ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ «ՄԵՐ ՀԱՅԵՐ»ՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «Մեր հայեր» խմբաւորման ներկայացուցիչները։ Հարկ է նշել, որ միութեան մը ձեւաչափին մէջ՝ այս խմբաւորումը թրքահայ իրականութենէ ներս հետամուտ է ընկերային զօրակցութիւնը ամրապնդելու։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Պատրիարքարանի ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի ատենապետ Հերման Գավաֆեան։
Միութեան ներկայացուցիչները զրոյցի ընթացքին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր տեղեկութիւններ տուին իրենց ծաւալած աշխատանքին եւ մշակած ծրագիրներուն շուրջ։ Կարծիքի փոխանակումներուն ընթացքին Նորին Ամենապատուութիւնը եւ հիւրերը համամիտ գտնուեցան, թէ ընկերային օժանդակութիւններու խնդիրը հետզհետէ աւելի առաջնահերթ եւ հրատապ օրակարգ կը դառնայ համայնքէն ներս։
Հուսկ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը գնահատեց այս խումբին կողմէ ծաւալուած աշխատանքը՝ իրեն ներկայացուած տեղեկութիւններու լոյսին տակ։ Ան յաջողութեան մաղթանքներ յղեց՝ շեշտելով, որ զօրակցութեան ոգին նման դժուարին իրավիճակներու դիմադրելու տեսակէտէ անհրաժեշտ նախապայման մը կը համարուի համայնքէն ներս։