«12-ՐԴ ԱՆԿՈՂԻՆԻՆ ՄԱՀԸ»
Մուհամմատ Ալի Աքպարը առանց ամչնալու լացաւ: Թերեւս երիտասարդ դառնալէ ետք առաջին անգամն էր, որ լացաւ: Եւ յանկարծ, վնասակար կարօտ մը զգաց ջուրի երկու տոպրակներուն, զորս իր ուսերուն վրայ կը շալկէր: Տակաւին հորիզոնին կը նայէր: Գիշերը կ՚իջնէր իր չորս կողմը կամաց-կամաց…, եւ իրեն զգացնել կու տար, թէ տեղ մը կը գնտուի…, ժամանակի մը մէջ է…, եւ թէ այս գիշերը Իպխայի պսակն է… Մարդիկ իրենց պատերուն ետին կը քնանան, փողոցները յոգնութեան եւ լռութեան նշոյլ կը ցուցաբերեն… Ծովը շնչահեղձ ըլլալով կը գոռայ լուսինին տակ…: Հանգիստ զգաց, փափաքեցաւ խնդալ, սակայն չյաջողեցաւ եւ դարձեալ լացաւ…:
Առաւօտը նոր յոյս շունչ մը տուաւ իրեն…: Կանգնեցաւ եւ սկսաւ փողոցներուն վրայ վազել: Ան որոշապէս գիտէ, թէ պէտք է գտնէ Օմանէն մարդ մը, որուն հետ խօսի… Ան կանուխ թէ ուշ այդ մարդը պիտի գտնէ, եւ այնտեղէն պիտի գիտնայ, թէ ուրկէ՞ պիտի սկսի, ուրկէ՞ պիտի սկսի յառաջանալ:
Այսպիսով, Մուհամմատ Ալի Աքպարը կեդրոնէ մը ներս հասաւ պաշտօնի մը՝ որպէս դռնապան: Իրեն շարժակաւոր հեծելանիւ մը (motorcycle) տուին, որպէսզի կեդրոնի գործերը կատարէ…: Այս շարժակաւոր հեծելանիւին վրայէն սկսան փողոցներուն տեսքը եւ պատերուն իմաստերը իր գլուխին մէջ մտնել: Որոշ մտերմութիւն մը զգաց, սակայն մտերմութիւն մը, որու կ՚ընկերակցէր այն մտածումը, թէ իր քրոջ Սապիքէյի աչքերը եւ մանաւանդ՝ իր սիրած աղջկան պատուհանը, Մուհամմատ Ալի ալ-Շաքին՝ որ առանց գիտնալու իրեն աղէտ մը պատճառեց, կը հալածեն զինք:
Ամիսները անցան ինչպէս շարժակաւոր հեծելանիւին անիւները ճամբուն վրայէն կ՚անցնին: Հարստութիւնը սկսաւ հաւաքուիլ եւ Մուհամմա Ալի Աքպարը իր բոլոր ուժով պինդ կը բռնէր իր փոքրիկ հարստութիւնը՝ վախնալով, որ քմահաճոյք մը կ՚անցնի անոր վրայէն, կամ ալ-Շաքին ձեռք կը դնէ անոր վրայ: Ասկէ ծագեցաւ այն միտքը, որ ան փայտէ փոքրիկ ամուր սնտուկ մը շինէ, որու մէջ պահէ իր հարստութիւնը:
Ի՞նչ է, սակայն, Մուհամմատ Ալի Աքպարի հարստութիւնը: Ան ո՛չ մէկ բանով կարելի է արժեւորել: Երբ Մուհամմատ Ալի Աքպարը դրամի որոշ հարստութիւն մը դիզեց, գնեց սպիտակ թափանցիկ զգեստ մը՝ ոսկեզօծուած եզերքներով…: Ամէն գիշեր, երբ իր սնտուկին հետ առանձին կը մնար, խնամքով այդ զգեստը կը հանէր, իր նիհար մատները քնքշանքով անոր վրայէն կ՚անցընէր, իր աչքերուն առջեւ կը փռէր զայն ու անոր վրայ կը թափէր իր