«ՖՈՒՆԿ ՎՈՆԿ» ՓՈԹՈՐԻԿԸ

Թայուանի մէջ «Ֆունկ Վոնկ» արեւադարձային փոթորիկէն յետոյ կը շարունակուին փրկարարական եւ վերականգնողական աշխատանքները։ Փոթորիկը հարուածած է կղզին չորեքշաբթի երեկոյեան՝ յառաջացնելով ուժեղ ջրհեղեղներ եւ սողանքներ, որոնց հետեւանքով վիրաւորուած է շուրջ 95 հոգի։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ աւելի քան 8500 բնակիչ տարհանուած է ափամերձ եւ լեռնային շրջաններէ՝ հաւանական տեղումներու պատճառաւ։ Աղէտի էփիկեդրոնին յայտնուած է Թայուանի հիւսիսի Իլան շրջանը, ուր մրցանիշային տեղումներ եղած են։ Փոխադրութիւնը ենթարկուած է լուրջ խափանումներու։ Մի քանի հազար տնային տնտեսութիւններ մնացած են առանց ելեկտրականութեան։ Ջրհեղեղներու հետեւանքները վերացնելու աշխատանքներու ընթացքին ներգրաւուած է մեծաքանակ թեքնոլոժի։ Թայուանի մէջ յորդառատ անձրեւները յաճախակի ջրհեղեղներ կը յառաջացնեն, երբեմն ջուրի մակարդակը շատ բարձր կ՚ըլլայ։ Աւելի վաղ «Ֆունկ Վոնկ» գերփոթորիկը հարուածած էր Փիլիպեանները՝ յառաջացնելով աղէտալի ջրհեղեղներ։ 27 հոգի մահացած էր, իսկ աւելի քան մէկ միլիոն բնակիչներ ստիպուած լքած էին իրենց տուները։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 14, 2025