ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԱՅԼՆՏՐԱՆՔՆԵՐ
«Այդքան կը քննադատէք, իսկ ո՞վ կը տեսնէք՝ որպէս Հայաստանի ղեկավար» յաճախ կը հարցնեն ինծի մարդիկ։ Ես կը տեսնեմ 5-6 թեկնածուներ, որոնց ղեկավարած ուժերը ընտրութիւններուն մասնակցելու դիմում ներկայացուցած են եւ որոնք Փաշինեանէն բացարձակապէս աւելի վատ չեն։ Ներկայ վարչապետը այնպիսի հանճարեղ ղեկավար մը չէ, որ իրեն համար այլընտրանք մը չըլլայ։ Ընդհակառակն՝ այդ թեկնածուներու հաւանական քաղաքականութիւնը չի կրնար աւելի կործանարար ըլլալ։
Այսպիսի արձանագրման համար ինծի հիմք կու տան այն՝ իսկապէս աննախադէպ իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցած են վերջին եօթնուկէս տարիներու եւ մասնաւորապէս՝ վերջին ամիսներու ընթացքին։
Մինչեւ Փաշինեանի իշխանութեան գլուխ գալը մենք չենք կորսնցուցած մեր վերահսկողութեան տակ գտնուող հազարաւոր քառակուսի քիլոմեթրեր։ Իշխանութեան քարոզիչներն ու կողմնակիցները ի՛նչ որ ալ ըսեն, թէ այդ տարածքները մենք զաւթած էինք, անոնք մեզ պէտք չէին, Ռուսաստանի պարանն էր, այդ տարածքները վաղուց յանձնուած էին եւ այլն, Փաշինեանի օրօք Արցախի կորուստը պատմական փաստ է, իսկ մնացած խօսակցութիւնները թռուցիկներ են։
Միայն այդ փաստի հիման վրայ կարելի է պնդել, 1991 թուականէն սկսեալ՝ Փաշինեան Հայաստանի ամենավատ ղեկավարն է։ Մնացածը՝ դաւաճան է, դաւաճան չէ, խելագար է, խելագար չէ, դուրսի ուժերու պատուէրը կը կատարէ կամ կը գործէ իր սեփական նախաձեռնութեամբ՝ քննարկումներու, կարծիքներու, մեկնաբանութիւններու ոլորտ են։
Բայց ես կրնամ արձանագրել, որ ժողովրդավարութեան առումով նոյնպէս Փաշինեանի հաստատած վարչակարգը առնուազն ոչինչով աւելի լաւ է իր նախորդներէն։ Աւելին, ես չեմ յիշեր, որ երբեւէ կալանաւորուած ըլլան այսքան շատ հոգեւորականներ՝ ներառեալ թեմերու երկու առաջնորդ եւ երկու արքեպիսկոպոս։ Ես չեմ յիշեր, որ 21 հոգեւորական կիրակի օրով, նոյն ժամուն կանչուին հարցաքննութեան, որպէսզի անոնք Պատարագ չմատուցեն։ Չեմ յիշեր, որ մարդը ամիսներով անազատութեան մէջ պահեն՝ եկեղեցւոյ սատարելու մասին մէկ նախադասութիւն ըսած ըլլալու համար։ Չեմ յիշեր, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու բոլոր ընդդիմադիր ղեկավարները կա՛մ սպաննուին, կա՛մ ազատազրկուին։
Այնպէս որ, պարզապէս հնարաւոր չէ ՔՊ-էն («Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը, որ Հայաստանի մէջ իշխանութեան գլուխ կը գտնուի, Խորհրդարանի մէջ մեծամասնութիւն կը կազմէ եւ ղեկավարն է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան) աւելի վատը ըլլալ։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի