Հին Ու Նոր Կենցաղ
Ամիսը անգամ մը նոյն տարիքի եւ ծննդավայրի բարեկամներու եւ ընկերներու հետ մեզմէ մէկուն տան մէջ քանի մը ժամերու համրանքով երեկոյ մը զոյգերով միասին անցընելը, իրարու մօտ գալը թէեւ գեղեցիկ սովորութիւն, նոյնիսկ աւանդութիւն դարձուցած էինք, սակայն տարիէ մը աւելի էր, որ թերացած էինք: Անկասկած, որ իւրաքանչիւրս իր արդարացուցիչ պատճառները ունէր կամ ունենալու էր: Անհանգստութիւն, տուն, բժիշկ, թոռնիկ, հարս, տղայ. շարանը երկար է:
Այսպէս, յաճախ կը հաւաքուէինք, ու կարծես այդ երեկոյ տեսակ տեսակ կենդանի ու համոզիչ ապրումներ կիսուելով՝ մենք մեզի կը վերադառնայինք: Ամերիկայի մէջ տրամադրութիւն ստեղծելը դժուար աշխատանք էր, սակայն եւ այնպէս էական ալ էր: Այս մէկուն լաւապէս կը գիտակցէինք բոլորս ալ: Ձեւով մը հոգեպէս կը փոխուէինք:
Ու այս աշնանամուտի երեկոներէն մէկուն, հինգ բարեկամ զոյգերով, որոշեցինք վերջապէս «տեսնուիլ»: Մեր տան բակը հաւաքուեցանք, կրկին անգամ կեանքն ու օրը ե՛ւ օծելու, ե՛ւ զրուցելու, ե՛ւ վիճելու եւ իրարմով ալ ջերմանալու:
Հոգիով լեցուն ժողովուրդի մը զաւակներէն էինք եւ կը հաւատայինք, որ այս մէկը հաւաքական ապրում ըլլալով հանդերձ, ազգային ալ էր: Եւ որովհետեւ մեր նոր հանդիպումը երկար բացակայութենէ մը ետք էր, որ կ՚իրականանար, ուստի ծնած պահը մեզի տարբեր անսովոր եւ հետաքրքիր մտերմութիւն ալ կը յուշէր: Յոյսով լեցուն ձկնորսի նման նետած էինք մեր ուռկանը մեր մօտիկ եւ հեռու անցեալին վրայ՝ որսալու յիշատակելին, անուշը, մոռցուածը, քաղցրն ու հաճելին:
Հաւաքին յանկարծ մէկը միւսին հարց տուաւ, թէ ե՞րբ մեծմամա պիտի դառնար: Վայրկեանին կարծես անհանգիստ «բան» մը մեր իսկ ստեղծած հեզասահ մթնոլորտին հոսքը պղտորեց, խանգարեց, ու մեր զրոյցը փոխեց իր հունը: Հարցում ստացող կինը յուզուեցաւ, աչքերը սրբեց իբրեւ յայտարար նշան իր ներքին լռակեաց տագնապին եւ ցաւալի յիշողութեան մը վերապրումին:
-Թոռնիկ-մոռնիկ չկայ, արդէն աղջիկս տուն եկաւ.- ըսաւ յուզումով եւ գրեթէ լալագին:
Յայտնի էր, թէ ինք այլեւս քիչ առաջուան ճառախօս կինը չէր ալ, որուն բառերը տակաւին փափուկ կարպետի նման կ՚արտասանուէին: Կսկիծը սկսած էր հոսիլ սրտէն: Վայրկեանին բոլորս ալ մեղքի զգացում մը ապրեցանք: Չխօսեցանք: Աչքի տակով իրարու նայեցանք: Անմիջապէս անդրադարձայ, որ ներկաներս՝ բոլորս ալ, մեր տուներէն ներս ունեցած էինք այս «տուն եկաւ»ի բաժինը: Մէկուն տղան, միւսին աղջիկները, միւսին ալ տղան եւ նաեւ իմս կամ՝ մերը: Երբեք մտքիս ծայրէն չէի անցուցած, որ բոլորս ալ «նոյն ակէն ջուր խմած էինք», այլ խօսքով, մեր տուներէն ներս մեր զաւակները ունեցած էին ամուսնալուծման խնդիրներ: Տխուր զուգադիպութիւն: Հապա թոռներու ներկայ իրականութի՞ւնը, անոնց ուրիշ «մամա» կամ ուրիշ «պապա» ունենալը: Սիրտ մաշեցնող: Չես գիտեր՝ ինչո՞ւ այս մասին իրարու երբեք չէինք «բացուած»: Այսօր, այս երեկոյ տարբեր էր: Ու խեղճ կինը պատմեց: Պատմեց երկար ու ցաւալի՝ մեր հոգիներուն մէջ ստեղծելով հին ու նոր ալեկոծումներ: Ինք, ի տես այս «նորութեան», թէեւ կսկիծը զինք անդունդներ տարած էր եւ ամօթի ու՝ ամօթխածութեան զգացումներով օրերը պատած, միշտ լռած էր. մարդու բան չէր պատմած, որպէսզի կեանքը շարունակուէր: Ու հիմա յստակ էր, թէ բոլորս ալ զոհերն էինք իրականութեան մը, որ մեր հին քաղաքին մէջ հազուադէպ էր: Բոլորս ալ քանի մը տարիներէ ի վեր թէեւ իրարմէ հեռու եւ սակայն նոյն անհանգիստ ծովուն մէջ լողացած էինք: Կեանքը մեզ ալ որսացած էր, ու բոլորս ալ՝ անձայն համակերպած: Մեր օրերը որոշ չափով կորսնցուցած էին իրենց կշռոյթը, աշխուժութիւնն ու ընթացքը:
Ժամեր ետք հիւր բարեկամներս մեկնեցան՝ իրենց հետ տանելով նաեւ իրենց ցաւերը:
Սենեակս անցայ: Օրուան այդ ուշ ժամուն առանձնանալ ուզեցի: Ես ինծի հետ: Տխուր մինակութիւն: Է՜հ աշխարհ: Ինչպէ՞ս բացատրեմ մեր կեանքի դաշտանկարը:
Կար ժամանակ, որ մեր տան մէջ ալ կ՚իշխէր աւանդութիւնը: Ան էր, որ կը կառավարէր մեր կեանքը: Կը սահմանէր մեր մտածումները: Պարզութիւն կար մեր եւ մեր ապրած քաղաքի կեանքին մէջ: Արհեստական բան չկար: Մեր կեանքը կը հետեւէր մեծերու հետքերուն, հաւատքի փնտռտուքի նման: Կը զգայի, որ ըրածս երազի ու գեղեցկութեան փնտռտուք մըն էր: Ու մտովի կը պարզաբանէի. հոն իւրաքանչիւր հայու համար ընտանիքը սրբութիւն էր, որովհետեւ կը հաւատայինք, որ մենք՝ իբրեւ հայեր, ընտանիքի ազգ էինք եւ ենք: Ես ծնած ու մեծցած էի հայրենասէր եւ աւանդապահ խարբերդցի ընտանիքի մէջ, ուր ապրելակերպը եղած էր հայեցի, եւ միշտ հնչած էր մայրենին: Ակամայ ձգած էինք մեր մանկութիւնն ու մեր պատանեկութիւնը եւ հեռացած «հոնկէ»՝ ծննդավայր դրախտավայրէն: Ու ոչ միայն ես, այլ ազգովին տարածուած էինք հատիկներու նման, նոր աշխարհներու մէջ: Մեծ յոյսերով վազած հարաւ, վազած արեւմուտք կամ հիւսիս՝ աղօտ փարոսներու մեռնող լոյսերուն ետեւէն, եւ սակայն՝ մնացած մինակ:
Իսկ հիմա, չեմ գիտեր, արդեօք մե՞նք, թէ մեր ապրած աշխարհը փոխուած էր: Կը հաւատայի, որ այդ պզտիկ սենեակէն ներս նոր եւ միեւնոյն ատեն հին խորհուրդները կրկին անգամ բացուած էին ու զիս կը տանջէին դիտումնաւոր: Իսկապէս, որ ինկած էի յուսահատութեան եւ օտար քամիներուն գիրկը: Ամէն հայ տունէ ներս գրեթէ ներկայ էր այս տագնապը: Նոր մտայնութիւն եւ ապրելակերպ: Ծնած էր նոր հայութիւնը: Բայց չէ՞ որ ազգը, որպէսզի գոյատեւէր, պէտք էր հաւատարիմ մնար իր էութեան, իր ընդերքին մէջ եղած հզօր ներուժին, իր ազգային գիտակցութեան: Իր իսկ այս ընթացքով ինծի կը թուէր, թէ վաղուան մեր ինքնութիւնը հետզհետէ պիտի մաշէր: Այն վայրկեանին, երբ մեր ոտքերը դրած էինք այս նոր աշխարհի հողին վրայ, այդ օրէն սկսեալ արդէն անձնատուր եղած էինք անոր քմահաճ նորութիւններուն: Կարծես երդումը դրժող մարդոց կը նմանէինք: Թէեւ ժամանակները ամէն տեղ փոխուած էին, սակայն կամայ թէ ակամայ մեր երազները անհետացած էին: Կարծես նոյնիսկ հայ մարդուն եւ յատկապէս նոր սերունդին մօտ կորսուած էր ընտանիք հասկացողութիւնը, հաւատարմութիւնը, խղճմտանքն ու ամօթխածութիւնը, ինչպէս նաեւ պարկեշտութիւնը: Հաւատացէ՛ք, ամբողջ աշխարհը իմ հարցը չէ: Իմ հարցը չեն օտարն ու օտարինը: Յայտնի էր, որ գրուելիք մեր նոր պատմութեան գիրքի էջերուն վրայ բոլոր գիրերը խառնուած էին: Ազգովին եւ ամէն տեղ փոթորկալից ամպերու տակ կ՚ապրէինք, անոր համար էր, որ մեր ճակատագիրը մեր ձեռքերով իսկ բոց դարձուցած էինք: Գերեզմանած էինք մեր աւանդութիւնները: Մեզ վերադարձի բերող յուշը չկար այլեւս: Այս մէկը դաժան իրականութիւն էր: Կապիկներու նման՝ դարձած էինք ամէնօրեայ, տեղական եւ աժան սովորութիւններու գերին: Մեր մտածման լիճերը ա՛լ ալիք չունէին: Հայ տուներէ ներս, հայ ուղեղներու մէջ «նորութիւնները» քանդած էին մեր երազները: Հաշտուած էինք սովորական առաւօտներուն հետ ու կարծես աղմկալից անէծքի տակ կ՚ապրէինք անոր համար՝ մեր կարգին իբրեւ արդարացում միշտ անորոշը անիծած:
Ուստի կը կարծեմ, որ գալիք ժամանակներու մնայուն ներկայութեան համար նախապայման է մեր կենցաղը քննել, մեր ապրումները ժողվել: Մեր գիտակցութեան առջեւ մերկացնել մարդկային նկարագիրը, զտել, վերցնել յարմարն ու յարմարագոյնը, որովհետեւ, եթէ ծառը կ՚ուզէ ապրիլ, պէտք է, որ իր արմատը փնտռէ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