ՅԱՐԳ ԵՒ ԱՐԺԱՆԻՔ ԳՆԱՀԱՏԵԼ

Կը պատմուի, թէ գիւղի մը մէջ կար երիտասարդ մը՝ որուն ամբողջ մանկութիւնը անցած էր ծննդավայր գիւղը։ Յետոյ հեռացաւ իր ծննդավայրէն՝ բժշկութիւն ուսանելու համար։ Յաջողութեամբ աւարտեց իր ուսումը եւ համբաւաւոր, ճարտար բժիշկ մը հանդիսացաւ։

Եւ ան դարձաւ իր ծննդավայր գիւղը՝ բժշկելու, ծառայելու եւ օգտակար ըլլալու համար իր գիւղացիներուն։

Գիւղացիները մեծ ուրախութեամբ ընդունեցին իրենցմէ հասած բժիշկը՝ հպարտ զգալով իրենք զիրենք, քանի որ ան իրենց ծոցէն ելած էր եւ ահա հիմա՝ դարձած իր հարազատներուն մօտ կը բժշկէր զիրենք եւ կ՚օգնէր անոնց։

Բայց եւ դժբախտաբար կեանքի մէջ կարելի չ՚ըլլար տեսնել այս տեսարանը, ինչ որ կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ մարդկային պատմութիւնը ա՛յս ցոյց կու տայ։ Մարդիկ, վերոյիշեալ պատմուածքի մէջ պատահածին նման ուրախութեամբ չեն դիմաւորեր իրենց ծոցէն ելած համբաւաւոր ճարտար տեղացիները։

Յիսուս երբ դարձաւ իր ծննդավայրը, Ան չընդունուեցաւ եւ նոյնիսկ մերժուեցաւ տեղացիներու կողմէ։ Անոնք ըսին Յիսուսի. «Բժի՛շկ, դուն նախ ինքզինքդ բժշկէ», ասոր պատասխանը եղաւ Յիսուսի.- «Մա՛րդ արժէք չունի իր ծննդավայրը»։

Յիսուսի ծննդավայրի տեղացիները ինչո՞ւ մերժեցին զԱյն։ Որովհետեւ անոնք կանխակալ էին՝ Յիսուսը կը տեսնէին որպէս «մանուկ», հակառակ որ լսած էին Անոր հրաշքները։ Յիսուսի համբաւը հասած էր մինչեւ իրենց, բայց չէին հաւատար. չէին վստահիր եւ այդ պատճառով Յիսուս հրաշք չկատարեց, չբժշկեց իր իսկ ծննդավայրը։ Արդարեւ, հրաշք տեսնելու բժշկուելու համար պէ՛տք է հաւատալ, վստահիլ, եւ արժէք գնահատել։

Մե՛նք ալ, սիրելի՜ներ. ամէն օր հրաշք տեսնել կ՚ուզենք, բժշկուիլ եւ մեր փափաքներուն տիրանալ։ Բայց շատ անգամ չենք խորհիր, թէ ո՛րքան հաւատք ունինք, որքան վստահութիւն ունինք։ Արդարեւ, Աստուծոյ կամքը խնդրել բաւական է մեր փափաքներուն իրականացման համար, քանի որ Անոր կամքը մի՛շտ բարի է, իմաստութեամբ է, եւ Ան մի՛շտ արդարամիտ է եւ բարեգութ եւ ողորմած։

Մենք չենք ստանար մեր ուզածները, չ՚իրականանար մեր սպասած հրաշքները, որովհետեւ մեր հոգեւոր աչքերը չեն տեսներ, հոգեւոր կոյրեր ենք, ականջները չեն լսեր, քանի որ հոգեպէս խլացած ենք, քանզի մեր սիրտերը կարծրացած՝ հոն սիրոյ նշոյլը չէ մնացած. պարապ սիրտերով, խուլ ականջներով, կոյր աչքերով կը մօտենանք Ճշմարտութեան՝ Յիսուս Քրիստոսի։

Այսօր մարդիկ, ընդհանրապէս մոռցած են հոգեւոր արժէքներու գոյութիւնը տարուած՝ նիւթապաշտութեամբ, աշխարհասիրութեամբ։

Բայց կոյր ըլլալ չի՛ նշանակեր ամբողջ կեանքին կոյր ապրիլ, քանի որ միշտ բժշկուելու ճարը կայ, եթէ մարդ գիտնայ ուղիղ ճամբան եւ ճիշդ միջոցը՝ որ է Յիսուս Քրիստոս։ Բայց անպայմա՛ն հաւատքով եւ անվերապահ վստահութեամբ։

Կեանքը արգելքներով լեցուն է. բայց պէտք է գիտնալ միջոցը յաղթահարելու այդ արգելքները։ Մենք շատ անգամ ուրիշներու հետ կը հետաքրքրուինք, անշուշտ լաւ է ասիկա, բայց անհրաժեշտ է նաեւ հետաքրքրուինք մենք մեզի հետ. եթէ ուրիշներ կոյր են, պէտք է քննենք մենք զմեզ, թէ մենք ո՛րքան կոյր ենք. մանաւանդ հոգեւոր կուրութիւնը՝ որուն մութը աւելի խաւար է, քան մարմնական կուրութիւնը։ Կանխակալութիւնը եւ նախապաշարումը ամենէն թանձր եւ խիտ խաւա՛րն է։

Յիշենք Յիսուսի հարցումը այն երկու կոյրերուն՝ որոնք բժշկութիւն կը խնդրէին Իրմէ. «Կը հաւատա՞ք, որ կարող եմ ձեզ բժշկել»։ Եւ երբ ըսին անոնք. «Այո, կը հաւատա՛նք», իսկոյն բժշկուեցան եւ բացուեցան իրենց աչքերը եւ սկսան տեսնել…

Ուրեմն, մեզի կը մնայ հարցնել մենք մեզի. «Կը հաւատա՞մ»։ Բժշկուելու եւ հրաշք մը տեսնելու աստիճան կը հաւատա՞մ, թէ՝ ո՛չ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 25, 2025, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2025