ: Լեզուն միայն հաղորդակցութեան միջոց չէ, այլեւ պատմութեան, մշակոյթի եւ ժառանգութեան մէկ մասն է: Ժամանակի ընթացքին բազմաթիւ հայեր սփիւռքի մէջ ապրելով կորսնցուցած են լեզուն, բայց պահած են իրենց ազգային ինքնութիւնը, հաւատքն ու պատկանելիութեան զգացումը: Լեզուն ինքնութեան ամենէն զօրաւոր արտայայտութեան ձեւն է, սակայն ոչ միակ պայմանը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 14, 2025