ՊԷԶՃԵԱՆ ՄԱՅՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԳՈՀԱՑՈՒՑԻՉ

Երէկ, համայնքային շրջանակները ժամադրուած էին Գումգաբուի մէջ, ուր տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ ի նպաստ տարեկան մատաղօրհնութիւնը, որուն զուգահեռ հանգանակութիւն տեղի ունեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանին ի նպաստ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ տեղի ունեցան կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները։ Սիրոյ սեղանի արդիւնքը եղաւ բաւական գոհացուցիչ, ինչ որ մեծ խանդավառութեան առիթ դարձաւ։ Արդարեւ, 19 միլիոն լիրա պիւտճէի բաց մը յայտարարուած էր դպրոցի պարագային եւ այդ գումարին 15 միլիոնը ապահովուեցաւ նուիրատուութիւններու շնորհիւ։

Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ Մայր եկեղեցւոյ մէջ նկատելի էր եռուզեռ։ Ս. Պատարագը մատոյց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան՝ ղեկավարութեամբ Յովսէփ Գույումճեանի եւ երգեհոնահարութեամբ Կարպիս Քըլըճեանի։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը, որու ընթացքին բացատրեց, որ Աստուած զօրութիւն մը տուած էր նաեւ մարդուն։ Այսպէս, այդ զօրութիւնը կեանքի կոչելու համար առաջին հերթին մարդ պէտք է դրական մղումով շարժման անցընէ սեփական ուժերը։

Յաւարտ Ս. Պատարագի կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, յարակից «Պէզճեան» սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան։ Նորին Ամենապատուութիւնը նախագահեց նաեւ աշխարհիկ հանդիսութեան, որու ընթացքին իր կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, Տ. Շնորհք Վրդ. Տօնիկեան եւ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։ Համայնքային շրջանակներէն բազմաթիւ բարերարներու, վարչայիններու եւ յայտնի դէմքերու առընթեր ներկաներու շարքին էր նաեւ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։ Գումգաբուի ընտանիքի վարիչները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Յայտագրի տեւողութեան ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան եւ Մայր վարժարանի տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր։ Անոնք բացատրութիւններ տուին դպրոցի կարիքներուն շուրջ՝ մանաւանդ, որ Պէզճեան Մայր վարժարանի պարագային կայունութեան եւ նոր որոնումներու շրջան մը սկսած է՝ Քլոտիա Տեմիրի եւ հիմնադրի ներկայացուցիչ Ժանէթ Շիրինօղլուի պաշտօնի կոչուելէն ի վեր։ Այդ բոլորը համայնքային շրջանակներու կողմէ ալ անուշադրութեան չեն մատնուիր՝ մանաւանդ, որ մեր բարերարներէն Էֆրիմ Պաղի կողմէ գլխաւորուած մատաղօրհնութեան կարգադիր յանձնախումբը յաջողեցաւ այդ երեւոյթը զօրակցութեան շօշափելի արդիւնքի վերածել։

Գեղարուեստական բաժնին մէջ Պէզճեան Մայր վարժարանի սաները արժանացան ծափահարութիւններու։

Տնօրէնուհի Քլոտիա Տեմիր երէկուան ելոյթին ժամանակ ըսաւ. «Բոլորիս նպատակն է մեր շատ սիրելի վարժարանին դռները յաւերժ բաց պահել, յաջողութիւններ արձանագրելու առընթեր՝ հասցնել ինքնավստահ անհատներ, որոնք հաղորդ կը մնան իրենց մշակոյթին, տոհմիկ արժէքներուն ու մայրենիին»։ Գումգաբուի ընտանիքը յուշանուէր մը պատրաստած էր մատաղօրհնութեան կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ Էֆրիմ Պաղի համար։ Այս վերջինը Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ձեռամբ ստացաւ այդ մէկը՝ հանգանակութեան գոհացուցիչ արդիւնքով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ։

Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Նորին Ամենապատուութեան հուսկ բանքով եւ աղօթքով։

 

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2025