ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց՝ շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ձեռնադրուած նորաօծ վեց քահանաները՝ ուղեկցութեամբ Սիւնեաց թեմի առաջնորդ Տ. Մակար Եպսկ. Յակոբեանի, որ կատարած էր ձեռնադրութիւնը։ Վեհարանի գահասրահին մէջ Նորին Սրբութիւնը շնորհաւորեց նորընծաները՝ փոխանցելով իր բարեմաղթանքներն ու հայրապետական օրհնութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտեց, որ քահանայական կոչումն ու հոգեւոր սպասաւորութիւնը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։ Իր խօսքով՝ մեծ պատիւ ու շնորհ մըն է ծառայել Աստուծոյ, ազգին եւ եկեղեցիին։ Ան յորդորեց, որպէսզի երիտասարդ հոգեւորականները նախանձախնդիր ու հաստատակամ ըլլան իրենց ծառայութեան մէջ՝ մշտապէս ունկնդիր հաւատաւոր հօտի կարիքներուն։
Հուսկ, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց նորաօծ քահանաները, որոնց նուիրեց «Մաշտոց» ծիսարաններ։
Միւս կողմէ, Վեհափառ Հայրապետը երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Գեղարքունեաց թեմի հոգեւոր սպասաւորներուն հետ՝ գլխաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Պարթեւ Եպսկ. Բարսեղեանի։