փոքրիկ երազները, անոր վրայ գծելով իր փոքրիկ գիւղին բոլոր փողոցները: Փայտէ պատուհաններուն ետեւէն աղջիկներուն աչքերը կ՚երեւային…: Այնտեղ, զգեստին մէկ անկիւնը, անցեալը կար՝ որ ի զօրու չէր վերադառնալու, սակայն անոր ներկայութիւնը կարեւոր էր, որպէսզի զգեստին իր իրական արժէքը տար…: Նիհար մատները դարձեալ նոյն քնքշութեամբ կը ծալէին զգեստը, ապահով կերպով կը վերադարձնէին զայն փայտէ սնտուկին մէջ, եւ նոյն մատները կանեփի ամուր թելով կը կապէին սնտուկը…: Ատկէ ետք միայն կ՚անցնէր քնանալու…, միայն ատկէ ետք:
Սնտուկին մէջ ուրիշ բան մըն ալ կար. իր քրոջ՝ Սապիքէին համար խեցեգործական ականջօղեր, որոնցմով պիտի զարդարէր իր ականջները, երբ ինք Իպխա վերադառնայ, ինչպէս նաեւ շիշ մը լաւ անուշահոտ եւ ճերմակ լաթ մը՝ որու մէջ հաւաքած էր այն դրամները, որոնք Աստուած յաջողցուցած էր իրեն հաւաքել, յոյս ունենալով, որ օր օրի աւելնայ:
Սակայն, աւարտը, սկսաւ գիշեր մը, երբ իր շարժակաւոր հեծելանիւը կը վերադարձնէր պահեստարան, զգաց, թէ բան մը կ՚այրի իր մարմինին ծայրերը, ան ցնցուած էր այն միտքէն՝ թէ այդ աստիճանի տկարացած էր, եւ այս արագութեամբ, սակայն, շատ ուշադրութիւն չդարձուց. դողի նոպաները կ՚այցելէին իրեն ամէն անգամ, երբ իր քրոջ՝ Սապիքէին, Իպխային եւ վերադարձի կարօտը կը սաստկանար իր մէջ…: Այդ տկարութիւնը զգաց, որու կ՚ընկերանար վնասակար կարօտ մը բոլոր այն բաներուն՝ զորս ատեց, սիրեց, լքեց, եւ իր ամբողջ անցեալը կազմեցին…: Այսպիսով, Մուհամմատ Ալի Աքպարը թեքուեցաւ դէպի իր տունը այս մտածումով…: Սակայն, ո՛չ տկարութիւնը եւ ո՛չ ալ կարօտը լքեցին զինք մինչեւ յաջորդող օրուան կէսը…, եւ երբ փորձեց իր անկողինէն ելլել՝ զարմացաւ, թէ մինչեւ կէսօր քնացած է՝ առանց արթննալու առաւօտ կանուխ իր սովորութեան համեմատ. աւելին սարսափեցուց զինք այն, որ տակաւին կը զգար նոյն տկարութիւնը, որ իր ոսկորները կը կրծէր…: Վախւորած, քիչ մը մտածեց եւ մէկ վայրկենուան մէջ պատկերացուց, թէ ծովի ափին կանգնած է եւ արեւի ճառագայթին արտացոլանքը ջուրէն գրեթէ պիտի կուրցնէր զինք. ջուրին տոպրակները իր ուսերուն վրայ էին եւ տանջալից յոգնութիւն մը զգաց: Արեւուն արտացոլանքը սաստկացաւ, հակառակ ատոր իր աչքերը չէին կրնար գոցուիլ…, կ՚այրէին… Եւ առանց մտածելու, դարձեալ քնացաւ…:
Այստեղ, Մուհամմատ Ալի Աքպարի համար ժամանակը վերջացաւ՝ ինչպէս որեւէ մէկ արարած կը հասկնայ զայն: Ատկէ ետք բոլոր կատարուածները այնպէս եղան՝ կարծէք ինք գետնէն բարձրացած ըլլար, կարծէք իր ոտքերը կը շարժէին՝ առանց ոչ մէկ բանի դպնալու՝ կախուածի մը նման: Ի՛նքն էր, որ ժամանակի պատկերին դիմաց կը շարժէր, իսկ պատկերը սառած էին պազալթի լերան մը նման…: Որպէս գործող մարդ իր դերը վերջացաւ եւ սկսաւ իր դիտողի դերը պարզապէս… Կը զգար, թէ ո՛չ մէկ բան զինք որեւէ մէկ բանի կը կապէր…, թէ՛ ինք հեռու է եւ թէ բոլոր բաները, որոնք իր առջեւ կը շարժին, պարզապէս ձուկեր են, որ ապակեայ մեծ ամանի մը մէջ կը շարժին…, եւ հակառակ ատոր, իր լայն աչքերը եւս՝ ապակեայ էին:
Երբ դարձեալ արթնցաւ, տեսաւ, թէ մարդիկ շալկած էին զինք իր ձեռքերէն ու ոտքերէն: Շա՜տ յոգնած էր, սակայն, ուժ գտաւ, որ յիշեցուց իրեն, թէ կարեւոր բան մը կայ, որով ցած ձայնով մը գոռաց.
-Սնտո՜ւկը…, սնտո՜ւկը:
Ո՛չ ոք, սակայն, ուշադրութիւն դարձուց անոր ըսածին: Յուսահատ շարժում մը ըրաւ՝ վերադառնալու համար իր սնտուկին, իր ամբողջ զօրութեամբ վեր ելաւ եւ իր հեւացող կուրծքով, գոչեց.
-Սնտո՜ւկը:
Դարձեալ, ո՛չ ոք լսեց զինք…:
Արդէն դրան հասած էր: Մէջտեղի փայտէն բռնուեցաւ եւ դարձեալ սպիտակ ձայնով հեւաց.
-Սնտո՜ւկը…:
Այդ փորձի ջանքին չտոկաց եւ դարձեալ ծովեզերքի թմրութեան մէջ ինկաւ…: Այս անգամ կը զգար, թէ ծովուն մակընթացութիւնը կամաց-կամաց կը բարձրացնէր իր ոտքը եւ թէ ջուրը շատ պաղ էր…, ու իր ձեռքերը ամրօրէն կը բռնէին քառակուսի քար մը, որ զինք վար կ՚ընկղմեցնէր…: Երբ դարձեալ արթնցաւ, տեսաւ, թէ գրկած է իր հնաոճ սնտուկը՝ որ կանեփի թելով կապուած է, ճերմակ ուրականներ կային, որոնք իր դիմացէն կ՚անցնէին ու կը դառնային…, ինչպէս նաեւ ասեղ մը խրուած էր իր ձեռքին վրայ եւ իր դէմքը վերէն կը նայէր այդ ասեղին…:
Երկար օրեր անցան… Միայն երկար օրե՞ր ըսենք:
Իրականութիւնը այն է, որ ոչինչ անցաւ Մուհամմատ Ալի Աքպարին համար: Ցաւի սաստկութիւնը կերպով մը շարունակուեցաւ…: Ան չէ՛ր զգար այս սաստկութեան անցնիլը, այլ՝ կը զգար անոր տեղաւորուիլն ու շարունակուիլը: Ծովը սկսաւ խառնուիլ փայտէ ցած պատուհաններուն, որոնք ճամբուն ծայրն էին, ինչպէս նաեւ խեցեգործական ականջօղերուն, աղի ջուրով թրջուած զգեստին, նաւակին՝ որ կախուած է ալիքներուն վրայ եւ չի շարժիր, ինչպէս նաեւ հնաոճ ստնուկի մը:
Մէկ անգամ միայն, ան աշխարհին հետ կապ մը զգաց… Այն էր, ո՛չ այն չէր, երբ իր կողքին ձայն մը լսեց, որ կ՚ըսէր.
