Հայաստանի Հմայքը՝ Vogue Ամսագրին Մէջ
Նորաձեւութեան եւ ոճի բնագաւառի հեղինակաւոր հանդէսներէն մէկուն՝ Vogue-ի ռուսական տարբերակի խմբագրութիւնը Victoria’s Secret ընկերութեան «հրեշտակ» Սթելլա Մաքսուէլի հետ արշաւ կազմակերպած է Հայաստանի մէջ:
Vogue Russia-ի խումբը ե-րեք օրուան ընթացքին հազարաւոր լուսանկարներ նկարած է:
Խմբագրութիւնը դիմած է ամերիկահայ լուսանկարիչ Տէյվիտ Մուշեղեանին՝ ազգային հագուստներով յատուկ նկարներու շարք իրականացնելու առաջարկով: Մուշեղեան խորհուրդ տուած է մեկնիլ Հայաստան ու այնտեղ լուսանկրաներու շարք ընել: Իսկ այս մէկը գլխաւոր հերոսուհին Սթելլա Մաքսուէլն է, որ աշխարհի լաւագոյն բնորդուհիներէն մէկն է:
Կը նշուի, որ ազգային ոճով լուսանկարներու շարքը իրականացած է Երեւանի Վերնիսաժի, Գառնիի եւ Կիւմրիի մէջ, ինչպէս նաեւ նկարչուհի Լուսիկ Ագուլեցիի տան մէջ:
Որպէս ժամանակակից Հայաստանի «հերոս»՝ ամսագիրը կը ներկայացնէ տուտուկի վարպետ Ճիւան Գասպարեանը, որ բոնրդուհիին հետ նկարահանուած է լուսանը-կարներու շարքին մէջ:
Յօդուածի աւարտին կը նշուի, որ օդակայանի ճանապարհին Մաքսուէլ խնդրած է կանգնիլ, ու փունջ մը հայկական դաշտային կակաչներ քաղած է ու տարած է հետը: Ան նշած է, որ կարմիր գոյնը Հայաստանի մէջ կանացիութեան խորհրդանիշ է: