ԵԶՆԻԿ ԿՈՂԲԱՑԻ
Սուրբ Սահակ Պարթեւի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի աշակերտները՝ որոնք երէց կամ առաջին թարգմանիչ՝ նախնաբար «մեկնիչ» անունով յայտնի են, աշխատեցան հայ գրականութիւնը ճոխացնել թարգմանական՝ մեկնողական եւ ինքնագիր գործերով։ Այս թարգմանիչներէն է բուն եկեղեցական մատենագիր Եզնիկ Կողբացին։ Եզնիկ Կողբացին Ճակատք գաւառի Կողբ գիւղէն էր։ Ան շատ կանուխ աշակերտեց Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոր հետեւող եւ գործակից եղաւ ամէն բանի մէջ։ Հայ գիրերու գիւտի պատճառով երբ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Եդեսիա գնաց, միւս աշակերտներու հետ միացած էր եւ Եզնիկ, որը եւ խոր հմտացաւ ասորական լեզուին։
Հայ գիրերու գիւտէն յետոյ՝ Եզնիկ նորաբաց դպրոցներու մէջ գործեց եւ ապա ուղարկուեցաւ Եդեսիա, որպէսզի ասորական եկեղեցւոյ հայրերուն գործերը հայերէնի թարգմանէ։
Այս յանձնարարութիւնը իր աշակերտներէն Յովսէփի հետ կատարելէ յետոյ՝ Եզնիկ Պոլիս գնաց, ուր շատ հմտացաւ յոյն լեզուին եւ այս լեզուով գրուած գիրքերը թարգմանեց։ Ան Բագրեւանդի եպիսկոպոս դարձաւ եւ մասնակցեցաւ Արտաշատի նշանաւոր ժողովին։ Բացի բազմաթիւ թարգմանութիւններէ (հաւանաբար Կիւրեղ Աղեքսանդացիի եւ Ոսկեբերանի գործերը) ան թողած է փոքրիկ մատեան մը՝ «Եղծ Աղանդոց» անունով, որ ան յօրինած է մասամբ Մեթոտիոսի, Բարսեղի եւ ուրիշներու հետեւողութեամբ։
«Եղծ Աղանդոց» գործը կը բաժնուի 4 գիրքի. ա.- Ընդդէմ հեթանոսաց, բ.- Ընդդէմ քէշին Պարսից (քէշ=Պարսից կրօնք), գ.- Ընդդէմ իմաստնոց Յունաց, եւ դ.- Ընդդէմ Մարկիոնի։ Եզնիկի գրուածքը իրապէս ժամանակի պահանջքն էր. մէկ կողմէ հեթանոսական հաւատալիքներ տակաւին առատ էին հայ ժողովուրդին մէջ, միւս կողմէ պարսիկները կը սպառնային հայոց քրիստոնէութեան, վերջապէս Մարկիոնի վարդապետութիւնը մեծ յուզումներ եւ զգայնութիւն առաջ բերած էր այս ժամանակները Ասորիքի մէջ. եւ Եզնիկը իբրեւ հմուտ եկեղեցական ասպարէզ կ՚իջնէ «ի սիրոյ բարեկամաց» պաշտպանելու քրիստոնէական հաւատը՝ Եկեղեցիի աղանդաւորներու՝ թիւր վարդապետութեան հետեւողներու դէմ «Գրովք սրբովք», իսկ հեթանոսականներու, կռապաշտներու դէմ «իրօք ճշմարտութեան»։
Խորին հմտութիւն եւ զօրաւոր տրամաբանութիւն ցոյց կու տայ Եզնիկ իր այս փոքրիկ մատեանի մէջ, որ իր բովանդակութեամբ կարեւոր տեղ պիտի գրաւէ միշտ ո՛չ միայն հայ, այլ եւ ընդհանուր եկեղեցական գրականութեան մէջ, եւ այս իսկ պատճառով ալ, թարգմանուած է եւրոպական լեզուներով։
Լեզուական տեսակէտով եւս Եզնիկի գրուածքը հայ գրականութեան մէջ առաջի՛ն տեղը կը գրաւէ իր ընտիր եւ աննման հայկաբանութեամբ։
Յովհան Մանդակունի Կաթողիկոսը (Սուրբ Յովհաննէս Ա. Մանդակունի. 478-490) ո՛չ միայն նշանաւոր եղաւ իբրեւ գործիչ, այլեւ՝ իբրեւ եկեղեցական մատենագիր։ Անոր անունով պահուած է ճառերու ժողովածու մը այլ եւ այլ բարոյական խնդիրներու վրայ։ Այս ճառերու մէկ մասը հաւանօրէն կը պատկանի Է. դարուն ապրած Յովհան Մայրավանեցիին՝ որ ըստ հայ պատմիչներու՝ գրած է «Խրատք վարուց» անունով գիրք մը։
Մանդակունին իր ճառերու մէջ կը շօշափէ կեանքը՝ շատ կողմերով եւ անոր թերի երեւոյթներն ալ հրապարակ կը հանէ, եւ այս իսկ պատճառով հայ ժողովրդական կեանքի եւ անոր հաւատալիքներու ուսումնասիրութեան տեսակէտէ այդ ճառերը կարեւոր նիւթ կը մատակարարեն։ Ան կը խօսի հայ ժողովուրդի մէջ տարածուած պէս պէս հմտութիւններու մասին, որոնցմէ մի քանին պահուած են մինչեւ ներկայ ժամանակներ։ Կը խօսին արբեցութեան, վաշխառութեան, կնաթողութեան եւ այրաթողութեան, յաճախ երդում ընելու վատ սովորութեան մասին, ցոյց տալով այն չարիքները՝ որոնք այդ ախտերը առաջ կը բերեն։
Ուշադրութեան արժանի է նաեւ «Վասն անօրէն թատերաց դիւականաց» ճառը՝ որուն մէջ կը յարձակուի ժամանակի տեսարաններու դէմ, որոնք մարդուս սիրտը եւ հոգին կ՚ապականէին։ Մանդակունիի ճառերը կարեւոր են նաեւ Հայոց Եկեղեցւոյ դաւանական եւ ծիսական խնդիրներու ուսումնասիրութեան համար, այսպէս, նշանաւոր են անոր Հաղորդութեան, Քառասնօրեայ պահոց եւ այլ ճառերը։
Ճառերու արտայայտութիւնը պարզ եւ մատչելի է. լեզուն ոսկեդարեան, թէեւ կը պատահին բառեր եւ ոճեր, անշուշտ, գրչագրերու անփութութեամբ, որոնք յետնագոյն ժամանակի յատուկ են։ Մանդակունին կը հանդիսանայ նաեւ իբրեւ հասարակաց ժամակարգութեան յօրինիչ, անոր «Զարթուցեալք», «Զքէն գոհանամք» եւ այլ աղօթքներ մինչեւ այսօր կը կարդացուին Հայ Եկեղեցիին մէջ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 21, 2025, Իսթանպուլ