Սայաթ-Նովա (1722-1795) Հայ Ժողովուրդի Անզուգական Աշուղը
22 Սեպտեմբերին, 220 տարի առաջ, Հայաստան Աշխարհի վրայ արշաւած Աղա Մոհամմէտ խան անունով ասպատակի մը զինուորներուն ձեռամբ, սրախողխող պոկուեցաւ կեանքի թելը հայ ժողովուրդի հանճարեղ ծնունդներէն Սայաթ-Նովայի։
Հասուն տարիքին (1759-ին) քահանայ ձեռնադրուած՝ հայ մեծ Աշուղն ու Բանաստեղծը իր վերջին շունչը աւանդեց Հաղբատի վանքին մէջ, իբրեւ կտակ արձանագրելով, թէ «Չըխմամամ քիլիսէտէն, տէօնմէմէմ իսա՛տէն (ազէրիական թրքերէնով՝ դուրս չեմ գար եկեղեցիէն, չեմ հրաժարիր աղօթքէն)…Այս խօսքերն ասելէս ետք ինձ սպաննեցին պարսիկ Աղա Մոհամմէտ խանի զինուորները»։
Ինչպէս իր գրականութեամբ, նոյնպէս եւ իր կեանքով՝ խոր յոյզերու եւ բուռն սիրոյ ալեկոծումներու հանճարեղ բանաստեղծն է Սայաթ-Նովա, որուն երգերն ու բանաստեղծութիւնները, ահա աւելի քան երկու դարէ ի վեր, մշտանորոգ թարմութեամբ կը հնչեն հայոց իրերայաջորդ սերունդներու շրթներուն, սիրոյ հուրով տոչորուող սիրտերուն ու հոգիներուն բաբախուն երգ ջամբելով։
Թէեւ ամբողջ գրադարան մը լեցնող գրականութիւն նուիրուած է Սայաթ-Նովային, բայց հայ-կական բանասիրութիւնը դեռ ամբողջական լոյսի տակ առած չէ Հայկեան Հանճարի այս անզուգական աշուղ-բանաստեղծին կեանքն ու ժառանգութիւնը։ Սայաթ-Նովայի կեանքին ոչ միայն շատ մը մանրամասնութիւնները, այլեւ հիմնական փուլերն ու ծալքերը դեռ չեն լուսաբանուած անհրաժեշտ ճշգրտութեամբ ու խորութեամբ։
Օրինակ՝ թէեւ ընդհանրապէս օտարներ, նաեւ խորհրդահայ աղբիւրներ պարզապէս Թիֆլիզը կը յիշատակեն իբրեւ ծննդավայրն ու նահատակութեան վայրը «Կովկասի Երգի Թագաւորը» հռչակուած մեծանուն Սայաթ-Նովայի, այսուհանդերձ՝ վերջին տասնամեակներուն կատարուած բացայայտումներ կու գան յստակացնելու, որ աւազանի անունով Արութին կամ Յարութիւն Սայաթեան 14 Յունիս 1722-ին ծնած էր, մեծ հաւանականութեամբ, Սանահինի մէջ, որ ծննդավայրը եղած էր նաեւ մօրը՝ Սարայի, մեծանուն հայ բանաստեղծ Նաղաշ Յովնաթանի թոռնուհիին։
Հայրը՝ Կարապետը, Պոլսոյ հայ-թրքական աշուղական դպրոցի երախտաւորներէն սալմաստցի Ղուլ-Յարութիւն աշուղի որդին (որուն ծննդավայրը հաւանաբար եղած է Հալէպը կամ Ատանան) ըստ երեւոյթին փեսայ եկած էր Սանահին։ Սայաթեաններու ընտանիքը կանուխէն տեղափոխուած է Թիֆլիզի մերձակայ գիւղ մը, ուր մանուկ Յարութիւն ջուլհակութիւն սորված է ծնողքին կամքով։
