ՀԷՅՊԷԼԻ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻ ՎԵՐՋԻՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՖԻԼՄ ՄԸ ԵՒ ԳԻՐՔ ՄԸ
Երէկ, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ յատկանշական ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Էսաեան սանուց միութեան հաւաքատեղիին մէջ։ Այսպէս, Հէյպէլի կղզիի յունաց վանքի վերջին շրջանաւարտներուն ձօնուած՝ «Յոյսի բլուր» ժապաւէնի ներկայացումը եւ համապատասխան գիրքի ծանօթացումը համախմբեց կոկիկ թիւով հետաքրքիրներ։ Հարկ է նշել, որ թէ՛ ֆիլմը եւ թէ գիրքը հեղինակուած է յայտնի արուեստագէտ Ալպերթօ Մոտիանոյի կողմէ։
Այս ձեռնարկը իսկապէս յատկանշական էր, որովհետեւ հայկական միութեան մը երդիքին տակ ներկայացուեցաւ յունաց վանքի վերաբերեալ՝ հրեայ արուեստագէտի մը կողմէ պատրաստուած գործը։
Հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին ներկայացուցիչներն ու Էսաեան սանուց միութեան վարիչները, որոնք ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրասիրեցին բոլոր ներկաները։