ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԼԵՒՈՆ-ՎԱՐԴՈՒՀԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՀԱՆԴԷՍ
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ՝ Ս. Թարգմանչաց տօնին ձօնուած հանդէս մը։
Օրուան յայտագիրը պատրաստուած էր՝ հայերէնի ուսուցիչներու հսկողութեան ներքեւ։ Հանդիսավարն էր Սիլվա Պալճը, որ բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հայ գիրերու գիւտին եւ Թարգմանչաց շարժման։ Վարժարանի տնօրէնուհի Անիթա Թումայեանն ալ շնորհաւորական խօսք մը արտասանեց։ Աշակերտները ծափահարութիւններու արժանացան իրենց ելոյթներով։ Եզրափակիչ փուլին, տղոց խմբերգները բազմապատկեցին ստեղծուած խանդավառութիւնը։
*
Ծ. Խ.- Թոփգաբուի վարժարանէն ուղարկուած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ հանդէսը տեղի ունեցած է նոյեմբերի 6-ին։ Թէ ի՞նչ չափանիշով այս տարի հոկտեմբերի 11-ին զուգադիպած Ս. Թարգմանչաց տօնի հանդէսը նոյեմբերի 6-ին սահեցուած է, անշուշտ, յայտնի չէ։