«ԱՍՏՈՒԱԾ ՍԷ՛Ր Է»
Աստուած՝ բնութեամբ սէր եւ ճշմարտութի՛ւն է։
Ան ճշմարտութիւն է, քանի որ Ան լո՛յս է եւ Անոր մէջ չկա՛յ երբեք խաւար (Ա. ՅՈՎՀ. Ա 5) եւ Աստուած սէ՛ր է (Ա. ՅՈՎՀ. Դ 8), որովհետեւ Ան Ինքզինք յայտնեց «շնորհքով ու հաւատարմութեամբ» (ԵԼՔ. ԼԴ 6)։
Շնորհ եւ հաւատարմութիւն՝ այս երկու եզրերը կ՚արտայայտեն խտացուած ձեւով աստուածային անունին ճոխութիւնները։ Աստուած իր բոլոր գործերուն մէջ ցոյց կու տայ իր բարեհաճութիւնը, իր բարութիւնը, իր շնորհքը, իր սէրը. բայց նաեւ՝ իր վստահութիւնն ու վստահելիութիւնը, իր հաստատամտութիւնը, իր հաւատարմութիւնը, իր ճշմարտութիւնը։ Արդարեւ «ճշմարտութիւնը սկիզբն է Իր խօսքին, եւ յաւիտենական են Իր արդար դատաստանները», ինչպէս կ՚ըսէ Սաղմոսերգուն (ՍԱՂՄ. ՃԺԸ 160)։ Սէր եւ ճշմարտութիւն համընթաց են եւ կ՚ամբողջացնեն զիրար։
Ուստի Աստուծոյ էութիւնն ու բնութիւնը ինքնին «սէ՛ր» է։ Ժամանակներու լրումին՝ Աստուած առաքելով իր Միածին Որդին եւ Սիրոյ Հոգին, կը յայտնէ Իր ամենասերտ գաղտնիքը. խորհուրդը. Ինք յաւիտենապէս սիրոյ փոխանակումն է՝ Հօր, Որդիի եւ Սուրբ Հոգիի, եւ մա՛րդն ալ բաժնեկից ու մասնակից ըրաւ այս աստուածային սիրոյ։
Ուրեմն Աստուծոյ իսկական էութիւնը՝ ճշմարտութիւն է եւ սէ՛ր։ Արդարեւ Երրորդութիւնը հաւատքին մէկ խորհուրդն է բառին սեղմ իմաստով։
Աստուած իր երրորդութենական էութենէն հետքեր թողած էր իր արարչագործութեան եւ նաեւ՝ իր Յայտնութեան մէջ՝ Հին Կտակարանին ամբողջ ընթացքին։ Աստուած Սէ՛ր է ամբողջութեամբ՝ Հայր, Որդի եւ Սուրբ Հոգի։ Ան կ՚ուզէ ազատակամօրէ՛ն հաղորդել իր երանաւէտ կեանքին փառքը։ Եւ ահաւասիկ, ա՛յս է «հաճութեան ծրագիրը» (ԵՓԵՍ. Ա 9), զոր Ան յղացաւ արարչագործութենէն առաջ իր սիրելի Որդիին մէջ. «կանխաւ նախասահմանելով մեզ որդեգրութեան Անոր մէջ» (ԵՓԵՍ. Ա 5), այսինքն «ըլլալու կերպարանակից Իր Որդիին պատկերին» (ՀՌՈՄ. Ը 29) շնորհիւ «որդեգրութեան» Հոգիին (ՀՌՈՄ. Ը 15)։
Այս «ծրագիր»ը շնորհք մըն է «տրուած բոլոր ժամանակներէ առաջ» (Բ. ՏԻՄ. Ա 9)։ Ան անմիջնորդ կը բխի Երրորդութեան սէրէն։ Ան կը ծաւալի, կը տարածուի ամբողջ արարչագործութեան վրայ, իսկ «անկում»էն ետք՝ փրկութեան ամբողջ պատմութեան վրայ Որդիին եւ Հոգիին առաքելութիւններուն մէջ՝ զորս կը շարունակէ Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը։
Ամբողջ աստուածային տնտեսութիւնը աստուածային Երեք Անձերուն հասարակաց գո՛րծն է։
Սուրբ Հոգին Մարիամի մէջ կ՚իրականացնէ Հօր բարեհաճ ծրագիրը։ Սուրբ Հոգիին ներգործութեամբ՝ Կոյսը կը յղանայ եւ կը ծնանի Աստուծոյ Որդին։
Արդարեւ անոր կուսութիւնը կը դառնայ միայատուկ՝ եզական բեղմնաւորութիւն՝ Հոգիին եւ հաւատաքին զօրութեամբ։ Եւ Մարիամի մէջ Սուրբ Հոգին երեւան կը բերէ Կոյսին Որդի դարձած Հօր Որդին։ Ուստի եւ Սէրը առաջին պարգեւն է՝ որ կը բովանդակէ միւս բոլոր պարգեւները։ Այս սէրը «Աստուած սփռեց մեր հոգիներուն մէջ՝ Հոգիով, որ տրուեցաւ մեզի» (ՀՌՈՄ. Ե 5)։ Քանի որ մարդ մեռած կամ գէթ վիրաւորուած է մեղքէն՝ Սիրոյ պարգեւը եւ անոր առաջին արդիւնքը