Երեքշաբթի 21, Հոկտեմբեր 2025
«ՅԱՆԿԱՐԾ»Ի ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Պաքըրգիւղի ընտանիքը շաբաթավերջին հիւրընկալեց յատկանշական ձեռնարկ մը։ Այսպէս, թաղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ «Յանկարծ» թատերախումբի ներկայացումը։ Երեկոյթը պատուեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Պաքըրգիւղի ընտանիքի վարիչներուն առընթեր բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ ներկայ գտնուեցան երեկոյթին։ «Յանկարծ»ը արժանացաւ բուռն ծափահարութիւններու։
Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025