ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Գարակէօզեան տան խնամակալութեան ատենապետ Արթին Քիլեճին եւ գործակից ընկերները։ Զրոյցի ընթացքին խնամակալները Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին՝ Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։ Ծանօթ է, որ երկրաշարժի դէմ ամրակայման անհրաժեշտութեան պատճառով Կազդուրման կայանի շէնքը քանի մը տարիէ ի վեր չի գործեր, իսկ խնամակալութիւնը կը ջանայ հարթել դիւանակալական խնդիրները, որոնք նախատեսուածէն շատ աւելի ժամանակ կը խլեն։ Ներկայիս այսօրինակ այլ հարցեր եկած են օրակարգի վրայ եւ խնամակալութիւնը անոնց կապակցութեամբ դիրքաւորուելու փուլին յարմար դատած է խորհրդակցիլ Նորին Ամենապատուութեան հետ։
Կազդուրման կայանի վերաբերեալ նիւթերու առընթեր, Գումգաբուի մէջ Գարակէօզեան տան խնամակալութեան վերջին շրջանի գործունէութիւնն ալ արժեւորուեցաւ՝ մանաւանդ, որ նորոգ հանգուցեալ Տիգրան Կիւլմէզկիլի բազմամեայ ատենապետութենէն վերջ անցումային շրջան մը խնդրոյ առարկայ դարձած է։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը յայտնեց, որ սկզբունքօրէն միշտ կը խրախուսէ նոր սերունդին ուղղեալ ծրագիրները։ Ան իր օրհնութիւնները փոխանցեց խնամակալութեան ու մաղթեց, որ աննկուն կամքով յաջողութիւններ արձանագրուին այս կարեւոր հաստատութեան պարագային: