ԹԵՀՐԱՆ-ՊԱՔՈՒ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաղչի վերջին օրերուն հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Խալաֆ Խալաֆովը, որ այցելեց Թեհրան։ Արաղչի զրոյցի ընթացքին յոյս յայտնեց, թէ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագիրը տարածաշրջանէն ներս կ՚ապահովէ երկարատեւ անվտանգութիւն։ Արաղչի վերահաստատեց Թեհրանի սկզբունքային դիրքորոշումը՝ բոլորի տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգային ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի հարցին մէջ՝ պաշտպանելով վէճերու լուծումը դիւանագիտական միջոցներով։

Զրոյցի ընթացքին Արաղչի ընդգծեց, որ Հարաւային Կովկասէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատումը ռազմավարական կարեւորութիւն կը ներկայացնէ թէ՛ Իրանի եւ թէ աւելի լայն տարածաշրջանի համար։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2025