«ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՀԵՏ»Ը ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ
Երէկ երեկոյեան, Սկիւտարի մէջ ցուցադրուեցաւ «Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիլմը։ Սա ժողովուրդին ու հետաքրքիրներուն բաց ցուցադրութիւններու շարքին վեցերորդն էր։ Այս փուլին նախատեսուած ցուցադրութիւններու շարքը այսպէսով հասաւ իր աւարտին։ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի եւ Երեւանի «Ֆակտում» փաստագրական կեդրոնի համատեղ նախաձեռնութեամբ արտադրուած գործը ներկայացուեցաւ Սկիւտարի բարձունքին, այսինքն քաղաքիս Ասիական ափի պատմական թաղերէն մէկուն մէջ, ուր դարերու հոլովոյթով հայկական վառ ներկայութիւն եւ հետքեր գտնուած են։ Ցուցադրութիւններու Սկիւտարի փուլին եւս ստեղծուեցաւ անմիջական մթնոլորտ։ Սեմէրճեան-Ճեմարան-Ներսէսեան-Երմոնեան սանուց միութեան սրահը լեցուած էր հետաքրքիրներով։ Այս փուլն ալ համախմբեց այնպիսի մարդիկ, որոնք իրերանման զգայնութիւններու հետամուտ են թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Երեկոյթը մասնակիցներուն տեսակէտէ յատկանշական դարձաւ՝ մանաւանդ, որ այս ֆիլմի դրական արձագանգները տակաւ կ՚ընդլայնուին համայնքային շրջանակներէն ներս։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Եղիշէ Վրդ. Ուչքունեան։ Սկիւտարի սանուց միութեան վարչութեան ատենապետուհի Մարթա Քոփար եւ գործակից ընկերները ջերմ մթոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին ներկաները։ Բացման փուլին ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ փորձառու կրթական մշակ Եւգինէ Ինճիտիւզէն։ Ֆիլմի ցուցադրութենէն վերջ ելոյթի հրաւիրուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան, որ ուրախութիւն յայտնեց հերթական ցուցադրութեան կազմակերպման առթիւ։ Ան շեշտեց, որ հետաքրքիրներու հետ իրերայաջորդ համախմբումները եզակի հնարաւորութիւն եղած են՝ զգալու համար համայնքի վերաբերմունքը։
Սրտի խօսքէն վերջ ատենապետուհի Մարթա Քոփար յիշատակ մը յանձնեց Արա Գօչունեանին։ Յաջորդած ընդունելութեան ընթացքին ներկաներու միջեւ ծաւալուեցաւ անմիջական զրոյց։
«Ինքնութեան արահետ. Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռը ժամանակներու մէջ» փաստավաւերագրական ֆիմլի արեւմտահայերէն տարբերակի ներկայացումները այս փուլին արդէն աւարտեցան։ Յառաջիկային կը ծրագրուի նաեւ ժապաւէնի այլ լեզուներով պատրաստուած տարբերակներու ցուցադրութիւնը։
