ՄԵՆՔ ԹԱՂԵԼ ԳԻՏԵՆՔ

Հաւատացէ՛ք, որ այս աշխարհի վրայ կարելի չէ՛ գտնել ուրիշ ազգ մը՝ որ յաջողի այնքան լաւ թաղել՝ ինչքան մեր ազգը: Թաղելը մեզի համար ի վերուստ տրուած շնորհք մըն է, Աստուածային պարգեւ մը պարզապէս: Ճիշդ է, որ մեր ազգը իր արուեստգէտները, մտաւորականներն ու մշակները յարգել եւ լաւապէս ապրեցնել չի գիտեր, սակայն, կրնաք վստահ ըլլալ, որ լաւապէս թաղել գիտէ:

Գուցէ շատերու համար այս արտայայտութիւնն ու գաղափարը անհասկնալի ըլլայ, սակայն, մի քանի փաստերով այդ մէկը հասկնալի դարձնելը այնքան ալ դժուար բան մը չէ: Վստահաբար բոլորս ալ լսած ենք, թէ մեր մեծագոյն գրողներէն Երուանդ Օտեան ինչպիսի դժուարութիւններու եւ նեղութիւններու մէջ ապրած է. իր կեանքը հայ մամուլին, հայ գրականութեան եւ երգիծանքին նուիրած տաղանդը ունեցած է նիւթական դժուարութիւններ, որովհետեւ մեր ազգը իր մեր մեծերուն արժէքը գիտնալով հանդերձ՝ զանոնք գնահատել չէ գիտցած… սակայն, գիտցա՛ծ է լաւապէս թաղել։ Գահիրէի մէջ լոյս տեսնող «Արեւ» օրաթերթը իր 5 հոկտեմբեր 1926-ի թիւին (ԺԲ. տարի, թիւ 2320) առաջին էջին վրայ կը գրէր հետեւեալ հաղորդագրութիւնը. «Երէկ, կէսօրէ վերջ ժամը 3.30-ին, տեղւոյս Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ մեր ողբացեալ աշխատակցին՝ Երուանդ Օտեանի յուղարկաւորութիւնը, շքեղ հանդիսաւորութեամբ մը՝ որ արժանի էր մեծանուն գրագէտին, եւ յոյժ պատուաբեր տեղւոյս համայնքին, որ փութացած էր իր յարգանքի եւ երախտագիտութեան պարտքը հատուցանել գրչի բազմավաստակ աշխատաւորին դագաղին առջեւ»: 

Այս փառաւոր թաղումը հետեւեալ տողերով կը նկարագրէ մամուլը. «Եկեղեցին լեցուն էր խուռն բազմութեամբ մը եւ շքեղօրէն լուսազարդուած: Ամբողջ գաղութը կարելի է ըսել ներկայ էր հոն. ամէն հոսանքէ եւ յարանուանութենէ մարդիկ եւ պաշտօնական մարմիններու եւ կրթական հաստատութեանց ներկայացուցիչներ…: Թաղման հանդէսը տեղի ունեցաւ մեծ վայելուչ տխուր շքեղութեամբ»:

Տխուր շքեղութեամբ կատարուած յուղարկաւորութիւնը ո՞րն է՝ չեմ գիտեր, սակայն, լաւապէս գիտեմ, որ Երուանդ Օտեան իր կեանքի վերջին օրերը կը հարցնէր, թէ ո՞ւր է իր յոյսը՝ Հաճնլեանը, որ իր հիւանդանոցի ծախսերը յանձն առած էր հոգալ… կը հարցնէր, որովհետեւ լաւապէս գիտեր, թէ առանց անոր շատ աւելի դժուար կացութեան պիտի մատնուէր: 

Անշուշտ, Երուանդ Օտեան պարզապէս մէկ օրինակն է բազմաթիւ միւս մտաւորականներուն։ Նմանօրինակ վիճակի մէջ ինքզինք կը գտնէր սփիւռքահայ մեծագոյն մտաւորականներէն Շահան Շահնուր, երբ Փարիզի մէջ հիւանդանոց կը գտնուէր, Գահիրէի եւ սփիւռքի այլ երկիրներու մէջ մտաւորական եղբայրներ զանազան ձեւերով դրամահաւաք կը կազմակերպէին, որպէսզի յաջողին Շահնուրի նիւթական բեռը թեթեւցնել։ 

Այս նիւթերու շուրջ խօսած ժամանակ ակամայ կը յիշեմ Լեռ Կամսարը, որ 70-ը անց տարիքին Գրողներու միութենէն դրամ կը խնդրէր՝ անօթի չմեռնելու համար: Գուցէ այդ ամօթալի նամակը մինչեւ օրս պահուած է Գրողներու միութեան արխիւներուն մէջ։ Լեռ Կամսարի նամակը մեծագոյն ամօթն է մեր ազգին. նամակ՝ որ Լեռ Կամսար վստահաբար գրած է իր ծայրայեղ անօգնական վիճակին մէջ. 

««Յարգելի ընկերներ,

Քառասունհինգ տարուայ ստաժով հայ գրող եմ ես. որից քսան տարին՝ ամենաբեղուն շրջանը իմ կեանքի, զոհ գնաց մի ցաւալի թիւրիմացութեան, որն ափսոսալու համար բառեր չեմ գտնում: 

Քսան տարի ետ եմ մնացել: Ու այժմ, երբ կորուստը դարմանելու համար կամենում եմ քայլերս արագացնել՝ տեսնում եմ, որ ոտներիս մէջ ուժ չկայ: Ուժ չկայ ոչ նրա համար որ 70-ի մօտ հիւանդ մարդ եմ, այլ ուժ չկայ որովհետեւ… քաղցած եմ»: 

Լեռ Կամսար կ՚աւելցնէ. «Քաղցածութիւն»ը անսովոր տերմին մը չէ եւ շատ գրողներ են քաղցած մեռել…»

Այս նամակէն ետք զաւեշտալի չէ՞ գիտնալ, որ այսօր Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունի Լեռ Կամսար անունով փողոց՝ որ շատ մը հայրենակիցներու համար կը շարունակէ մնալ անծանօթ: Հաւատացէ՛ք, որ սփիւռքի մէջ նման մտաւորականներ շա՜տ շատ էին. վկայ անոնք, որոնք ամբողջ կեանք մը ազգին ու լեզուին ծառայելով ծերանոցի մութ անկիւններու մէջ իրենց հոգին աւանդեցին: Ու այս բոլորը անցեալին չի պատկանիր. մինչեւ օրս կան բազմաթի՜ւ մշակներ, որոնք ամբողջ կեանք մը նուիրած են հայ մամուլին, գրականութեան, թատրոնին, արուեստին ու այսօր թշուառ վիճակի մէջ կը սպասեն՝ որպէսզի օրը գայ եւ շքե՜ղ յուղարկաւորութիւն մը կազմակերպենք: Մտաւորականին մահուան ձեր ղրկելիք ծաղկեպսակներուն դրամները կենդանութեան տուէ՛ք իր գիրքերը գնելով, իր աշխատանքը գնահատելով, որպէսզի անոր կեանքը գէթ քիչ չափով նման ըլլայ յուղարկաւորութեան՝ որ փառաւոր ձեւով պիտի կատարէք: 

Երանի մեր թաղածին պէս ապրեցնե՛լ գիտնայինք:

 

ՀԱՐՑ՝ ԱՐՀԵՍՏԱԿԱՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ

Հարցում. Ինչո՞ւ արուեստագէտները յետ մահու արժէք կը ստանան:

Պատասխան. Արուեստագէտները յետ մահու արժէք կը ստանան, որովհետեւ մահը վերջ կու տայ իրենց ստեղծագործութեան եւ անոր գործերը վերջ կը գտնեն վերարտադրուելու եւ կամ փոփոխութեան ենթարկուելու կարողութենէն եւ կը դառնան եզակի արժէք: Բացի այդ, հասարակութիւնը միայն յետ մահու կը գիտակցի արուեստագէտի նորարար ոճին, խոր մտածումներուն եւ անոր նշանակութեան: Այսպիսով իր ստեղծագործութիւնները կը դառնան ժամանակաշրջանի վկան, ինչ որ կը բարձրացնէ անոր ստեղծագործութիւններուն արժէքը:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երեւան

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 12, 2025