ԱՐՍԷՆ ԵԱՐՄԱՆԻ ՀԱՅ ՈՍԿԵՐՉԱՑ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ԿՈԹՈՂԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸ ԱՆԳԼԵՐԷՆԻ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԱԾ
Մեր համայնքի յայտնի պրպտողներէն Արսէն Եարման վերջին տարիներուն լուրջ նպաստ կը բերէ թրքահայ հաւաքական յիշողութեան ձեւաւորման։ Ան արծարծուած կը պահէ զանազան բնագաւառներու պարագային անցեալի ժառանգութիւնը, որ այսօր թարմ կենսունակութեան անհրաժեշտ նախադրեալը կը համարուի։ Ի դէպ, իր աշխատանքը առիթ կը դառնայ, որպէսզի Թուրքիոյ լայն հասարակութիւնն ալ տարրական պատկերացում մը ունենայ՝ զանազան բնագաւառներէ ներս հայոց անփոխարինելի դերակատարութեան շուրջ։
Արսէն Եարմանի ջանքերով իրերայաջորդ հրատարակուած կոթողային գործերու շարքին առանձնացած է՝ Օսմանեան շրջանի գոհարեղէններու եւ հայ ոսկերիչներու վերաբերեալ երկհատորը։ Ուրախառիթ է, որ այժմ հրապարակի վրայ է այս գործին անգլերէն թարգմանութիւնը, որ «Yapı Kredi» հրատարակչութենէն լոյս տեսած է՝ «Jewelry and Armenian goldsmiths under the Ottomans» անունով։
Արսէն Եարման վերջերս խմբագրատունս այցելեց՝ իր իւրաքանչիւր այցին բնորոշ հսկայածաւալ եւ թանկ նուէրը ի ձեռին։ Ան թէեւ հերթական գիրքը նուիրելու համար փութացած էր ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը, սակայն, վաստակը շալկած մշակոյթի սպասաւորի մը ժամանումն էր այդ մէկը։ Որքան որ ալ գործի առաջին տարբերակէն ծանօթ եղած ըլլայինք բովանդակութեան, անգլերէն թարգմանութեան ալ ծանօթացանք՝ նորովի հետաքրքրութեամբ եւ վերարծարծուած ուշադրութեամբ ու հպարտութեամբ։ Արդարեւ, Արսէն Եարման ո՛չ միայն ուսումնասիրութիւնները կը կատարէ վարպետօրէն, այլեւ կը պայմանաւորէ այդ արդիւնքը զանազան լսարաններ մատուցելու, ընկալելի դարձնելու ռազմավարութիւնը։
«Jewelry and Armenian goldsmiths under the Ottomans» գիրքին մէջ կը տողանցեն մօտաւորապէս երկու հազար հայ ոսկերիչներ՝ ներառեալ իրենց կնիքներն ու ստորագրութիւնները։ Այդ անունները 1700-ական թուականներէն սկսեալ կը հասնին մինչեւ արդի ժամանակաշրջան՝ զուգակցութեամբ աւելի քան 750 արխիւային փաստաթուղթի, որ արհեստաւորութեան պատմական ոդիսականին վրայ լոյս կը սփռէ։ 1200 լուսանկարէ, գծանկարէ եւ պաստառէ բաղկացեալ պատկերազդ հաւաքածոյ մը ի յայտ կու գայ գիրքին մէջ՝ ներառեալ երեք հարիւր գոհարեղէնի մանրամասն նկարագծումը։
Անոնք, որոնք կը թղթատեն այս գիրքը, հնարաւորութիւն կ՚ունենան ներթափանցելու, թէ թանկարժէք քարերը ուրկէ՞ կու գային, ինչպէ՞ս կը մշակուէին, գոհարեղէնները որո՞նց կողմէ կը ծրագրաւորուէին, ինչպէ՞ս կ՚արտադրուէին եւ ի լրումն այս բոլորին՝ պալատէն ներս կամ դուրս զանոնք ովքե՞ր կը կրէին։ Խօսքը կը վերաբերի այնպիսի ժամանակաշրջաններու, երբ գոհարեղէնները կը ծրագրաւորուէին գծանկարներու միջոցաւ, մեքենաներու կամ սարքաւորումներու փոխարէն մարդուժն ու անհատի վարպետութիւնը խնդրոյ առարկայ էր ու նոյնիսկ թթուածինի փոխարէն կ՚օգտագործուէր մարդկային շունչը։
Դարերու հոլովոյթին մէջ հայ ոսկերիչները այդ ոլորտը զարգացուցած էին իրենց անկրկնելի վարպետութեամբ եւ նուրբ ծրագրաւորումով։ Արսէն Եարմանի գիրքը կը հպի անոնց անհատական պատմութիւններուն, որոնք զուգորդուած են Օսմանեան պալատի հետ զանազան յուշերով։
Բնականաբար, հարուստ ու ճոխ տեսողական առարկաներով լեցուն այս գործը, միեւնոյն ժամանակ, մեծ արժէք կը ներկայացնէ Օսմանեան շրջանի գոհարեղէնի պատմութեան տեսակէտէ։ 16-20-րդ դարերու առանցքով ուսումնասիրուած նիւթը Օսմանեան շրջանի հայ ոսկերիչներու յաջողութիւններն ու նուաճումները կը փոխանցէ մեր օրերուն եւ մասնագիտական հետաքրքրութիւն կը յառաջացնէ նաեւ՝ աշխարհի հայ ոսկերիչներու գործունէութիւնը ուսումնասիրելու ճանապարհին։
Արսէն Եարման մեզի յայտնեց, որ կը գիտակցի, թէ այդպիսի ուսումնասիրութիւն մը շատ աւելի մեծ վաստակ ու ջանք կ՚ենթադրէ։ Յամենայնդէպս, ան այդպիսի ճանապարհորդութեան մը համարձակութիւնը կը զգայ՝ բաւարար կեանք ունենալու լաւատեսութեամբ։ Մեր կողմէ աւելցնենք, որ այդ լաւատեսութիւնը մարդկային պարզ մղում մը չէ։ Արդարեւ, Արսէն Եարման այս ուսումնասիրութիւններով այնպիսի ճանապարհ մը բացած է, որ ապագային վստահաբար ունենայ զանազան գիտաճիւղերէ նոր հետեւորդներ, որոնք յարափոփոխ ժամանակներու մտայնութեան համապատասխան կրնան բիւրեղացնել իր պատգամն ու յարատեւութիւնը ապահովել առաքելութեան։
Միւս կողմէ, Արսէն Եարման թարգմանեալ հատորները նուիրած է նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանին, որ բարձր գնահատանք արտայայտած է իրեն նկատմամբ։
Հարկ է նշել, որ սոյն հատորներուն մասին կարելի է զանազան երեսակներով աւելի մանրամասն տեղեկութիւններ քաղել www.armeniangoldsmiths.com համացանցային կայքէջէն։