Եօթը տարի ջուլհակութիւն սորվեցաւ եւ ջուլհակ աշխատեցաւ հետագայ մեծ բանաստեղծը, որ իր ստեղծագործութեանց մէջ միշտ օգտագործեց ջուլհակագործի իր հմտութիւնը՝ բանաստեղծական պատկերներու առումով լայնօրէն գործածելով մետաքսեայ թելերու մանուածքին ու հիւսուածքին, վառ ու գրաւիչ գոյներու խաղերուն, թանկարժէք կերպասներու բանուածքին նրբարուեստական փոխաբերութիւնները։
Ընգծումի արժանի է նաեւ ընտանեկան կազմաւորման այդ ենթահողէն ու միջավայրէն եկող Յարութիւն Սայաթեանի տիրապետումը, հայերէնի կողքին, վրացերէնի եւ ազէրիական թրքերէնի, ինչպէս եւ կարեւոր չափով պարսկերէնի ու մասամբ արաբերէնի։ Եւ պատահական չէ, որ համակովկասեան տարողութեամբ մեծանուն աշուղ-բանաստեղծ դարձաւ Սայաթ-Նովա՝ հայերէնով իր ստեղծագործութեան հիմնական ժառանգութեան կողքին, համաշխարհային մշակոյթի գանձարանին կտակելով նաեւ վրացերէն ու թրքերէն մեծարժէք երգեր ու բանաստեղութիւններ։
Բայց գերազանցապէս հայկական ակունք ունեցաւ հանճարեղ գուսանին ստեղծագործութիւնը։ Հայրական եւ մայրական կողմի տաղանդաւոր աշուղներէն, բանաստեղծներէն եւ արուեստագէտներէն ժառանգեց ոչ միայն ընտիր հայերէնն ու բանաստեղծական մշակումի արուեստը, այլեւ՝ հայ ժողովրդական երգ ու պարի աւանդները։
Հազիւ երիտասարդ, ան հրաժարեցաւ ջուլհակագործութենէ եւ ամբողջապէս նուիրուեցաւ աշուղական կեանքի։ Ճամբորդեց Պարսկաստան եւ հասաւ մինչեւ Հնդկաստան։ Շրջեցաւ Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան ենթակայ տարբեր երկիրներ։ Եւ ամէնուրեք, տարբեր ժողովուրդներու ստեղծագործական աւանդներուն մօտէն ծանօթանալով՝ հարստացուց թէ՛ իր գիտելիքներու պաշարը, թէ՛ բանաստեղծական մշակման հնարաւորութիւնները։ Ուխտի գնաց, մանաւա՛նդ, Տարօնայ աշխարհի Ս. Կարապետ վանքը, որ կը նկատուէր ժամանակի աշուղներուն հոգե-մըտաւոր հասունացման ուխտատեղին։
Արդէն հռչակաւոր աշուղ էր եւ «Սայաթ-Նովա (պարսկերէն՝ Երգի Որսորդ)» անունով մկրտուած, երբ հրաւիրուեցաւ վրաց Հերակլ Բ. թագաւորին կողմէ արքայական պալատ՝ պաշտօնապէս արքունի աշուղ կարգուելով։ Իր այդ հանգամանքով՝ Սայաթ-Նովա երկար ծառայեց Հերակլ Բ.-ի, արժանացաւ անոր վստահութեան. վրացական աշուղական բանաստեղծութիւնը հայկական եւ պարսկական պատուաստումով հարստացուցած հանճարեղ բանաստեղծին Հերակլ Բ. յանձնարարեց նաեւ քաղաքական առաքելութիւններ։ Կենսագիրներու վկայութեամբ, հայ մեծ գուսանը վճռորոշ դեր ունեցաւ պարսկական արշաւանքներու դէմ հայ-վրացական-թաթարական զինակցութիւն առաջացնելու գործին մէջ։
Բանասէրները տարակարծիք են, յատկապէս, վրաց արքունիքէն ներս Սայաթ-Նովայի ապրած մեծ սիրոյ ողբերգութեան մասին, որ կենսայորդ աղբիւրը եղաւ անոր երգերուն եւ բանաստեղծութեան։ Վրաց թագաւորին մօտ Սայաթ-Նովայի վայելած վստահութիւնը ծանր հարուած ստացաւ, երբ արդէն ամուսնացած ու զաւակներու տէր բանաստեղծը սիրահարուեցաւ թագաւորի դստեր կամ քրոջ՝ Աննային։ Անյոյս այդ սէրը այնքան մեծ էր ու խոր, որ Սայաթ-Նովա մինչեւ իր վախճանը տառապեցաւ ու երգեց անոր ներշնչումով։ Սայաթ-Նովա ամէնուր իր երգն ու բանաստեղծութիւնը տարածեց եւ, իր կենդանութեան արդէն, արժանացաւ ժողովրդային երգիչի դափնեպսակին։ Հազարը անցնող աշուղական իր երգերն ու խաղերը, երեք լեզուներով, տարածուեցան բերնէ բերան, ջերմացուցին եւ ծաղկեցուցին ժողովուրդի կեանքին ուրախ եւ տխուր պահերը հաւասարապէս։
Եւ արժանացան յաւերժութեան։
1759-ին Սայաթ-Նովա քահանայ ձեռնադրուեցաւ Տէր Ստեփանոս անունով՝ ոմանց կարծիքով վրաց Հերակլ Բ. թագաւորի ճնշումին տակ, որ կ՚ուզէր իր պալատէն հեռացնել զինք, իսկ այլ բանասէրներու կարծիքով՝ սիրահար բանաստեղծը պարզապէս ապաշխարհելու նպատակով նուիրուեցաւ հոգեւորականի ծառայութեան։
Սայաթ-Նովա իր կենդանութեան եւ իր ձեռքով լծուեցաւ սեփական ստեղծագործութիւնները գրի առնելու, մանաւանդ վրացերէն եւ թրքերէն իր երգերը հայացնելու աշխատանքին։ Գրականագէտները կը հաստատեն, որ իր Օհան որդին կարեւոր ներդրում ունեցաւ այդ աշխատանքին մէջ եւ մեծապէս օգնեց հօրը։ Այսօր Սայաթ-Նովայէն ունինք, գրաւոր պահուած, աւելի քան 230 հայերէն բանաստեղծութիւն։ Բայց կը տիրէ ընդհանուր այն համոզումը, որ տակաւին ցիրուցան կը մնան մեր ժողովուրդին կողմէ բանաւոր պահպանուած հայ հանճարեղ աշուղին բազում ստեղծագործութիւնները, որոնք պէտք է հաւաքուին ու գրի առնուին։
Սայաթ-Նովայի անզուգական ժառանգութիւնը փրկելու եւ մեր ժողովուրդին մատչելի դարձնելու դժուարին, այլեւ երախտաշատ գործին մէջ հիմնական եղաւ ներդրումը Սայաթնովագիտութեան հիմնադիր՝ հայագէտ Գ. Ախվերդեանի։ 1848-ի Մայիսին ձեռք բերելով աշուղի «Դավթար»ը (Տետր), հետազօտական քրտնաջան աշխատանքէ ու որոնումներէ յետոյ, 1852-ին ան լոյս ընծայեց Սայաթ-Նովայի հայերէն խաղերու առաջին ժողովածուն (46 խաղ)՝ կցելով բանաստեղծի կենսագրութիւնը, Թիֆլիզի բարբառի քննութիւնը եւ առանձին ոտանաւորներու բառապաշարին վերաբերեալ արժէքաւոր մեկնաբանութիւններ։
Իսկ Սայաթ-Նովան իր ներաշխարհով ու արուեստով մեր ժողովուրդին ծանօթացնելու գործին մէջ մեծ եղաւ ներդրումը Նիկոլ Աղբալեանի, որուն Սայաթ-Նովայի նուիրուած ժողովրդային լսարաններու բանախօսութիւնները մէկտեղուած են առանձին հատորի մը մէջ։ Հայ մեծ գրականագէտն ու քննադատը, իր կեանքի վերջալոյսին եւ Լիբանանի մէջ՝ Ճեմարանի յարկին տակ իր դասաւանդութեանց շրջանին, թիֆլիզեան իր տարիներուն կատարած բանահաւաքի աշխատանքները ի մի բերելով, յիշողութիւնները գրի առնելով եւ Սայաթ-Նովայի լեզուական եւ ոճաբանական իւրայատկութեանց ամենէն հարազատ ու մատչելի մեկնաբանութեան ձեռնարկելով, փաստօրէն թէ՛ երգեց եւ թէ ասմունքեց հայ հանճարեղ աշուղ-բանաստեղծին լաւագոյն ստեղծագործութիւնները եւ զանոնք մեր սերունդներուն փոխանցեց իբրեւ անկորնչելի ժառանգ ու հարստութիւն։
Սայաթ-Նովայի ժառանգութեան ճանաչման եւ վերծանման մէջ հսկայական եղաւ ներդրումը նաեւ Պարոյր Սեւակի, որ իր բանասիրական ու գրականագիտական աւարտաճառին նիւթ ընտրած էր Սայաթ-Նովան։ Նոյնպէս հիմնական ներդրում ունեցաւ բանասէր Մօրուս Հասրաթեան, որ ամենէն գիտական ժողովածուն կազմեց Սայաթ-Նովայի ժառանգութեան։ Իսկ Սէրկէյ Փարաճանով, 1968-ին պատրաստած իր «Նռան Գոյնը» գործով, ողջ աշխարհը գրաւող արուեստի գլուխ-գործոց մը սերունդներուն յանձնեց Սայաթ-Նովայի ներշնչումով։
Կեանքի եւ սիրոյ, տենչանքի ու տառապանքի, վշտի եւ ուրախութեան, իմաստութեան եւ յուսախաբութեանց՝ մարդկային ամենէն իրա՛ւ ու խորախորհուրդ ապրումներուն հանճարեղ երգիչը եղաւ Սայաթ-Նովա։
Որքան ալ դժուար ըլլայ անոր բարբառային հայերէնը, նորահաս սերունդներն անգամ ուղղակի իրենց սրտէն բխող երգի եւ հոգիի վաւերական խոստովանութեան վերածած են Սայաթ-Նովայի երգերը։
Յուշատետրի այս էջը կ՚արժէ եզրափակել Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի վկայութեամբ, որ 1910-ականներուն նախաձեռնեց եւ տարիներ պահպանեց տարին օր մը Սայաթ-Նովային նուիրելու աւանդութիւնը.-
«Նա մի նորօրինակ ձեւ չի, մոդա չի, որ ժամանակի ընթացքում ձանձրացնի ու փոխուի. նրան մին լսողը երկրորդ անգամ լսելիս աւելի պիտի սիրի, եւ մին հասկանալուց ու սիրելուց յետոյ երբեք չպիտի մոռանայ։ Գեղեցիկ ձեւի մէջ մի մշտավառ հուր հոգի է նա, մի ազնիւ ու լիքը սիրտ, մի հարազատ հզօր շունչ, որ մեր աշխարհքի հարազատ շնչի նման միշտ խաղալու է Կովկասի ժողովուրդների վրայ, ե՛ւ հայի, ե՛ւ վրացու, ե՛ւ թուրքի վրայ, որովհետեւ հաւասար ուժով երգել է ե՛ւ հայերէն, ե՛ւ վրացերէն, ե՛ւ թուրքերէն»։
ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