անոր մեղքերուն թողութիւնը կը հանդիսանայ։ Սուրբ Հոգիին հաղորդութիւնը մեղքով կորսուած աստուածային նմանութիւնը մկրտեալներուն վե-րըստին կու տայ՝ Եկեղեցւոյ մէջ։ Ապա Հոգին կու տայ մարդուն իր ժառանգութեան գրաւականը կամ երախայրիքը՝ այսինքն «Սուրբ Երրորդութեան Կեանք»ը՝ որ «Սիրելի է՝ ի՛նչպէս Ինք սիրեց մեզ»։ Այս «Սէր»ը նախասկիզբն է Քրիստոսով այն նոր կեանքին՝ որ այլեւս հնարաւոր դարձած է, քանի որ մենք «ընդունած ենք ո՛ւժ մը՝ որ Սուրբ Հոգիին է» (ԳՈՐԾՔ. Ա 8)։
Յիսուս Քրիստոսի առաքելական հրահանգին վերջնագոյն ակնաղբիւրը Ամենասուրբ Երրորդութեան երկրի վրայ իր ուզած յաւիտենական սէ՛րն է։ Իր բնոյթով, Եկեղեցին երկրի վրայ իր ուխտագնացութեան ընթացքին առաքելագործ է, քանի որ ինք եւս իր ծագումը կ՚առնէ Որդիին եւ Սուրբ Հոգիին առաքելութենէն, ըստ Հօր Աստուծոյ ծրագրին։ Եւ առաքելագործութեան վերջին նպատակին իմաստը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ մարդիկը մասնակից ընել հաղորդութեան, որ գոյութիւն ունի Հօր եւ Որդիին միջեւ՝ Իրենց սիրոյ Հոգիին մէջ։ Աստուծոյ բոլոր մարդոց հանդէպ ունեցած սէրէն է, որ Եկեղեցին ամէն ատեն իր առաքելագործ սլացքին պարտաւորութիւնը եւ ուժը քաղած է։ «Քանի որ Քրիստոսի սէրը կը ստիպէ՛ մեզ…» (Բ. ԿՈՐՆ. Ե 14)։ Արդարեւ, «Աստուած կ՚ուզէ, որ բոլոր մարդիկը փրկուին եւ հասնին ճշմարտութեան գիտութեան» (Ա ՏԻՄ. Բ 4)։ Աստուած բոլորին փրկութիւնը կ՚ուզէ ճշմարտութեան ճանաչումով։
Այս կը նշանակէ՝ թէ փրկութիւնը կը գտնուի ճշմարտութեան մէջ։ Եւ Աստուած կ՚ուզէ մարդուն փրկութիւնը, քանի որ Աստուած սէ՛ր է եւ կը սիրէ մարդը։
Եւ անոնք, որ ճշմարտութեան Հոգիին մղումին կը հնազանդին, արդէն իսկ փրկութեան ճանապարհին վրա՛յ են։ Բայց Եկեղեցին՝ որուն յանձնուած է ճշմարտութիւնը, պարտի ընդառաջել անոնց բաղձանքին՝ ճշմարտութիւնը անոնց ընծայելու համար։
Փրկութեան ընդհանուր ծրագրին իրագործման համար Եկեղեցին «առաքելագործ» ըլլալու է…։
Սուրբ Յովհաննէս Խաչեան կ՚ըսէ, թէ՝ «մեր կեանքին իրիկնամուտին՝ մենք պիտի դատուինք ըստ սիրոյն»։
Ամենասուրբ Երրորդութեան հետ կատարեալ կեանքը եւ սիրոյ հաղորդութիւնը կոչուած է «երկինք»։
Արդարեւ «երկինք»ը մարդուս վերջնագոյն նպատակն է, ամենախորունկ տենչանքներուն իրականացումը եւ իրագործումն է՝ գերադաս եւ վերջնորոշ երանութեան վիճակն է։ «Ապրիլ երկինքի մէջ»՝ կը նշանակէ «Քրիստոսի հետ ըլլա՛լ»։ Ընտրեալները անոր մէջ կ՚ապրին, հոն պահպանելով, աւելի ճիշդ՝ հոն գտնելով իրենց իսկական ինքնութիւնը, իրենց յատուկ անունը. «Գիտցէ՛ք սակայն, աշխարհն ալ կ՚անցնի, աշխարհային ցանկութիւններն ալ. բայց Աստուծոյ կամքը կատարողը. ինք՝ յաւիտեան կը մնայ» (Ա. ՅՈՎՀՆ. Բ 17), եւ «Ան որ ականջ ունի՝ թո՛ղ լսէ թէ Հոգին ի՛նչ կ՚ըսէ եկեղեցիներուն.- Ով որ յաղթանակէ՝ անոր ճաշակել պիտի տամ պահուած մանանայէն, ինչպէս նաեւ պիտի տամ մաքուր գիրքը՝ ուր գրուած է նոր անուն մը, որ բացի ստացողէն՝ ո՛չ ոք գիտէ» (ՅԱՅՏ. Բ 17)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոկտեմբեր 18, 2015, Իսթանպուլ