-Ի՞նչ կայ հնաոճ սնտուկին մէջ:
Ձայնի աղբիւրին նայեցաւ եւ երազ տեսնողի մը նման տեսաւ դեղնորակ սափրուած երիտասարդ տղայ մը, որ նշան կ՚ընէր սնտուկին եւ բանի մը կը նայէր…:
Յիշելու պահը կարճ էր…, որովհետեւ լռութեամբ շարունակեց ծովուն նայիլ, սակայն դեղնորակ սափրուած տղուն դէմքն ալ տակաւին իր առջեւն էր: Ապա, յանկարծակի աշխուժութիւն մը զգաց, իրերը առանց պատճառի մը յստակացան իր առջեւ: Իյնալէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով յստակութեամբ տեսաւ արեւուն ծագիլը…. Իրեն այնպէս թուեցաւ, թէ կրնայ ոտքի ելլել իր անկողինէն եւ վերադառնալ իր շարժակաւոր հեծելանիւին: Ամէն ինչ յստակացաւ. սնտուկը իր կողքն էր, կապուած էր, հանգստութիւն զգաց եւ շարժուեցաւ, որպէսզի ոտքի ելլէ, սակայն յանկարծակիի եկաւ, երբ տեսաւ, թէ խումբ մը ճերմակ հագած մարդիկ իր չորս կողմը կեցած են ու զարմանքով կը նային իրեն…: Մուհամմատ Ալի Աքպարը փորձեց բան մը ըսել, սակայն չկրցաւ եւ յանկարծ զգաց, թէ մակընթացութիւնը մինչեւ իր մէջտեղը հասած էր եւ ջուրը անտանելիօրէն պաղած էր, եւ չէր զգար… Ձեռքերը երկարեց, որպէսզի բան մը բռնէ՝ վախնալով, որ յանկարծ կը խեղդուի, բայց ամէն ինչ իր մատներուն առջեւ կը խոնարհէին: Յանկարծ, դեղնորակ սափրուած երիտասարդը տեսաւ. նայեցաւ անոր՝ վախնալով, որ սնտուկը չառնէ, մինչ ջուրը շարունակեց բարձրանալ, մինչեւ որ իր տեսողութիւնը փակեց եւ սափրուած դեղնորակին դէմը չէր տեսներ…
-«12-րդ անկողինը մահացաւ…» գոռաց բուժաշխատողը, մինչ ես չէի կրցած ազատուիլ Մուհամմատ Ալի Աքպարի աչքերէն, որոնք կը նայէին ինծի նախքան մեռնիլը…: Պատկերացուցի, թէ Մուհամմատ Ալի Աքպարը, որ կը մերժէր իր անունը փոքրիկ մասնիկներու պատառոտելու, այս Մուհամմատ Ալի Աքպարը այս անգամ պիտի համոզուէր, թէ ինք է թիւ 12-ը անկողինը, միայն թէ ապահով ըլլար իր սնտուկի ճակատագիրով…, եթէ ապահով ըլլար…:
Սիրելի Ահմատ, ա՛յս է Մուհամմատ Ալի Աքպարին պատմութիւնը, թիւ 12 անկողինը, որ երէկ գիշեր մահացաւ, եւ որ հիմա դիահերձարանին մէջ պառկած է սպիտակ սաւանով մը փաթթուած…, նիհար թուխ դէմքով, որ խոցը ստամոքսէս տեղափոխեց գլուխիս մէջ…, եւ որ դրդեց գրեմ քեզի, որպէսզի այլեւս դիմացս չըսես նշանաւոր նախադասութիւնդ՝ «խնդալէն պիտի մեռնէի»:
Լա՛ւ մնայ եղբօրդ համար
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
•շարունակելի…
Վաղարշապատ