ԱՆՑՈՒՄԱՅԻՆ ՇՐՋԱՆ
Կազզէի պատերազմէն ետք կան կարգ մը կանխատեսումներ, թէ Շարմ-Էլ-Շէյխի գագաթաժողովը ի՞նչ շարունակութիւն կ՚ունենայ, ստորագրուած համաձայնագիրը ի՞նչ կացութեան ծնունդ կու տայ եւ ինչպէ՞ս կ՚ազդուին առաջնային հարցերը։ Եգիպտոսի տանտիրութեամբ, Շարմ-Էլ-Շէյխի մէջ կազմակերպուած հաւաքը մկրտուեցաւ «Խաղաղութեան գագաթաժողով» անունով։ Գերաստիճանին մասնակցեցան շուրջ քսան երկրէ ղեկավարներ։ Հաւաքը փորձեց կերտել այն հարթակը, որմէ սկիզբ պիտի առնէ ռազմական ճգնաժամի աւարտն ու զուգահեռ քաղաքական նոր փուլը։ Սա ո՛չ միայն Կազզէի, այլեւ ամբողջ Մերձաւոր Արեւելքի համար է: Գագաթաժողովը աւարտեցաւ համաձայնութիւնով մը, որու նպատակն էր ապահովել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութիւնը՝ պատերազմի աւարտին ու յաջորդելիք գործընթացներուն։ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ համաձայնագիրը բնորոշեց՝ որպէս ամենամեծն ու ամենաբարդը՝ ընդգծելով, որ պատերազմը աւարտած է եւ այս ձեռքբերումը պիտի պահպանուի՝ իւրաքանչիւր կողմի դրական մօտեցումով եւ պարտաւորութիւնները կատարելու յանձնառութեամբ։
Գագաթաժողովին զուգահեռ եւ կապուած ընդհանուր իրավիճակին՝ բազում հարցեր ծագեցան եւ սա, անշուշտ, պէտք է համարել բնական։ Վերլուծաբաններն ու փորձագէտները արծարծեցին հարցեր, որոնք անտեսուեցան տարբեր հաշուարկներով։ Ո՞ւր է Պաղեստինի պետութիւնը այս բոլորին մէջ, ինչպէ՞ս պիտի իրականացուի «Համաս»ի զինաթափումը, ինչպէ՞ս պիտի երաշխաւորուին պաղեստինցիներու քաղաքացիական եւ քաղաքական իրաւունքները եւ ինչպիսի՞ ճակատագիր մը վերապահուած պիտի ըլլայ «Համաս»ին։ Այս բոլոր հարցերը կը շեշտեն այն սպառնալիքը, որ կը կոչուի «բացասական խաղաղութիւն», երբ ռազմական դադարը կ՚ապահովէ միայն անվտանգութեան որոշակի մակարդակ մը, բայց, չի լուծեր քաղաքական եւ ընկերային հիմնախնդիրները։
Գագաթաժողովի առաջին փուլի կարեւոր ձեռքբերումները կը պարունակեն փոխանակումներ։ Այսպէս, Իսրայէլ ազատ արձակեց 1968 պաղեստինցի բանտարկեալ (ցմահ դատապարտեալներ եւ ծանր յանցագործներ)։ Ասոր դիմաց Պաղեստին ազատ արձակեց քսան իսրայէլացի գերի, իսկ Կարմիր խաչին յանձնուեցաւ իսրայէլացի չորս զինուորի մարմինը։ Սա փոխանակման առաջին փուլն էր, որուն պիտի հետեւէին այլ քայլեր։ Այս գործողութիւնները ցոյց տուին, որ միջնորդները կրնան ազդել ճգնաժամային իրավիճակներու վրայ, սակայն, չեն ապահովեր երկարաժամկէտ քաղաքական լուծում։
Շարմ-Էլ-Շէյխի գագաթաժողովի մասին ուշագրաւ տեսակէտ յայտնած վերլուծաբան Մուհամմէտ Մուսթաֆա, որու համոզմամբ՝ այստեղ հիմնական պատգամը պատերազմի աւարտն էր եւ յստակացումը, թէ Կազզէն այլեւս ռազմավարական խնդիր մը չէ Իսրայէլի համար, այլ միայն անվտանգային հարց մը։ Իր կարծիքով՝ Կազզէ կը ծառայէ նոր «միջին-արեւելեան խաղաղութեան»՝ դառնալով տարածաշրջանային վերակազմութեան հարթակ։
Իր կարգին, այլ վերլուծաբան մը՝ Իպրահիմ Ֆրայհաթ զգուշացուց, որ խաղաղութիւնը եւ կայունութիւնը դեռ իրական առումով գոյութիւն չունին. մարդասիրական օգնութիւնը եւ վերակառուցումը արմատապէս տարբեր են եւ եթէ վերակառուցումը օգտագործուի՝ որպէս քաղաքական գործիք, ապա ան Կազզէն կրնայ վերածել Սուրիոյ օրինակին, ուր տնտեսական զարգացումը միայն ժամանակաւոր փարատում է, իսկ քաղաքական լուծումը կը շարունակէ մնալ երազանք։
Այս պահուն զինաթափումը ուղիղ համեմատութեան մէջ կ՚ընկալուի երկրորդ փուլի մարտահրաւէրներուն հետ։ Գագաթաժողովէն ետք նոր փուլի մեկնարկը յայտարարուեցաւ Թրամփի կողմէ՝ առաջին փուլի աւարտէն եւ ողջ մնացած պատանդներու վերադարձէն ետք: Այս փուլը կը ներառէ վարչական նոր կառուցուածքի մը կերտումը Կազզէի մէջ, «Համաս»ի զինաթափումը, Իսրայէլի զօրքերու ամբողջական դուրսբերումը եւ վերակառուցման մեկնարկը: Այս առումով ալ Թրամփ շեշտեց, որ եթէ «Համաս» չզինաթափուի, ապա ԱՄՆ անհրաժեշտաբար ուժ պիտի կիրառէ: Ան նաեւ ընդգծեց իր պատրաստակամութիւնը՝ ուժ կիրառելու, եթէ այդ կազմակերպութիւնը չկատարէ իր պարտաւորութիւնները։ Թրամփ շեշտեց, որ զինաթափումը պէտք է կատարուի արագ կերպով եւ, ըստ անհրաժեշտութեան՝ ուժի միջոցաւ:
Միջնորդները՝ ներառեալ Եգիպտոս, Քաթար, Թուրքիա եւ Եւրոպական Միութիւն, զբաղած են բարդ խնդիրներով. ինչպէս՝ դիակներու որոնում, տեղամասային անվտանգութիւն, մարդասիրական բեռներու հոսք եւ համահունչ վերահսկողութիւն։ Միւս կողմէ, Իսրայէլի գործողութիւնները՝ ներառեալ բեռներու մուտքի սահմանափակում եւ Ռաֆահի անցակէտի վերաբացման յետաձգում, աւելիով կը բարդացնեն այս երկրորդ փուլը: Իսկ Իսրայէլի ծայրայեղական նախարարներու կողմէ առաջ քշուած հռետորաբանութիւնը ցոյց կու տայ, որ այդ երկրի ներքին քաղաքական լարուածութիւնները կրնան ազդել համաձայնագրի իրականացման արագութեան եւ արդիւնաւէտութեան վրայ:
Հարկ է նշել, անշուշտ, որ «Համաս»ի դերակատարութիւնը անշրջանցելի է։ Ան կը ներառէ Պաղեստինի ներքին կեանքի, արաբական երկիրներու եւ միջազգային ծալքեր՝ ամերիկեան միջնորդութեամբ: Զինաթափումը՝ համաձայն միջազգային եւ ԱՄՆ-ի պահանջներուն, տեսականօրէն կրնայ ապահովել անվտանգութիւն, սակայն, առանց քաղաքական վերջնական լուծման։ Էական հարցադրումը այստեղ կը մնայ հետեւեալը. ի՞նչ տեսակի Կազզէ մը պիտի ստեղծուի։ ԱՄՆ-ի համար Մերձաւոր Արեւելքի մէջ ամբողջական խաղաղութիւն մը կերտելը կը շարունակէ մնալ առաջնային։ Ան արդեօք յստակ ճանապարհային քարտէս մը ունի՞ Կազզէի համար։ Կրակը դադրած է արդէն, կազզեցիք կը վերադառնան իրենց տուները (որոնք բոլորն ալ գրեթէ փլատակ դարձած են), բայց եւ այնպէս, մինչեւ այս պահը յստակ քաղաքական ծրագիր մը գոյութիւն չունի։ Թերեւս կան որոշ մօտեցումներ, սակայն, յստակ է կարծէք, թէ սկզբնական փուլին Պաղեստինի կառավարութիւնը գլխաւորած նախագահ Մահմուտ Ապպաս յստակ դեր մը պիտի չունենայ Կազզէի մէջ։ Ներկայիս, անշուշտ, մարդասիրական փուլն է ու յստակ է, որ ԱՄՆ տարածաշրջանային այլ կարեւոր խաղացողներու հետ պիտի փորձէ մարդասիրական ճգնաժամը լուծել։ Կայ, ի հարկէ, «Համաս»ի ամբողջական զինաթափման հարցը, սակայն, միւս կողմէ ալ մեծ համոզում մը, թէ «Համաս» մօտաւոր անցեալին նման այլեւս սպառնալիք մը չէ Իսրայէլի անվտանգութեան դէմ։
Ուրեմն, պարզ է, միայն այս փուլերու աւարտին ի յայտ պիտի գան նոր եւ ազդեցիկ գործօններ, որոնք պիտի կառուցեն նոր Կազզէ մը։ Կազզէն պիտի վերականգնուի՝ թէ՛ իբրեւ քաղաք եւ թէ իբրեւ քաղաքակրթական նոր մօտեցում։ Ան անցեալի սպառած գաղափարներէն պիտի ձերբազատուի, ինչ որ միջոցէ ու բանալիէ պիտի զրկէ այն երկիրները, որոնք հաշիւներ ունէին Իսրայէլի հետ։
Խանդավառուելու համար նոր Կազզէի մը ստեղծման ճանապարհին՝ տակաւին շուտ է։ Այս առումով լաւատեսութիւն կը ստեղծէ, որ Իսրայէլի դէմ զինեալ պայքար մղած «Համաս» այլեւս չունի առաջուան ուժականութիւնը եւ, անշուշտ, զուգահեռաբար Պաղեստինի վիրաւոր ժողովուրդը սկսած է անդրադառնալ, որ «Համաս»ի պարանով պիտի չկարողանայ ջրհորին մօտ նոյնիսկ կանգնիլ՝ ալ ուր մնաց պայքարիլ կամ մտածել արաբական աշխարհին հիմք հանդիսացած մեծ գաղափարներու մասին։
Այսպէսով, հարկ է կրկնել, որ պատերազմը գուցէ աւարտած է զինուորական իմաստով, բայց, իրական խաղաղութիւն եւ կայունութիւն դեռ գոյութիւն չունին: Կազզէի շուրջ համաձայնագրի երկրորդ փուլը ընթացք առած է, բայց, ան բարդ եւ բազմաշերտ գործընթաց մըն է, որուն ներառուած են ռազմավարական քննարկումներ, վարչական վերակազմաւորում, զինաթափում, միջազգային վերահսկողութիւն եւ տեղական նոր ուժերու պատրաստում: Այնուամենայնիւ, առանց քաղաքական արդարութեան, ազատութեան եւ ինքնորոշման ապահովման՝ որեւէ հրադադար միայն ժամանակաւոր կ՚ըլլայ: «Բացասական խաղաղութիւն»ը կրնայ երկարաձգել լարուածութիւնը եւ ստեղծել նոր բռնկումներ՝ արդարութեան եւ մարդկային արժանապատուութեան համար պայքարը դարձնելով շարունակելի։
ԱՄՆ-ի, Եգիպտոսի, Քաթարի, Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութիւնը կարեւոր է, բայց, իրագործման երաշխիքները կախուած են նաեւ տեղական դերակատարներու եւ ներքին քաղաքական իրավիճակի յստակ լուծումներէն: Այս պայմաններուն մէջ, ճգնաժամային եւ ռազմական քայլերը միայն առաջին քայլերն են, իսկ իրական խաղաղութեան կառուցումը կը պահանջէ երկարատեւ, համապարփակ եւ արդար քաղաքական գործընթաց մը:
Եզրափակելով կարելի է պնդել, որ Կազզէի ճգնաժամի լուծման երկարաժամկէտ հեռանկարը դեռ բաց է եւ երկրորդ փուլը թէեւ սկսած է, սակայն, կը մնայ անորոշ եւ մարտահրաւէրներով լեցուն։ Իւրաքանչիւր կողմի պատրաստակամութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը որոշիչ կ՚ըլլայ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան