ՆՈՒԱԳԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԱՆՐԱԿԵՐՏԵՐ

Ե­րե­ւա­նի «Նա­րե­կա­ցի» ա­րուես­տի միու­թեան եր­դի­քին տակ այս օ­րե­րուն գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նայ «Ա­փի մէջ» ցու­ցա­հան­դէ­սը, ո­րու շրջագ­ծով կը ներ­կա­յա­ցուին ման­րա­կերտ նուա­գա­րան­ներ։ Կիւմ­րե­ցի ար­հես­տա­ւոր­նե­րու ըն­տա­նի­քի մե­րօ­րեայ սե­րուն­դի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րէն Վա­լէր Նա­զա­րէ­թեան ստեղ­ծա­գոր­ծած է փոքր չա­փով բազ­մա­թիւ նուա­գա­րան­ներ, ո­րոնք կը տե­ղա­ւո­րուին ա­փի մէջ։ Այս ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան աշ­խա­տան­քը ան կը հա­մա­րէ աս­տուա­ծա­տուր շնոր­հի մը ար­դիւն­քը։ Իս­կա­կան նուա­գա­րան­նե­րու «կեն­դա­նի» ման­րա­կեր­տե­րու հե­ղի­նակ Նա­զա­րէ­թեան ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րուն կող­մէ շրջա­պա­տուե­ցաւ բարձր գնա­հա­տան­քով։

«Ճկոյ­թի եր­կա­րու­թեամբ կարճ տու­տուկ մը պատ­րաս­տե­լու ժա­մա­նակ կի­րա­ռած եմ ծի­րան եւ ե­ղէգ։ Սա­կայն, գոր­ծիք­նե­րու պատ­րաստ­ման մէջ գե­րիշ­խող նիւ­թը թուղթն է, զոր կը մշա­կեմ յա­տուկ ձե­ւով։ Ար­դիւն­քին, կի­թա­ռի կա­ղա­պա­րը կը նմա­նի փայ­տի, իսկ իս­կա­կան լա­րե­րը կը հնչեն իս­կա­կան կի­թա­ռի մը նման», ը­սաւ Վա­լէր Նա­զա­րէ­թեան։

Ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով ներ­կա­յա­ցուած ե­րաժշ­տա­կան վեց նուա­գա­րան­ներն էին՝ տու­տուկ, ձեռ­նա­դաշ­նակ, դաշ­նա­մուր, կի­թառ, հա­րուա­ծա­յին հա­մա­կարգ եւ սեն­թե­զա­թէօր։ Այս «կեն­դա­նի» նուա­գա­րան­նե­րու ե­րի­տա­սարդ ստեղ­ծա­գոր­ծո­ղը իւ­րա­քան­չիւր նմոյ­շին հա­մար ծախ­սած է քա­նի մը ա­միս։ Ար­դիւն­քին ան ա­պա­հո­ված է ոչ միայն բնօ­րի­նա­կին հետ կա­տա­րեալ նմա­նու­թիւն, այլ նաեւ՝ ստեղ­ծած լիար­ժէք գոր­ծող նուա­րա­գան մը։

Վա­լէր Նա­զա­րէ­թեան ա­ւել­ցուց, որ ման­կու­թե­նէն ի վեր սի­րած է զա­նա­զան նիւ­թե­րէ պատ­րաս­տել բազ­մա­պի­սի ա­ռար­կա­ներ, սա­կայն իր հիմ­նա­կան նիւ­թը ե­ղած է թուղ­թը։ Նոյ­նիսկ ման­կու­թեան խա­ղա­լիկ ինք­նա­շար­ժը, զոր փա­փա­քած էր ու­նե­նալ, պատ­րաս­տած էր թուղ­թէ։ Կա­տա­րե­լա­գոր­ծե­լով իր վար­պե­տու­թիւ­նը՝ Վա­լէր Նա­զա­րէ­թեան նոյն թուղ­թով ստեղ­ծած է Կիւմ­րիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի, Ե­րե­ւա­նի Օ­փե­րա­յի շէն­քե­րուն ման­րա­կեր­տը։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2015