ԴԵՄՈԿՐԱՏՆԵՐԸ ՅԱՂԹԱԿԱՆ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնավարութեան երկրորդ ժամկէտին կազմակերպուած առաջին մեծ ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկաւ ընդդիմութիւնը։ Այսպէս, Դեմոկրատ կուսակցութիւնը յաղթանակ տարաւ նահանգապետներու եւ քաղաքապետներու ընտրութեան արդիւնքով։ Նիւ Եորքի քաղաքապետ ընտրուեցաւ 34-ամեայ Զոհրան Մամտանի, որ Դեմոկրատ կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած ընկերվարական մըն էր։ «Reuters»ի հաղորդումներու հիման վրայ, «Ազատութիւն» ռատիոկայանը տեղեկացուց, որ Վիրճինիայի եւ Նիւ Ճըրզիի մէջ ալ դեմոկրատները յաջողութեան հասած են՝ ձայներու մեծ առաւելութեամբ։

Դեմոկրատ կուսակցութիւնը մեծ յաղթանակ մըն ալ ապահոված է հայաշատ Գալիֆորնիայի մէջ։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 5, 2025